Յամառ դիմադրութիւն արդարութեան դէմ


24Դեկտեմբեր Երեքշաբթի օր Իսթանպուլի 30-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ կայացաւ «Կէզի» զբօսայգիին դատավարութեան հերթական նիստը։ 16 մեղադրեալներէն միայն մէկը՝ Անատոլու Քիւլթիւր ընկերութեան վարչութեան նախագահ Օսման Քաւալա 785 օրերէ ի վեր բանտարկուած է Սիլիվրիի արգելանոցին մէջ։

10 Դեկտեմբերին ԵՄԻԱ քննելով Քաւալայի թղթածրարը պահանջած էր, որ ան իսկոյն անպարտ հռչակուի եւ ազատ արձակուի։ Հակառակ, որ դատարանը պարտաւոր է ԵՄԻԱ-ի վճիռներուն հնազանդելու, դատակազմը այս մասին որոշում կայացնելու համար դիմում կատարեց Արդարադատութեան Նախարարութեան։

Այս դիմումով անգամ մը եւս կասկածելի դարձաւ Թուրքիոյ դատական համակարգի անկախութիւնը։ Քաւալայի իրաւապաշտպանները այս մասին ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցին դատակազմի հասցէին, սակայն իրողութիւնը մնաց անփոփոխ եւ Քաւալա կամայական որոշումներով կը շարունակէ մնալ ճաղերու ետին։

Դատավարութեան յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 28 Յունուար 2020-ին։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ