Տարեվերջի տերեւաթափ

Երբ կը պատրաստուինք օրացոյցի այլեւս յոգնաբեկ 2019 տարեթիւը անցեալին մէջ թողելու, ան իր հետ խլեց տարաւ պոլսահայ կրթական կեանքի շատ արժէքաւոր գործիչներէն մէկը եւս։ 23 Դեկտեմբեր երկուշաբթի մեծ անակնկալ մը եղաւ լսել բազմամեայ կրթական մշակ Փասքալ Թէօրէնլիի մահուան բօթը։ Հայոց լեզուի ուսուցման համար ամբողջ կեանքի ընթացքին մեծ կորովով գործած այս արժէքաւոր մշակը կնքեց իր մահկանացուն յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Փասքալ Թէօրէնլիի յիշատակը յարգելով հրաժեշտ կու տանք իր երբեմնի աշակերտներէն թերթիս խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի տողերով։

«Ես վարդապետ չեմ»

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

 

Մխիթարեանի նա­­խակրթա­­րանի բա­­­ժի­նը հա­­­­զիւ աւար­­­­տած եւ ան­­­­ցած ենք միջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կար­­­­գի առա­­­­ջին դա­­­­սարա­­­­նը։ Թէեւ դպրո­­­­ցը նոյն դպրոցն է, բայց այս ան­­­­գամ դա­­­­սարա­­­­նի փո­­­­փոխու­­­­թեան հետ միասին կ՚ապ­­­­րինք աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճանա­­­­կար­­­­գի փո­­­­փոխու­­­­թիւն ալ։ Մինչ այդ մեր բո­­­­լոր ու­­­­սուցիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կի­­­­ներ էին։ Բա­­­­ցառու­­­­թիւն էին վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որոնք կը դա­­­­սաւան­­­­դէին հա­­­­յերէն եւ կրօնք։ Յի­­­­շեց­­­­նեմ թէ մեր վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րանը կը պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նէր Մխի­­­­թարեան միաբանու­­­­թեան եւ աշա­­­­կեր­­­­տութեան մե­­­­ծամաս­­­­նութիւ­­­­նը առա­­­­քելա­­­­կան ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով հան­­­­դերձ դպրո­­­­ցին մէջ կը տի­­­­րէր կա­­­­թողի­­­­կէ շունչ մը։ Մենք ալ որ­­­­պէս աշա­­­­կեր­­­­տութիւն սո­­­­վոր ենք այր անուն ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով միայն ու միայն վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը տես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու։ Հայր Գաբ­­­­րիէլ, Հայր Սար­­­­գիս, Հայր Յա­­­­կոբոս, Հայր Արիս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կէս։ Մեզ­­­­մէ իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւրը, երբ պի­­­­տի դի­­­­մէ ու­­­­սուցի­­­­չին մա­­­­տը բարձրաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով կը գո­­­­չէ վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետ եւ այս նոր դպրո­­­­ցի նոր ու­­­­սուցի­­­­չը պա­­­­րոն Փաս­­­­քալ Թէօրէն­­­­լի ամէն ան­­­­գամ բար­­­­կութեան շեշ­­­­տը քիչ մը աւե­­­­լի ընդգծո­­­­ւած կեր­­­­պով կ՚առար­­­­կէ՝ «Ես վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետ չեմ»։

Յայտնի է, որ ան մե­­­­զի նա­­­­խոր­­­­դող աշա­­­­կետ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն ար­­­­դէն իսկ սո­­­­վոր է այս դիւ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­մացու­­­­թեան։ Մենք ալ շու­­­­տով կը հա­­­­մակեր­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­ինք այս նոր գի­­­­տելի­­­­քին եւ աւե­­­­լի յստակ կը գի­­­­տակ­­­­ցինք մեր ու­­­­սուցի­­­­չի անու­­­­նին՝ Պա­­­­րոն Փաս­­­­քալ։

Ճիշդ է որ խիստ ու­­­­սուցիչ մըն էր, բայց շու­­­­տով բո­­­­լորս հա­­­­մոզո­­­­ւած էինք հա­­­­յերէ­­­­նի հան­­­­դէպ իր բարձր գի­­­­տար­­­կութեան։ Թե­­­­րեւս շատ փայ­­­­լուն աշա­­­­կերտ չէի, բայց դա­­­­սարա­­­­նի մի­­­­ջինէն աւե­­­­լի բարձր կէ­­­­տի մը վրայ կը գտնո­­­­ւէի հա­­­­յերէ­­­­նի առու­­­­մով։ Բա­­­­ցի լե­­­­զուի կա­­­­նոն­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մա­­­­սին գի­­­­տելիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն, հայ գրա­­­­կանու­­­­թեան հսկա­­­­ներն ալ ճանչցանք իր մի­­­­ջոցաւ։ Պետ­­­­րոս Դու­­­­րեանի կամ Դա­­­­նիէլ Վա­­­­րու­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նի գրա­­­­կանու­­­­թեան առանձնա­­­­յատ­­­­կութիւննե­­­­րը առա­­­­ջին ան­­­­գամ իր­­­­մէ է, որ լսե­­­­ցինք։ Տա­­­­րիներ անց, երբ Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայի մէջ հրա­­­­տարա­­­­կուող «Սոլ­­­­ֆա­­­­­­­­­­­­­­­սոլ» թեր­­­­թի էջե­­­­րուն ծա­­­­նօթա­­­­ցայ իր կեն­­­­սագրու­­­­թեան, պա­­­­րոն Փաս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­լը ալ աւե­­­­լի կա­­­­րեւոր կեր­­­­պար մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով ձե­­­­ւաւո­­­­րուե­­­­ցաւ մտքիս մէջ։ «Պա­­­­րոն Փաս­­­­քալ 1951-1952 տա­­­­րեթի­­­­ւերուն երբ նա­­­­խակրթա­­­­րանի հին­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րորդ դա­­­­սարա­­­­նի սան էր Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայէն տե­­­­ղափո­­­­խուե­­­­ցաւ Իս­­­­թանպուլ։ Եւ ապա միշտ հոն բնա­­­­կե­­­­ցաւ։ Աւար­­­­տեց Իս­­­­թանպու­­­­լի Հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանի Հո­­­­գեբա­­­­նու­­­­թեան բա­­­­ժինը եւ սկսաւ ար­­­­դէն գի­­­­շերօ­­­­թիկ աշա­­­­կերտնե­­­­րու հսկի­­­­չու­­­­թեամբ սկսած ու­­­­սուցչու­­­­թեան աս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րէզին։ Կրնաք կար­­­­ծել թէ այս պայ­­­­մաննե­­­­րու տակ Փաս­­­­քալ Թէօրէն­­­­լիի կա­­­­պը խզո­­­­ւած է Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայի հետ։ Մայ­­­­րը ար­­­­դէն մա­­­­հացած էր, երբ ինք հա­­­­զիւ եր­­­­կու տա­­­­րեկան էր։ Այժմ երբ հայ­­­­րը, մօրեղ­­­­բայրը, մօ­­­­րաքոյ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ վա­­­­ղամե­­­­ռիկ քոյրն ալ հե­­­­ռացած են այս աշ­­­­խարհէն, այ­­­­լեւս կապ մը չէր ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նար Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայի հետ։ Բայց այդպէս չէր։ Ան իր ծննդա­­­­վայր քա­­­­ղաքի հետ կա­­­­պը միշտ վառ պա­­­­հեց եւ յա­­­­ճախ այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լեց իր եր­­­­բեմնի բա­­­­րեկամ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն»։ Էմի­­­­նէ Օնա­­­­րան տա­­­­կաւին տե­­­­ղեկու­­­­թիւններ կը փո­­­­խան­­­­ցէ Փաս­­­­քալ Թէօրէն­­­­լիի ման­­­­կութեան տա­­­­րինե­­­­րու Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայի մա­­­­սին։ Այդ պա­­­­տումնե­­­­րէն կը լսենք նաեւ Թէօրէն­­­­լիի Յա­­­­կոբ Տի­­­­լաչա­­­­րի հետ ծա­­­­նօթու­­­­թեան մա­­­­սին հե­­­­տաքրքրա­­­­կան ման­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւններ։

«Թուրքիոյ մէջ հա­­­­յու ինքնու­­­­թեամբ ապ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լու պատ­­­­ճառ դար­­­­ձած դժո­­­­ւարու­­­­թիւննե­­­­րը ապ­­­­րած, ասոր փո­­­­խարէն ալ ամ­­­­բողջ կեան­­­­քը ու­­­­սուցչու­­­­թեան աս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րէզին նո­­­­ւիրած հա­­­­յերէ­­­­նի մշակ մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով հրա­­­­ժեշտ կ՚առ­­­­նէ այս աշ­­­­խարհէն»։

Խաղաղ ննջէ պարոն Փասքալ եւ հողը թեթեր թող ըլլայ քու վրայ։

*

ՄԱՐՏԻՖ ՔՈՐՔՄԱԶ

Երկար տարիներ առաջ էր՝Անարատ Յղութիւն դպրոցը թրքերէն կը դասաւանդէի: Տղոց համարեայ բոլորն ալ վերջին տարիներուն գաւառէն գաղթած ընտանիքներու զաւակներ էին: Ոմանց ծնողքը քրտերէն կամ արաբերէնէ զատ լեզու չէին գիտեր: Շատ երջանիկ էի այդ աշակերտներուն հետ:

Տարեվերջի շրջանն էր' աւարտական դասարանի տղոց հարցուցի թէ երկրորդական բաժնի ուսման համար ո՞ր դպրոցը պիտի նախընտրեն: Զարմանալի կերպով ոչ մէկը նշեց մօտակայ, նոյն թաղի մէջ գտնուող Սահակեան վարժարանը: Զարմացած պատճառը հարցուցի, բոլորն ալ նոյն վախը խոստովանեցան: «Հոն Պարոն Փասքալը կայ, հերերնիս կ՚անիծէ» կ՚ըսէին տղաքը: Քիչ մըն ալ զիս տաճիկ տեսնելով, կ՚ըսէին թէ հայերէնի ոչ մէկ բանի պիտի ծառայէ:

Որոշեցի ծանօթանալ Պարոն Փասքալի հետ: Այցելեցի Սահակեան եւ պաշտօնակցիս յայտնեցի իմ ցանկութիւնը: Ընդառաջեց եւ իսկոյն իմաց տուաւ իրեն: Մօտ մէկ ժամ գլուխ գլխի զրուցեցինք իր հետ: Բարեկիրթ անձնաւորութիւն մը կար դիմացս: Շուտով նկատեցի թէ մայրենիի նկատմամբ սէր ու հաւատով քանի մը անգամ կը գերազանցեր զիս: Բառ առ բառ փոխանցեցի տղոց մտավախութիւնը: Բոլոր դիտարկութիւններուս տրամաբանական պատասխաններ տուաւ: Ի վերջոյ բերած օրինակով զիս բոլորովին զինաթափ ըրաւ:

«Եթէ հարցնէք, կը նկատէք թէ աշակերտները աւելի կը սոսկան թուաբանութենէ, քան հայերէնը: Բայց չեն կրնար պատկերացնէք ուսումը առանց թուաբանութեան: Գիտէր թուաբանութեան կարեւորութիւնը։ Դուք որպէս մայրենիին կարեւորութեան գիտակցող ուսուցիչ ինծի կ՚առաջարկէք թէ հայերէնը դասաւանդեմ զուարճալի ձեւով, ինչպէս օրինակ երաժշտութիւնը, մարմնամարզութիւնը կամ գծագրութիւնը։ Սա հակասակա՞ն չէ արդեօք»։ Աւելի վերջ բազմաթիւ անգամներ հանդիպեցանք իրարու, զրուցեցինք մեր հասարակական մտահոգութեան մայրենի լեզուներու կորուստի նիւթով։

Այսօր երբ կը լսեմ իր կորուստը կը սգամ ոչ միայն բարեկամի մը մահը, այլ մայրենի լեզուի պաշտպան զինուորի մը անդարձ վերացումը։

Հողը թեթեւ թող ըլլայ իր վրայ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ