Շնորհանդէս «Մալաթիոյ Հայերը» հատորին

Յետ եղեռ­­նեան հայ իրո­­ղու­­թեան մէջ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի կո­­րուստեալ հայ­­րե­­­նիքի վեր­­յիշման հա­­մար գրի առ­­նո­­­ւած ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը։ «Յու­­շա­­­մատեան» ընդհա­­նուր խո­­րագի­­րով ծա­­նօթ այդ հա­­տոր­­նե­­­րու մէջ ըն­­թերցո­­ղը կը գտնէ իր պա­­պենա­­կան երկրի պատ­­մա­­­կան, աշ­­խարհագ­­րա­­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին եւ ըն­­կե­­­րային կեան­­քի վե­­րաբե­­րեալ բազ­­մա­­­թիւ գի­­տելիք­­ներ։

Ար­­շակ Ալ­­պո­­­յաճեան, որ­­պէս բա­­նասէր ու­­սումնա­­սիրած է զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու հայ ան­­ցեալը։ Անոնց շար­­քէն «Մա­­լաթիոյ Հա­­յոց Պատ­­մութիւ­­նը» վեր­­ջերս լոյս տե­­սաւ «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­տենա­­շարէն։ Այս առ­­թիւ Մա­­լաթիոյ Հա­­յոց Հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան Միու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութեամբ նա­­խորդ ուրբաթ երե­­կոյ շնոր­­հանդէս մը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ Ֆեր­­գիւղի եկե­­ղեց­­ւոյ Նա­­զար Շի­­րինօղ­­լու սրա­­հին մէջ։

Շնոր­­հիւ միու­­թեան աշ­­խա­­­տան­­քին սրա­­հը ամ­­բողջո­­վին լե­­ցուն էր նախ­­կին մա­­լաթիացի­­ներով, որոնք փու­­թա­­­ցած էին իրենց իսկ միու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութեամբ կա­­յացած այս մի­­ջոցա­­ռու­­մին։ Ներ­­կայ էին նաեւ նո­­րըն­­տիր Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. եւ Արամ Արք. Աթէ­­շեան։ Միու­­թեան ատե­­նապետ Սար­­գիս Չիզ­­մե­­­ճի բա­­րի գալստեան ճառ մը ար­­տա­­­սանե­­լով շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թեան սա­­տարող­­նե­­­րուն։ Ապա բարձրա­­խօսը յանձնո­­ւեցաւ միու­­թեան հիմ­­նա­­­դիր ան­­դամնե­­րէն Յա­­րութ Քու­­րումլո­­ւի, որ հա­­կիրճ կեր­­պով պատ­­մեց թէ առա­­ջին ան­­գամ ինչպէս տե­­ղեակ եղած ու լսած է Ալ­­պո­­­յաճեանի գիր­­քը եւ ապա ուխտած է թարգմա­­նու­­թիւնը ապա­­հովել եւ մա­­տու­­ցել մա­­լաթիացի նոր սե­­րունդին եւ հա­­մայն գրա­­սէր­­նե­­­րու ու­­շադրու­­թեան։

Գրքի թարգմա­­նիչ Սիլ­­վա Մալ­­հաս եւս ու­­նէր իր շնոր­­հա­­­կալու­­թեան խօս­­քը, այս ան­­գամ ուղղո­­ւած «Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րու նախ­­կին խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանին։ «Ինք էր որ վստա­­հեցաւ իմ հա­­յերէ­­նի իմա­­ցու­­թեան եւ խրա­­խու­­սեց, որ ստանձնեմ թարգմա­­նու­­թեան ծանր աշ­­խա­­­տու­­թիւններ։ Ալ­­պո­­­յաճեանի բնա­­գիրը կը կազ­­մեր աւե­­լի քան 1500 էջեր, զոր թարգմա­­նած եմ ամ­­բողջու­­թեամբ։ Իսկ այ­­սօր մեր ձեռ­­քին ու­­նինք այդ հսկայ ծա­­ւալի մէկ եր­­րորդը գե­­րազան­­ցող տար­­բե­­­րակը» ըսաւ Սիլ­­վա Մալ­­հաս։

Տո­­ւեալ կրճա­­տու­­մի տե­­ղի տո­­ւող պատ­­ճառնե­­րու մա­­սին ալ խօ­­սեցաւ «Արաս»ի գլխա­­ւոր խմբա­­գիր Ռո­­պէր Քոփ­­թաշ։ Քոփ­­թաշ յայտնեց թէ այս բնոյ­­թի գիր­­քե­­­րուն մէջ ան­­խուսա­­փելի են կրկնու­­թիւննե­­րը, որոնք ի վեր­­ջոյ պի­­տի դժո­­ւարաց­­նեն գիր­­քի ըն­­թերցու­­մը։ «Հա­­մոզո­­ւած ենք, որ հա­­մառօ­­տուած տար­­բե­­­րակը մեծ կո­­րուստ մը չէ ու­­նե­­­ցած գիր­­քի ամ­­բողջա­­կան պատ­­ճէ­­­նէն եւ ընդհա­­կառա­­կը ապա­­հոված է աւե­­լի մատ­­չե­­­լի ըն­­թերցում» ըսաւ Քոփ­­թաշ։

Մի­­ջոցառ­­ման մաս­­նակցած էր նաեւ Մա­­լաթիոյ հա­­յոց շրջա­­նակի հա­­մար սի­­րելի դէմք մը ըլ­­լա­­­լով ծա­­նօթ գրող Ճե­­մալ Իւ­­նալտը, որ իր հեր­­թին խօ­­սեցաւ Մա­­լաթիոյ գրա­­կան աս­­պա­­­րէզին տո­­ւած ար­­ժէքնե­­րուն մա­­սին։ Թո­­ւեց բազ­­մա­­­թիւ հե­­ղինակ­­նե­­­րու անուններ, որոնք ծնած ըլ­­լա­­­լով Մա­­լաթիա ապա­­գային դար­­ձած էին համ­­բա­­­ւաւոր գրիչ­­ներ։

Օրո­­ւայ Հուսկ բան­­քը ար­­տա­­­սանեց Սա­­հակ Բ. պատ­­րիարք, որ շնոր­­հա­­­ւորեց կա­­տարո­­ւած աշխատանքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ