ՁԻՒՆԸ ԹԱՐԼԱՊԱՇԸ

Միշտ սիրած եմ ձիւնի տեսարանով լուսանկարել։ Պէյօղլու շրջած օրերէս մէկուն, յետ միջօրէի ժամերուն յանկարծակի ձիւն տեղաց։ Գետինը շուտով ծածկուեցաւ ձիւնի թանձր խաւով մը։ Իսկոյն մտաբերեցի Թարլապաշըի նեղլիկ փողոցները, ուր երեխէք դահոյկներով կը սահին։ Ձիւնը որ տեսնեն երեխէք հնարամիտ կը դառնան։ Կը ճզմեն կերպընկալ ջուրի շիշերը եւ քանի մը կտոր տափակ փայտը ագուցելով անոնց վրայ արդէն կ՚ունենան կարգին դահուկ մը։ Այդ օր բաւական երկար նկարեցի տղոց ուրախութիւնը։ Յետոյ ուղղուեցայ աւելի նեղլիկ ու անձայն փողոց մը։ Անձայնութեան մէջ ձիւնի փաթիլները լսելը հաճելի թուացին։ Նոյն պահուն լսեցի անիւի մը կրճտոցը։ Աղբահաւաք մըն էր, որ դէպի ինձ կը մօտենար։ Մօրուսաւոր գեղեցիկ մարդ մը։ Զգոյշ քայլերով կը յառաջանար։ Կը խուսափէր սահելէ։ Սպիտակի վրայ կարծես քորոէկրաֆիա մը բեմադրող մուգ կերպար մը։ Բացառիկ երեւոյթ մըն էր։ Անմիջապէս սկսայ նկարել։ Երբ մօտեցաւ աչք աչքի եկանք։ Յաջողութիւն մաղթեցի իրեն։ Ժպտաց ու կանգ առաւ։ Շատ հաստ հագուած էր, բայց նորէն ալ կը դողդողար։ Ձեռքերը մերկ էին։ Հարցուց թէ լաւ կրցած եմ նկարել։ «Լաւ է» պատասխանեցի։ Ծխախոտ մը հրամցուցի իրեն ու սկսանք զրուցել։ Աչքերս չէի կրնար առնել մսած ձեռքերէն։ Ձեռնոցներս հանեցի գրպանէս։ Այդ ցուրտ ու փուքին աղբերու մէջէն վերամշակման արժանի բաներ մը գտնելու համար ո՞վ գիտէ քանի ժամէ ի վեր կ՚աշխատէր, եւ ո՞վ գիտէ դեռ քանի ժամ ունէր աշխատելու։ Ափսոս մերժեց առաջարկս։ «Ես վարժ եմ, դուն լաւ նկարելու համար աւելի պէտք ունիս ձեռնոցներուդ»։ Այս նուրբ մարդուն բացատրել չուզեցի, թէ նկարելու պահուն առհասարակ ձեռնոց չեմ գործածեր։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ