Արդէն յստակացած է Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ նորընտիր պատրիարք Սահակ Բ.-ի գահակալութեան թուականը։ Պատրիարքարանի քարտուղարութենէ կատարուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 Յունուարին Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք յատուկ արարողակարգով։ Նորընտիր սրբազանը յաջորդ օր պիտի մատուցէ անդրանիկ Ս. Պատարագը դարձեալ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Կը տեղեկացուի թէ այդ օր քաղաքիս հայ եկեղեցիներու մէջ Ս. Պատարագ պիտի չմատուցուի։
Անշուշտ այս պահուն տակաւին չէ յստակացած նորընտիր պատրիարքի գահակալութեան ներկայ գտնուելու համար քաղաքս ժամանելիք հիւր հոգեւորականներու անուանացանկը։