Մեսրոպեան տառերը, իբրեւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգ

Մեսրոպեան տառերը իրենց ուրոյն կազմութեամբ ընդմիշտ ներշնչում պատճառած են գրչարուեստի համար։ Հայկական տառատեսակները արդէն միշտ ունեցած են տարբեր բնոյթի ոճեր երկաթագիրէն մինչեւ նոտրգիր։ Այժմ այդ հարստութիւնը կ՚ունենայ համաշխարհային բնոյթ, մաս կազմելով «ՈՒՆԷՍՔՕ»ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգի ցանկին։

Այս մասին որոշում կայացաւ կազմակերպութեան 14-րդ նստաշրջանին, որ տեղի ունեցաւ Գոլոմպիոյ մէջ։ Նիւթը կազմակերպութեան օրակարգին եկած էր Հայաստանի դիմումով։

Մեսրոպեան տառերը կը ներկայացնեն աշխարհի վրայ գործածուող խիստ սակաւաթիւ տարատեսակներէն մէկը, որուն հեղինակը եւ ստեղծման տարեթիւը փաստացիօրէն յստակ է։ Փոխանակ աշխարհի վրայ խօսուած բազմահազար լեզուներու, ուրոյն տառատեսակներու թիւը երեք տասնեակէն աւելի նուազ է եւ անոնցմէ մէկն է հայկական տառերը, որոնք կ՚օգտագործուին հազիւ 10 միլիոն հաշուած հայ ժողովուրդի միայն գրաճանաչ հատուածին կողմէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ