Կը վերսկսին Իսթանպուլ- Երեւան թռիչքները

«Աթլաս Կլո­պալ» ըն­կե­րու­թիւնը, որ յան­կարծա­կի որո­շու­մով մը բո­լոր ուղղու­թիւննե­րու վրայ 26 Նո­յեմ­բե­րին դադ­րե­ցուած էր իր թռիչքնե­րը այժմ կը յայ­տա­րարէ, թէ 21 Դեկ­տեմբե­րէ սկսեալ թռիչքնե­րը պի­տի կա­տարո­ւին նախ­կին ծրագ­րի հա­մապա­տաս­խան կեր­պով։ Ըն­կե­րու­թիւնը յայ­տա­րարեց, թէ բո­լոր այն ու­ղե­ւոր­նե­րը, որոնք նա­խապէս տոմ­սակ գնած էին եւ այս որո­շու­մին պատ­ճա­ռաւ չէին կրցած ճամ­բորդել այժմ պի­տի կրնան վե­րահաս­տա­տել իրենց ու­ղե­ւորու­թիւնը, եթէ դի­մեն տոմ­սա­կը վեր­ցո­ւած ըն­կե­րու­թեան կամ ալ callcenter@atlasglb.com հաս­ցէին։

Ինչպէս պի­տի յի­շուի ըն­կե­րու­թիւնը նման որո­շում կա­յացուց պատ­ճա­ռաբա­նելով նոր օդա­կայա­նի գոր­ծա­ծու­թիւնով գո­յացած ծանր ծախ­սե­րը։

«Աթ­լաս Կլո­պալ» շա­բաթը չորս օրուայ հեր­թա­կանու­թեամբ ու­ղիղ թռիչքներ կը կա­տարէր Իս­թանպուլ- Երե­ւան գծի վրայ եւ այսպէ­սով կ՚ապա­հովէր եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ փո­խադ­րութեան միակ մի­ջոցը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ