ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԻԵԱՆ
Համառօտ կենսագրութիւնս
1919-ին ծնած եմ Սկիւտար։ Կեդրոնական վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախած եմ Իսթանպուլի Համալսարանի Իրաւաբանական բաժինը։ 1943-ին աւարտեցի համալսարանը։ 1935-էն ի վեր Թուրքիոյ Կոմունիստ Կուսակցութեան համակիրն էի։ 1938-ին անդամակցեցայ։ 1943-ին Ռեշատ Ֆուատի եւ հակաֆաշիստ ճակատի անդամներուն հետ բանտարկուեցայ։ ութ ու կէս ամիս տեւեց բանտարկութիւնս։ Դատավարութեան աւարտին անպարտ հռչակուեցայ։ Ապա հիմնեցինք Դեմոկրատ Ճակատ խմբակցութիւնը։ Նոյն տարին «Նոր Օր» հայերէն գրական եւ քաղաքական պարբերականը հրատարակել սկսայ։ Նախապէս արդէն հիմնած ու վարած էի «Աշխատանք» եւ «Պատկեր» պարբերականները։ 1946-ին Թուրքիոյ Բանուորներու եւ Գիւղացիներու Կուսակցութեան հիմնադրումին մէջ աշխատեցայ։ Կուսակցութիւնը հիմնելէ ետք ալ պաշտօն ստանձնեցի Իսթանպուլի քաղաքային կոմիտէի կազմակերպութեան բաժնի վարիչ ըլլալով։ Շաբաթական հերթականութեամբ հրատարակուող «Նոր Օր»ը օրաթերթի վերածեցինք ու ես դարձայ թերթին գլխաւոր խմբագիրը։ Թուրքիոյ մէջ գործող առաջին Ծխախոտի բանուորներու, Կօշկակարներու, Հիւսուածեղէնի եւ Շինարարներու արհմիութիւններու, հիմնադրութեան մէջ եւս բաժին ունեցայ։ Այդ արհմիութիւններէն Շինարարներու Միութիւնը իր աշխատութիւնը շարունակեց մինչեւ 1952։
1946-ի Դեկտեմբերի 16-ին, Իսթանպուլի Արտակարգ Իրավիճակներու Հրամանատարութեան որոշումով, թէ կուսակցութիւնը փակուեցաւ, թէ իմ խմբագրած «Նոր Օր» թերթը արգիլուեցաւ ու ես ալ կոմունիստ աշխատանքներու մասնակցելու մեղադրանքով բանտարկուեցայ։
Երեք տարի բանտարկուած մնալէ ետք, երբ ազատ արձակուեցայ այս անգամ ալ զինուորակոչուեցայ դարձեալ երեք տարուայ ժամկէտով։
Երկրէն հեռացայ կուսակցութեան որոշումով։ Այժմ Թուրքիոյ Կոմունիստ Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան պաշտօնակոչուած դիրքի մէջ եմ։
22 Ապրիլ 1955 Արամ Փէհլիվանեան
Թուրքիոյ Կոմունիստ Կուսակցութեան անունը Ահմետ Սայտանի վերածելով հայ ինքնութիւնը քօղարկած քաղաքական պիւրոյի անդամ Արամ Փէհլիվանեան, այս տողերով գրի առած էր կուսակցութեան կեդրոնին տուած իր կենսագրութիւնը։
Վեց եղբայրներու կրտսերագոյնը ըլլալով ծնած էր Չամլըճացի Պիւյիւք Փէհլիվանեան ընտանիքին մէջ։ Ան կը պատկանի 1915-ին յաջորդող ժամանակահատուածի առաջին մտաւորական փաղանգին։ Արցակագիր, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ որպէս տակաւին Կեդրոնականի ուսանողական տարիներուն արդէն իսկ մուտք գործած էր հայերէն հրատարակչատան աշխարհին։ Յետ եղեռնեան շրջանի այս անդամը հաւաքականութեան մէջ արդարութեան կայանալու միակ գետինը կը տեսնէր ձախակողմեան քաղաքականութեան շնորհիւ։
Զանգու անունով ծանօթ Սարգիս Քէչեանի եւ Աւետիս Ալեքսանեանի հետ հրատարակած «Նոր Օր»ը ո՛չ միայն Պոլսոյ հայ թերթերու, այլ ամբողջ Թուրքիոյ պատմութեան ընթացքին լոյս տեսած ամենախոր ուսումնասիրութիւններով լեցուն բարձր մակարդակով թերթը եղաւ։ «Նոր Օր» ամբողջ աշխարհի վրայ տեղի ունեցած գեղարուեստական եւ քաղաքական զարգացումներուն ուշի ուշով հետեւող, հաւասարութեան եւ արդարութեան սկզբունքները պաշտպանող մամուլ մը ըլլալով դրոշմուած է։ Անշուշտ այս յատկութիւններու պատճառաւ ալ հալածուեցաւ Արտակարգ Իրավիճակներու Հրամանատարութեան կողմէ։ Թէեւ այդ օրերուն բազմաթիւ թերթեր ժամանակաւորապէս արգիլուած էին, բայց «Նոր Օր» չէր կրցած անգամ մը եւս հրատարակուիլ։ 1946-ին պետութիւնը մօտէն կը յսկէր երկու կարեւոր լրագրողներ։ Անոնցմէ մէկն էր Արամ Փէհլիվանեան, իսկ միւսը «Նոր Լուր»ի մէջ գրող Զաւէն Պիպէրեան։ Այդ շրջանին, վարչապետութեան Մամլոյ Ընդհանուր Տնօրէնութեան թարգմանիչ Միթհատ Աքտորան ամենաշատ անոնցմով զբաղած էր կ՚երեւի։ Ան «Հայերէնի Թարգմանիչ» կոչումով ստորագրած տեղեկագիրներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր թէ «Նոր Օր թերթի մէջ Շաւարշ ծածկանունով գրող Արամ Փէհլիվանեան մեր արձանագրութիւններուն մէջ կը գնահատուի իբրեւ Սովետական Միութեան ի նպաստ գիրերու հեղինակ կոմունիստ մը։ Իսթանպուլի Իրաւաբանական Ֆակուլտետի շրջանաւարտներէն է։ Թերթի միւս խմբագիրներուն ալ մէկ մասը, որպէս կոմունիստ կը ճանչնանք։ Այս թերթը միաժամանակ կառավարութեան դէմ ալ կը գործէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնց կառավարութիւնը քննադատող գրութեան թարգմանութիւնը»։
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք Խորհրդային միութեան աշխարասփիւռ հայերու ուղղեալ հայրենադարձութեան կանչին արձագանգեցին բազմահազար թուրքիացիներ եւս։ Այսպէս Իսթանպուլի դեսպանատան առջեւ բազում դժուարութիւններ յանձն առած հայեր եկած էին իրենց ընտանիքը, նոյնիսկ համաքաղաքացիները արձանագրելու համար։ Արամի դստեր Մելինէ Փէհլիվանեանի վկայութիւնով հայրն ալ արձանագրուածներու մէջ էր։
Թուրքիոյ հայերուն Հայաստան ներգաղթելու համար զանգուածային դիմումը հալածանքի նոր ալիք մը կը ստեղծէ թրքական մամուլի մէջ։ Ճիհատ Պապանի «Թասվիր» եւ Եունուս, Տողան Նատիր եղբայրներու հրատարակած «Ճումհուրիէթ» թերթի մէջ լոյս տեսած այդ հայատեաց գրութիւններուն դէմ 26 Յունուար 1946-ին Փէհլիվանեան «Նոր Օր»ի մէջ թրքերէնով հրատարակեց «Ճշմարտութիւն» խորագրեալ յօդուած մը եւ պախարակեց պաղ պատերազմի տրամադրութիւնով խմբագրուած այդ գրութիւնները։ Ապա այդ գրութեան յաջորդեց «Խօսք, խոստում եւ խոստումը յարգել» յօդուածաշարքը։ Այդ գրութեան մէջ կը վերլուծէր հասարակութեան մէջ տարբեր տարրերու իրարու հանդէպ ունեցած անհաւասարութիւնը եւ կ՚ըսէր թէ նման պայմաններու մէջ անխուսափելի է կողմերու իրարու դէմ հակադրուիլը։ Կը շեշտէ որ «Բոլորս իրարու հանդէպ եղբայրութեան զգացումներով լցուած ենք» պնդումը կատարեալ ստախօսութիւն մըն է։ Սոյն յօդուածաշարքի երրորդ պարբերականին մէջ Փէհլիվանեան կը պնդէ թէ տեսականօրէն որպէս խոստում օրակարգի եկած հաւասարութիւնը հայոց համար անհաւասարութիւն կը նշանակէ։ Փէհլիվանեանի համաձայն հաւասարութիւնը ընծայ մը չէ, այլ իրաւունք։ Այս գրութիւններէն ետք եւ մանաւանդ ալ թրքերէնով գրուած խմբագրականներու մասին Միթհատ Աքտորա կը գրէ հետեւեալը. «Նախապէս միայն հայ հասարակութիւնը թունաւորել ջանացող այս թերթը հիմա ալ աւելի ծաւալուն հրապարակումներով կ՚ուզէ ազդել շատ աւելի լայն շրջանակներու վրայ»։ Թերթի հրատարակութեան գործի մէջ իր անմիջական գործընկեր Սարգիս Քէչեան «Արաս» հրատարակութենէն լոյս տեսած «Զարմանալի Աշխարհ» գիրքին մէջ Փէհլիվանեանի աշխատութիւնները կը գնահատէ «Հերոսութենէ ալ բարձր» կոչելով։ Բանտէն ելլալէն ետք Փէհլիվանեան կը ձեռնարկէ «Կռունկ» պարբերականի հրատարակութեան, բայց հազիւ երկրորդ համարը հրատարակած կը հարկադրուի երկրէն հեռանալու։
Լիբանանեան տարիներ
21 Օգոստոս 1949-ին ամուսնացած էր ատամնաբուժ տիկին Անահիտի հետ։ Նոյն տարի հրատարակուեցաւ բանաստեղծութեան առաջին գիրքը. «Քաղաքին Ժխորին Մէջ»։ Կարճ ժամանակ անց լսելով, թէ համալսարանաւարտ ըլլալով հանդերձ որպէս շարքային զինուոր պիտի ծառայէ, փախաւ Սուրիա։ Ուրկէ անցաւ Լիբանան եւ եօթը-ութը տարիներ մաս կազմեց այդ քաղաքի մտաւորական միջավայրին։ Այդ տարիներէն մնացած լուսանկարները կը վկայեն, թէ Հալէպի եւ Սուրիոյ տարիները իր կեանքի ամենաերջանիկ շրջանը կը կազմեն։ Այս շրջանին կ՚աշխատակցի Պէյրութի «Մշակոյթ» պարբերականին։ Յօդուածներ կը գրէ մանաւանդ տիյալեքթիկին գրականութեան մէջ ոճ մը ըլլալով գործածութեան մասին։ Տեղ կու տայ Միսաք Մանուշեանի կեանքը ու գործը պատմող գրութիւններուն։ Կը հրատարակէ Գեղամ Սեւանի գործերը։
Երթ դէպի Եւրոպա
1950-ներու վերջաւորութեան Արամ Փէհլիվանեան կուսակցութեան իրեն համար յարմար դատած Ահմետ Սայտան ծածկանունով աւելի քան 20 տարիներ կը ծառայէ կուսակցութեան։ Լայպցիկի մէջ կ՚ամուսնանայ Քրիսթաֆ Ռէյչըլի հետ եւ այդ ամուսնութենէն 1964-ին կը ծնի դուստրը Մելինէ։ Ժամանակի ընթացքին ընտանիքի անդամներն ալ փոխադրուած են Փարիզ։ Այդ տարիներուն Արամ Փէհլիվանեան կուսակցութեան դէպի դուրս ցոլացող երեսակը կը դառնայ։ Ինք է որ կը մասնակցի Հռոմի, Լոնտոնի, Փրակի կամ Մոսկովի բանակցութիւններուն։ Ապա կուսակցութիւնը զինք կը բերէ աւելի երկրորդական պաշտօններու եւ խորհուրդ կու տայ, որ զբաղուի կուսակցութեան պատմութիւնը գրելու խիստ կարեւոր պաշտօնով։ Մելինէի վկայութեամբ Փէհլիվանեան Լայպցիկի մէջ դժգոհ է խօսքի ազատութեան սահմանափակումէն։ Իր աղջկան խորհուրդ կու տայ հետեւիլ տարբեր լրաքաղութիւններուն եւ ստայնմ կազմել սեփական կարծիքը կամ համոզումը։ Դարձեալ Մելինէի վկայութեամբ կը լսենք, թէ իր հօրը ամենահարազատ բարեկամը եղած է գրող եւ հրատարակիչ Աւետիս Ալեքսանեանը։ «Անգամ մը արձակուրդի համար Սոչի կը գտնուէինք։ Հայրիկս հոն հանդիպեցաւ անծանօթի մը եւ ամբողջ երեք օր ընդմիշտ իրեն հետ խօսեցաւ։ Ապա լսեցինք թէ այդ օտարը Փլովտիվի քաղաքապետն էր եւ հայրս իրեն հետ կը խօսէր ամենաշատ սիրած լեզուով, արեւմտահայերէնով»։
Փէհլիվանեանի իր ձեռագիրով կենսագրութիւնը կը վկայէ, թէ անոր ինքնութեան ամբաժան երկու տարրերն են հայութիւնը եւ համայնավարութիւնը։ Այդպէս ըլլալով հանդերձ կուսակցութեան շարքերէն ներս միշտ տիրեց դաւադրութիւններ եւ թշնամանք յատկապէս Լազ Իսմայիլ ածականով Ի. Պիլենի հետ։
Մելինէ թէ հօրը յիշատակները եւ թէ հայոց պատմութիւնը կ՚ուսումնասիրէ Պեռլինի Պետական Գրադարանին մէջ։ Այս գրութիւնն ալ իր շնորհիւ իրականացաւ։