ՊԱՏՈՒՈՅ ԵՐԹ

Երբ կը նայիմ հին աշխատութիւններուս, կ՚անդրադառնամ թէ լաւ լուսանկարիչ ըլլալու համար բաւարար չէ սուր հայեացք ունենալ։ Լուսանկարիչը կը կարօտի նաեւ լաւ լսող ականջներու։ Առանց լսելու փողոցի ձայները, կարելի չէ զգալ նկարելու արժանի տեսարանները։ Կ՚անդրադառնամ թէ Պոլսոյ մէջ իմ նկարածներուս կարեւոր մէկ մասը կը պարտիմ լսողութեանս։ Յաճախ կը շրջէի Իսթիքլալի եւ յարակից փողոցներու վրայ։ Շատ անգամ ձայներով կ՚ուղղուէի, աղմուկով մը, աղաղակով մը կամ ճիչով մը։ Տեսակ մը նախզգացում էր սա, որ ընդհանրապէս զիս չէր խաբեր։ Այդպէս օր մըն էր, երբ յանկարծ լսեցի թմբուկի մը ձայնը եւ ուղղուեցայ դէպի ձայն։ Յանկարծ զուարթ աղջկան մը հետ դէմհանդիման եկայ։ Կիներէ բաղկացող բազմութիւն խումբի մը մէջ զուարթօրէն կը պարէր։ Բոլորը կը ծիծաղէին անոր ուրախ պարերուն վրայ։ Նշմարելով երկնակամարի գոյներով դրօշը հասկցայ թէ Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ ականատես կ՚ըլլամ պատուոյ երթին։ Ուրախացայ։ Թորոնթոյի մէջ նման բնոյթի երթերուն տարիներ շարունակ կանանց տողանցքը նկարած էի։ Շատ գունագեղ էին միշտ։ Այստեղ եւս հանդիպեցայ նման երթի եւ որոշեցի հետեւիլ այդ երիտասարդ աղջկան, որ քիչ յետ պիտի վերածուէր պարուսոյցի մը, քորէոկրաֆի մը։ Հոնկէ հոն կը վազէր, կը ցատկռտէր եւ մարդիկ կը փորձէին անոր այդ հրաշք քայլերը կրկնելու։ Շուտով առջեւս շարուեցաւ կիներու բազմութիւն խումբ մը։ Շարունակութիւնը արդէն դիւրին էր։ Լուսանկարչական գործիքով ես եւ այդ ուրախ ծիծաղով իրենք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ