*P3+3A3+3G(3) - Ասիկա է «շուշան» ծաղիկի գիտական բանաձեւը, որու մէջ կը գտնենք անոր բուսաբանական մանրամասն նկարագրութիւնը։ (Ստորեւ կու տանք այդ նկարագրութիւնը) Շնորհակալ ըլլանք բուսաբաններուն, որոնք մեզի համար բացայայտած են բնութեան այս գեղեցկագոյն ծաղիկներէն մէկուն ծանօթագրութիւնը։ Բայց շուշան ծաղիկը իր անունին հետ, ունի հոգեւոր եւ գրական անթառամ պատմութիւն մը, որ շատ աւելի ընդարձակ է քան գիտական համառօտագրութիւն մը։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, կ՚առաջարկեմ մտնել շուշաններու հովիտը ու վայելել անոր քնարական պատմութեան զգլխիչ բոյրը։
Անյիշելի ժամանակներուն, երբ Հայկական լեռնաշխարհը դրախտային պարտէզ էր, շուշանն էր անոր համեստ բնակիչներէն մէկը։ Հայրենի ամէն սար եւ ամէն ձոր կը պարծենար, որ ծածկուած է շուշաններով։ Բառն ալ նոյնքան համատարած ըլլալ կ՚երեւի։ Բազմաթիւ լեզուներ կը բաժնեկցին այդ հնագոյն անունը, ասորերէն՝ շուշան, աքքատերէն՝ շիշնու, եփրայերէն՝ շոշան, միջին պարսկերէն՝ սոսան, դասական յունարէն՝ սուսոն, վրացերէն՝ շրոշանի։ Ըստ ստուգաբաններու բոլորը ծաղկած են շուշանը խորհրդանշող եգիպտական գրանշանէ մը, որ կը հնչէր «զշն»։
Թէեւ մեր լեզուն կը ճանչնայ շուշանի բազմաթիւ տեսակներ, ինչպէս՝ հարբեցնողը, պալարակիրը, սպիտակը, հովտացը, ոսկեգոյնը եւ ծովաշուշանը, շատ ժամանակ չանցաւ, որ այդ քնքշութիւնը աճի եւ ընդունի փոխաբերական իմաստներ- անարատ, անբիծ, անմեղութիւն, սպիտակութիւն, անմեղ կին եւ աղջիկ։ Ան նաեւ բուրվառի վերին խուփն է, որ երեք թելով կապուած է մարմնին։ Աւելին՝ հայուհիներ, աւանդուած Ոսկեդարէն, սիրեցին այդ նուրբ ծաղկի անունը ընդունիլ որպէս անձնանուն- Շուշան, Շուշանիկ, Շուշիկ, Շուշօ։ Հայոց աշխարհի այդ փափկասուն տիկիններէն մէկն էր քաջ Վարդանի մայրը։ Մեր պատմագիրներ կը յիշեն նաեւ «բարեպաշտ, նահատակ, իշխանուհի, թագուհի» եւ այլ Շուշաններ։
Բառս, շատ բնական էր, դարձաւ տեղանուն, յատկապէս Վանայ շրջանի մէջ, չէ՞ որ ան մեր երկրի հարազատ ծաղիկն էր, ինչպէս Յովհաննէս Թումանեանը երգեց. «Կանգնած էի ես էն երազ հովտում։ / Շուրջս շուշաններ, անվե՜րջ շուշաններ»։ Ուստի ունեցանք գեղատեսիլ գիւղեր՝ Շուշան, Շուշանս, Շուշանիկ, Շուշանից, Շուշանցի ու Վանի մօտ լեռ մը՝ Շուշանից։ Վանի մէջ, ներքին Վարագի մօտ էր նաեւ Շուշանից Սուրբ Գեւորգ եկեղեցին, օծուած իր հիմնադիրի՝ Սենեքերիմ թագաւորի Շուշան դուստրի անունով։ Իսկ Բագարանի Սուրբ Թէոդորոս վանքի դիմաց Աշոտ թագաւորի քոյր Շուշանն ալ նոյնպէս իր անունով շինել տուաւ նոր վանք մը։
Ի հարկէ, շուշան ծաղիկը, որ ունի բազաթիւ գոյն եւ տեսք, հայոց լեզուաշխարհի մէջ պիտի ունենար տեղական տարբերակներ։ Այսպէս՝ բառս Զէյթունի մէջ կը հնչէր «շուշոն», Սալմաստի մէջ՝ «շիւշան»։
«Շուշան» բառը, սկսելով Աստուածաշունչի թարգմանութենէն, անուշ զարդ եղաւ նաեւ հայոց գրականութեան համար։ Սուրբ Գիրքի մէջ ան յիշուեցաւ 23 անգամ։ Ուշագրաւ են հետեւեալ խօսքերը. «Ես՝ ծաղիկ դաշտաց, շուշան հովտաց», «Իբրեւ շուշան ի մէջ փշոց», «շրթունք նորա շուշանք»...։ Շուշան բառով է, որ միջնադարեան տաղասաց Խաչատուր Կաֆացին գովերգեց Աստուածածնի գեղեցկութիւնը. «Իմանալի շուշան հովտաց, / Անուշահոտ ծաղիկ դաշտաց»։ Այդ խօսքերը իրենց արմատները ունէին Գրիգոր Նարեկացիի տաղասացութեան խորութիւններու մէջ. «Շուշան հովտաց, ծաղիկ դաշտա՛ց։ / Դասք մարգարէիցն / երգեն ի յայն բլրին վերայ, / ահա նա լեառն շուշանի»։
Հայոց լեզուի մէջ, աւելի քան աշխարհի բոլոր այլ լեզուները, «շուշան» բառը ունեցաւ յատուկ փայլ։ Ան կազմեց քնարական բառերու գեղեցիկ փունջ մը։ Ահա սիրուն օրինակներ՝ միջնադարեան համառօտ ակնարկութիւններով. շուշանազարդ «Անդ շուշանազարդ կուսանքն պաճուճին», շուշանազարդեալ «Զհովիտս քո շուշանազարդեալ», շուշանական «Եւ ՛ի խորոց ծովէ աշխարհի շուշանական շողոք ամբարձար», շուշանափայլ «Շուշանափայլ զարդարեցաւ երանելին սուրբ Սուքիաս», շուշանաբեր «Հովիտ շուշանաբեր», շուշանագոյն «Կուսանք ընդ կուսին Մարիամու պսակեսցին շուշանագոյն փայլուն պսակովն»։ Նոր ժամանակներուն մեր պարտէզին մէջ ծաղկեցան նոր ածականներ ու անոնք մեզի տուին բանաստեղծական պատկերներ, ինչպէս՝ «շուշանաբոյր գետ» (Յ. Շիրազ), «շուշանմարմին մանուկներ» (Սիամանթօ), «շուշանազգեստ նոր հարսեր» (Դ. Վարուժան), «շուշանաթոյր միսերը կայսրուհիներու» (Յ. Օշական)։
Շուշանաբոյր է հայկական քնարերգութիւնը, որու մէջ կայ ազնուութիւն մը։ Ծաղկաքաղ մը եթէ կատարենք, յարգելի ընթերցող, կը տեսնենք հայրենի ընդարձակ դաշտեր, «շուշաններով» ողողուած։
Միսաք Մեծարենցը նկարագրեց մանուկ մը, որ ունի «Շուշան լուսացնցուղ երազ», իսկ ի՛նքը, բանաստեղծը երազեց «Համբո՜յր շուշանի»։ Պետրոս Դուրեանը զմայլեցաւ գեղեցկուհիի մը մատներուն. «Մատներովդ զերթ շուշան / Կը փետտէիր ծաղիկ մի»։ Ըստ Դուրեանի, առտուն «ճակատը շուշան» մանուկ էր։ Դուրեանը 1869-ին, Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտութեամբ բեմադրեց թատերախաղ մը՝ «Վարդ եւ շուշան»։ Վահան Թէքէեանը, «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութեան մէջ լսեց գետ մը. «Ուր շուշաններ կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ»։ Վահան Տէրեանը տեսաւ սեւ շուշաններ. «Սեւ շուշան... Ցնո՛րք ծաղիկ, սեւ շուշան»։ Տէրեանը շուշանով նկարեց թախծոտ այլ պատկերներ. «Սեւ գիշե՜ր, եւ յուշե՜ր, եւ խոհե՜ր անհամար, / Մոռացուած երազներ՝ շուշաններ թառամած»։ Պոլսոյ մէջ այս միտքերը կրկնեց Ռուբէն Սեւակը. «Ահա թօշնած շուշաններով քեզ կու գամ, / Չծաղկելով սիրոյ նիհար վարդենին, / Ահա իմ սեւ շուշաններովս քեզ կու գամ»։ Դանիէլ Վարուժանը շուշանին նուիրեց կուսական տողիկներ. «Աղջկանց մէջ սիրեմ միայն իմ …-ան / Եւ ծաղկանց մէջ բաժակն անբիծ, սուրբ շուշա՛ն»։ Այդ ձայնն է, որ Միքայէլ Նալպանտեանը արձագանգեց մեր գրական աշխարհի արեւելեան դաշտերու մէջ. «Համբոյր էր դրոշմում / Կոյսի շուշան շուրթերին»։ Եղիշէ Չարենցի համար շուշան էր իր պաշտելի սիրուհին. «Միայն դո՜ւ, լոյս ու շուշան / Եւ չկայ ո՜չ մի ուրիշ»։ Վերջապէս Ռեթէոս Պէրպէրեանը բանաստեղծ Տիրան Չրաքեանին ուղղած նամակին մէջ գրեց հետեւեալ գնահատանքը. «Քու մէջդ բանաստեղծ մը կայ, Ինտրա... Վարդ-շուշան առաւօտները եւ ստուերոտ երեկոները ծունկի կը դնեն զքեզ»։
«Շուշան» բառը երեւաց նաեւ հայկական գրատպութեան էջերուն վրայ։ 19-րդ դարուն ան ընտիր գիրքերու անունն էր. «Վկայաբանութիւն սրբոյն Շուշանկան դստեր Մեծին Վարդանայ», Վենետիկ, 1853, «Շուշանիկ դուստր մեծին Վարդանայ հայոց սպարապետի ։ Ողբերգութիւն ազգային պատմութիւնից», Թիֆլիզ, 1860, «Շուշան Շաւարշանայ», Կ. Պոլիս, 1875, «Դատապարտեալն Շուշան», Րուսճուք, 1888, «Վարդ եւ շուշան։ Բանաստեղծութիւնք», Կ. Պոլիս, 1886, «Շուշան։ Ողբերգութիւն երեք արարուածով։ Թիւրքահայերի կեանքից», Ս. Պետերբուրգ, 1890։
Ապա եկաւ Կոմիտաս վարդապետը, յօրինեց շուշանաբոյր աղօթք մը, մեր հրաժեշտի կտորը այսօր, ու զայն նուիրեց օր. Լուիզ Գաւաքճեանին.
Վա՛րդ, ու կաթէ՝ կարմիր ոգիդ,
Ճերմակ շուշան՝ սիրտ ու հոգիդ։
Շուշանի բանաձեւի բացայայտութիւնը
*- Կանոնաւոր ծաղիկ
P 3+3- Պարզ ծաղկապատ, բաժնուած պսակաթերթեր, երկու շարքով շրջանաձեւ դասաւորուած։
A 3+3- Առէջները ազատ են, երկու շարքով շրջանաձեւ դասաւորուած։
G 3- Վարսանդը մէկ հատ է, կազմուած՝ երեք միաձուլուած պտղաթերթիկներով, հանգոյցը վերն է։