Սուրճի սեղանիկը պէտք եղաւ հիւրասենեակի մէկ ուրիշ անկիւնը փոխադրել, որպէսզի Արեւը եւ Տերեւը, չորս եւ ութը տարեկաններ, Հայաստանէն եկած խճանկարը կազմելու համար ունենան լայն տարածութիւն։ Երեւանի համայնապատկերն է ան, Կասկադէն դիտուած, տպուած խաւաքարտի վրայ, ապա՝ կտոր-կտոր կտրատուած։ Ընդամէնը 200 կտոր։ Մանուկներու համար։ Յարգելի ընթերցող, թող աղջնակները շարունակեն այդ ընտանեկան խաղ-գլուխկոտրուկի կտորները միացնել՝ ես կ՚առաջարկեմ «կտոր» բառի մասին զրուցել ու կարելի եղածին չափ միացնել անոր կտոր-կտոր եղած պատմութիւնը։
Առաջին մտաբերումը շարժանկար մը թող ըլլայ- «Կտոր մը երկինք»։ Այդ դասականացած կտորը երբ ամէն անգամ հասնի իր աւարտին, այդպէս չէ՞, կտոր մը տխրութիւն եւ կտոր մը ուրախութիւն կը թողու դիտողի սրտին մէջ։ Դառնուրախ ստեղծագործութիւն մըն է ան, զոր կարելի էր կոչել նաեւ «Կտոր մը կեանք», «Կտոր մը կարօտ», կամ՝ «Կտոր մը կապոյտ»...։ Այդ կոչումներուն մէջ, նկատեցի՞ք, օժանդակ լաւագոյն դերակատարը «կտոր» բառն է- համեստ գոյական մը, որ սիրած է զոյգեր կազմել եւ իր ընկերակիցը կտոր մը վեր հանել։ Իսկ ինքը, «կտոր» բառն ալ, դարերու ընթացքին, ունեցեր է իր չափով վերելքներ։ Շարունակենք անոր ցիր ու ցան կտորները հաւաքել ու փորձել ամբողջական պատմութիւնը յայտնաբերել։
- Նայէ, նայէ, քանի՜ կտոր միացուցինք։
- Քսա՛ն հատ... Մնացեր է միայն՝ 180 կտոր։
Հայկական մամուլի մէջ կատարուած որոնում մը երեւան կը հանէ, թէ այս բառը քանի՜ կտոր եղեր է մեր լեզուն աւելի արտայայտիչ դարձնելու համար։ Ահա այդ որոնման առաջին արդիւնքները՝ մեր առօրեան նկարագրող լրագրական պատառիկներ. Կտոր մը հաց, լոյս, հող... Կտոր մը երջանկութիւն, խաղաղութիւն, մանկութիւն... Կտոր մը ժպիտ, տաղանդ, պարծանք... Կան նաեւ բաւականին թեւաւոր խօսքեր. Կտոր մը Հայաստան, Կտոր մը Երեւանցին, Կարսից մի կտոր, Հայաշունչ կտորներ, Մի կտոր Համշէն...։ Վերջինը զբօսաշրջիկներու համար պատրաստուած գեղարուեստական տեսահոլովակ մըն է։
Դուք չկարծէք, թէ ան մեկուսացած բառ է։ Ընդհակառակը, «կտոր»ը բազմածին բառ ընտանիքի մը նախամայրն է, հարուստ նաեւ՝ հոմանիշներով։ Ահա ցայտուն օրինակներ- մաս, մասն, կոտորակ, հատ, պատառ, պատառիկ, բաժին, հատուած, բեկոր, փշուր, նշխար, հացի՝ բրդուճ, ամպի՝ ծուէ։ Յիշենք նաեւ լաթն ու շորը։ Այս վերջինն է, որ հայը կը տանի իր հեթանոսութեան ժամանակաշրջաններուն, երբ կարօտեալներ եւ սիրահարներ սրբազան ծառի կը ճիւղէն օգուտ կ՛ակնկալէին։ Աւետիս Ահարոնեանը 1908 թուականին Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած «Կեանքի վէպը» գիրքին մէջ գրի է առեր այդ աւանդութիւնը. «Դողդոջուն ձեռքով իրանց զգեստից մի կտոր, ծլանքի մի ծայր կապում են նուիրական ու հրաշագործ ծառի ոստերից եւ նրա հետ էլ իրանց հոգու մի մութ կտորը, մի այրուած, դաղուած կտորը»։
«Կտոր»ը եւ Հայաստանը։ Ի՜նչ ցաւալի իրականութիւն. հայ բանաստեղծը չէ արտայայտուած, գրական գործեր չէ մտայղացած ամբողջական հայրենիքի մը համար։ Անոր մտքին մէջ շատ անգամ երկիրը «կտոր» մըն է, հողը՝ կտոր մը, երկինքը՝ կտոր մը։ Կոստան Զարեանը «Նաւը լերան վրայ» վէպի մէջ գրեր է. «Հայաստանը մնացել էր միս մենակ։ Ինքը, իր լեռները, իր ժայռերը, իր կտոր երկինքը»։ Զարեանը այդ բառով հայրենասիրական քերթուածներ ալ հիւսեց. «Կարմիր բոց է դառնում մի կտոր գիշեր / Եւ մի երկիր», «Մի կտոր երկինք, գետակ, պարտէզ… Յիշեցի քեզ, Ասիս ու Մասիս... / Օ, հայ... / Կտոր հացը վշտիդ... / Առ խածիր, / Եւ նայիր, եւ նայիր / Ասիս ու Մասիս Արարատին»։ Ապա բանաստեղծը յոյսի կտոր մը ունեցաւ. «Առաջ ցրուած, խառնուած էինք անհարազատ եւ թշնամի տարրերի հետ, իսկ այսօր մի կտոր հողի վրայ միատարր մի ազգ ենք»։ Իսկ այժմ կարդանք Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Յուշիկ հայրենեաց» երկէն կտոր մը, գրուած՝ Զարեանէն երեք քառորդ դար առաջ, ու տեսնենք, թէ ան ի՛նչ նկատեր է հայոց ռազմական պատմութեան մասին. «Երբեմն յաղթութեան թմբուկն բոմբեցին, երբեմն յաղթուելու եւ ետք քաշուելու սրտակտոր փողն հնչեց»։ Կիւմրի քաղաքի մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանը նկատեց, թէ Հայաստանը մի կտոր հողէ է, եւ այն է պատճառը, որ մեծ-մեծ բառեր, ինչպէս «Երջանկութիւն» եւ «Խաղաղութիւն», հակառակ Աստուծոյ բոլոր ջանքերուն, աւա՜ղ, չեն տեղաւորուած այդ փոքրիկ հողակտորի վրայ... Գրիգորեանը կը շարունակէ ըսել. «Եւ ի՞նչ անէր Աստուած, / որ լոկ Ցաւն եկաւ յարմար, / որ լոկ Սուգն եկաւ յարմար, / որ լոկ Լացն եկաւ յարմար / քո փոքրիկ հողակտորի համար...»։ Այդ փոքրիկ կտորի համար, որ հայրենիք կը կոչենք, զոհ տուեր ենք հսկայական սիրտեր։ Մէկը Արցախի մէջ զոհուած Ադամ Սահակեանն է, որ յետ մահու արժանացած է «Լոյսի կտոր Ադամ» պատուաբեր կոչումին։ Թէ ի՞նչ կը զգայ որդեկորոյս մայր մը, անոր համար սրտաճմլիկ տողիկ մը գրի առեր է Ներսէս Լամբրոնացին, Մարիամ Աստուածածինը նկատի ունենալով. «Մայրն, որ յայնժամ սրտակոտոր էր խոցելոց»։
«Կտոր» բառը քնարական մաս մըն ալ ունի, վկան՝ Յովհաննէս Թումանեանի առաջին բանաստեղծութիւնն է, որ ըստ երեւոյթին գրուած է սիրունիկ օրիորդիկի մը համար. «Հոգուս հատոր, / Սրտիս կտոր... / Մի պատանի / Սէրը սրտում / Դաս է սերտում»։ Իսկ «Լոռեցի Սաքօն» քերթուածը երբ գրի առեր է բանաստեղծը, իր աչքերը բարձրացուցեր է դէպի երկինք։ «Մի կտոր լուսին, նայում Է գաղտուկ, թաքչում ամպերում»։ Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատը բառին տուաւ կտոր մը ծիծաղ։ Իր հերոսի՝ Կիկոյի հագածն էր ան. «Թէ կրկէսի հսկայ վրան խայտաբղէտ - / Դուք Կիկոյին յետոյքը ինչ կարծեցիք / Տաս - տասներկու կտոր գոյն գոյն կարկտան - / Միջազգային համաժողո՞վ կարծեցիք»։ «Կտոր» բառը նոր չէ, որ չքաւորութեան հետ նոյնացած ըլլար։ 13-րդ դարուն տաղասաց Ֆրիկը, երբեմնի բարեկեցիկ մարդը, երկրի մէջ տիրող անկայունութեան եւ ղեկավարներու անարդարութեան պատճառով դարձեր է ընչազուրկ, ապա գանգատ յայտներ է. «էյ Չարխ... Զվատին տունըն կու ծեփես ոսկով դու բոլոր, / Զազէկն ի յերկիր ի ներս վտարես որ ժոզովէ կտոր»։
Հայ ժողովուրդը ո՞ր բառն է, որ աւելի շատ միացուցեր է «կտոր»ին։ Պատասխանը, մեր բախտն է կ՚երեւի, «հաց»ն է։ Խաչատուր Աբովեանի գրածն է... «Գնամ ընկնիմ մէկ իշխանի ոտք, ասեմ, ինձ մէկ կտոր հաց տայ»։ Հայոց լեզուն հարստացեր է զրկանքը եւ կեանքի այլ ցաւերը նկարագրող բազմաթիւ դարձուածքներով. «Քանի՞ կտոր ըլլամ», «Հազար կտոր ըլլալ», «Հացի մէկ կտորի կարօտ մնալ», «Կտոր մը չոր հաց», «Կտոր-բրդուճ ըլլալ», «Սիրտը կտոր-կտոր»։ Ան նաեւ նշանակեց հարազատութիւն՝ նման եւ նոյնատեսակ։ Այս գաղափարը ծնունդ տուաւ «Իր հօր/մօր կտորն է» սիրելի դարձուածքի։
- Տե՛ս, կտորներուն կէսը միացուցինք։
- Օփերայի շէնքն ալ կազմեր էք, ապրի՛ք։
Այս հանելուկ-պատմութեան վերջին կտորները պէտք է, որ ըլլային բարդ բառերը, բազմագոյն եւ բազմակտոր։ Քիչ չեն։ Տասնեակ մը։ Քանի մը կտոր պատկերաւոր օրինակ լսենք. Միակտոր քանդակ, եռակտոր գեղանկար, հատուկտոր խօսակցութիւններ, «Կոտորածն անգութ», հասարակ կոտորակ։ Կ՚ուզեմ նաեւ յիշել պոլսահայ վաստակաւոր ուսուցիչ եւ արձակագիր Վահրամ Պուրմաեանի «Հէ՜գ թուղթի կտորներ» հատորը։
Աղջնակները կը միացնեն երկու հարիւրերորդ կտորը։ Ամբողջացաւ Երեւանի համայնապատկերը։ Իսկ մենք փորձեցինք քով-քովի բերել «կտոր» բառի հազարկտոր պատմութիւնը։ Այս զբաղմունքները պէտք է աւարտել երգի վերածուած բանաստեղծութեամբ։ Չարենցէ գողտրիկ կտոր մըն է, որ տեղ գտած է «Դինջերը» խումբի «Մայրենի լեզու» սկաւառակին վրայ. «Զարթի՛ր, զարթիր, կապո՛յտ աղջիկ, ու նայի՛ր խաչին... / Նա ոսկի է, երկի՛նք նետած մի կտոր ոսկի. / Նա - մի երազ, ոսկի միրաժ արթնացած խօսքի»։