ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՁԻ

Մեր բառերուն ամենէն թեւաւորը

- Բարձրա­ցէք, բարձրա­­ցէք։ Բա­­րի էք եկել հայ­­րե­­­նիք։

- Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն։ Քա­­նի՞ դրամ։

- Էր­­կու հա­­զար։ Չորս հո­­գու հա­­մար էր­­կու հա­­զար։

- Աշա­­կերտնե՛ր, առաջ ո՞վ կ՚ու­­­զէ նստիլ, առա­­­ջին չոր­­­սը... Կա­­­թիլ, Ամուր, Տե­­­րեւ եւ Քա­­­մի, նախ դուք նստե­­­ցէք, մենք ձեզ հոս կը սպա­­­սենք։

Սա­­­մուէլ պա­­­պը Կիւմրի քա­­­ղաքի յայտնի «ֆայ­­­տոնչի» է։ Ան հպարտ է իր քա­­­ղաքով եւ անոր պատ­­­մութեամբ, բայց աւե­­­լի շատ՝ իր ձիերով։ Եր­­­կու հատ։ Սի­­­րու­­­նա­­­­­­­տես։ Մէ­­­կը սեւ, միւ­­­սը՝ սպի­­­տակ։ Սեւ ձիու ճա­­­կատին վրայ կայ խալ, որ կը յի­­­շեց­­­նէ լեռ­­­նա­­­­­­­յին սպի­­­տակ շու­­­շա­­­­­­­նը։

- Երե­­­խէ՛ք, մին­­­չեւ Շի­­­րազի տուն-թան­­­գա­­­­­­­րանը գնում վե­­­րադառ­­­նում ենք։ Մի քսան րո­­­պէ տե­­­ւում ա։ Գնա­­­ցինք։

Երբ ձիերը մտրա­­­կի հա­­­րուա­­­ծով յա­­­ռաջ կը նե­­­տուին, -պար­­­տադրե­­­լով պա­­­տանի ու­­­ղե­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րուն, որ աւե­­­լի ամուր նստին ոս­­­կե­­­­­­­գոյն ծո­­­պերով եզե­­­րուած թաւ­­­շեայ մուգ կար­­­միր բազ­­­մո­­­­­­­ցի վրայ, կը ղօ­­­ղան­­­ջեն անոնց զան­­­գուլակ­­­նե­­­­­­­րը-, կ՚ալե­­­կոծին բա­­­շերը, կը սլա­­­նայ «կիւմրո­­­ւայ» ֆայ­­­տո­­­­­­­նը, կ՚անցնի հին թա­­­ղերով ու թռիչք կ՚առ­­­նէ նաեւ «ձի» բա­­­ռի պատ­­­մութիւ­­­նը։

Բուն հայ­­­կա­­­­­­­կան է «ձի» բա­­­ռը։ Ի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն հայ­­­կա­­­­­­­կան բազ­­­մա­­­­­­­թիւ գո­­­յական­­­նե­­­­­­­րու, ան զար­­­գա­­­­­­­նալու հա­­­մար պէտք չու­­­նե­­­­­­­ցաւ եր­­­կար դա­­­րերու. իր խան­­­ձա­­­­­­­րու­­­րա­­­­­­­յին օրե­­­րէն թռիչք առաւ եւ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ պատ­­­կե­­­­­­­րաւոր բա­­­ռախումբեր, ինչպէս քու­­­ռա­­­­­­­կը իր ծնած վայրկեանին կը կանգնի իր ոտ­­­քե­­­­­­­րուն վրայ եւ պէտք չու­­­նի այդ արո­­­ւես­­­տը սո­­­րուե­­­լու։ Բնու­­­թիւնն այդպէս է։ Աւե­­­լին՝ յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ամէն հայ հպարտ պէտք է, որ ըլ­­­լայ լսե­­­լով, թէ աշ­­­խարհի ո՛չ մէկ լե­­­զուն «ձի» բա­­­ռի այնքան հո­­­մանիշ ու­­­նի, որ­­­քան իր մայ­­­րե­­­­­­­նին։ Նժոյգ է ըն­­­տիր ձին, արուն՝ յո­­­վատակ, էգը՝ զամ­­­բիկ, ճակ եւ մա­­­տեան, հեծ­­­նե­­­­­­­լու ձին երի­­­վար է, կառ­­­քի լծո­­­ւածը՝ վար­­­գա­­­­­­­ծի, դե­­­ռատին՝ մտրուկ, շի­­­կագոյ­­­նը՝ աշ­­­խէտ, մոխ­­­րա­­­­­­­գոյ­­­նը՝ մո­­­ղոշիկ, թխա­­­կար­­­մի­­­­­­­րը՝ շա­­­ռատ, սպի­­­տակա­­­խայտ ոտք ու­­­նե­­­­­­­ցողը՝ կոստնտո­­­տիկ, եզի պէս լայն եւ տա­­­փակ գա­­­ւակ ու­­­նե­­­­­­­ցողը՝ եզնգա­­­ւակ, իսկ ան­­­թամբ ձին՝ մեր­­­կիկ...։ Ամե­­­նէն առաս­­­պե­­­­­­­լակա­­­նը «ասպ»ն է, որ մե­­­զի պար­­­գե­­­­­­­ւեց «աս­­­պետ» եւ «աս­­­պա­­­­­­­րէզ» բա­­­ռերը։

Ձին, ան­­­շուշտ չէք զար­­­մա­­­­­­­նար, հա­­­յոց ան­­­գիր բա­­­նահիւ­­­սութեան մէջ սկսաւ շար­­­ժել հա­­­յու երե­­­ւակա­­­յու­­­թիւնը, երբ Ար­­­տա­­­­­­­շէս թա­­­գաւո­­­րը, հմա­­­յած Սա­­­թենիկ օրիոր­­­դի տես­­­քին ու ձայ­­­նին, աներ­­­կը բայ մտրա­­­կեց իր «սեաւ» ձին, ան­­­ցաւ Կուր գե­­­տը ու մեր կող­­­մը բե­­­րաւ ալան­­­նե­­­­­­­րու այդ չքնաղ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­հին։ Այ­­­նուհե­­­տեւ, «ձի» բա­­­ռը իր ար­­­քա­­­­­­­յական տե­­­ղը ու­­­նե­­­­­­­ցաւ հայ­­­կա­­­­­­­կան ամէն հե­­­րոսա­­­կան պատ­­­մութեան մէջ։ 10րդ դա­­­րուն այդ հե­­­րոսը Բագ­­­րա­­­­­­­տու­­­նի Տրդատն էր, որ չդի­­­մանա­­­լով Սիւ­­­նեաց Բա­­­կուր իշ­­­խա­­­­­­­նի գե­­­ղաչեայ հար­­­ճի՝ Նա­­­զենի­­­կի զգլխիչ պա­­­րին, ըմբռնեց այդ շի­­­կահե­­­րը իր բա­­­րակ մէջ­­­քէն, նստե­­­ցուց իր ձիուն վրայ ու խոյս տո­­­ւաւ։ Փա­­­խուստի ճամ­­­բան, գե­­­ղու­­­հին նկա­­­տելով, թէ «Հա­­­րիւր ձիեր կար­­­կա­­­­­­­ռեր են վի­­­զեր­­­նին», աղա­­­չեց. «Ես քու գե­­­րին, ձիդ ըլ­­­լայ թող գե­­­րին քու մտրա­­­կին»։ «Հար­­­ճը» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը ու­­­նի ձիով թե­­­ւեր առած բազ­­­մա­­­­­­­թիւ այլ տո­­­ղիկ­­­ներ, ինչպէս՝ «Գան­­­գուրներն իր հող­­­մա­­­­­­­ծուփ ձիուն բա­­­շին կը խառ­­­նո­­­­­­­ւին», «Փա՜ռք ձե­­­զի միշտ ձիամար­­­տեր», «Ձիաւոր­­­ներ զի­­­նավառ մրրկար­­­շաւ ու դա­­­ժան»։ Եղի­­­շէ պատ­­­մի­­­­­­­չը 5-րդ դա­­­րուն հա­­­յու եւ իր ձիերու մա­­­սին խօ­­­սեր է այսպէս. «Գունդն Հա­­­յոց հա­­­սեալ ան­­­ցա­­­­­­­նէին, ձի ի վե­­­րայ առեալ յար­­­ձա­­­­­­­կէին մե­­­ծաւ զօ­­­րու­­­թեամբ»։ Սե­­­բեոս պատ­­­մի­­­­­­­չը գրի առեր է հե­­­տեւեալ դրո­­­ւագը. «Ժո­­­ղովել զա­­­մենայն այր եւ ձի ի Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նեայց»։ Կը տես­­­նէ՛ք, թէ որ­­­քան պա­­­տուա­­­բեր է «ձի» բա­­­ռը, քան­­­զի ան վառ կը պա­­­հէ փառ­­­քի օրե­­­րը, այն ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րը, երբ մայ­­­րե­­­­­­­նի հո­­­ղը անոնց պայ­­­տե­­­­­­­րուն տակ կը դո­­­ղար։ Նոյնքան առաս­­­պե­­­­­­­լական են Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի մէջ յի­­­շուած ձիերը. «Ձի փրկու­­­թեան» եւ «Եօթն հա­­­զար ձի աս­­­պաստա­­­նիկ»։ Երբ մեր թարգմա­­­նիչ հայ­­­րե­­­­­­­րը յու­­­նա­­­­­­­կան դա­­­սական գրա­­­կանու­­­թեան գլուխ գոր­­­ծոցնե­­­րը կը թարգմա­­­նէին, իրենց գրա­­­կան սան­­­ձին են­­­թա­­­­­­­կայ էին «ձի»ով շի­­­նուած հա­­­րիւ­­­րէ աւե­­­լի բա­­­ռեր։ Ահա քա­­­նի մը ազ­­­նո­­­­­­­ւածին օրի­­­նակ. ձիազ­­­գի, ձիաթամբ, ձիադէմ, ձիախա­­­ղաց, ձիախ­­­րոխտ, ձիակառք, ձիակեր, ձիակերպ, ձիամար­­­զա­­­­­­­րան, ձիավարժ, ձիավար, ձիավազք, ձիամար­­­տիկ, ձիամրցում, ձիապան, ինչպէս նաեւ՝ մեր մար­­­տա­­­­­­­կան հզօ­­­րու­­­թեան խորհրդան­­­շա­­­­­­­նը՝ «այ­­­րուձի»։ Եթէ ձին էր հա­­­յոց միջ­­­նա­­­­­­­դարեան պե­­­տակա­­­նու­­­թեան յե­­­նարա­­­նը, ուստի պի­­­տի ակնկա­­­լէինք մա­­­տեան­­­նե­­­­­­­րու մէջ լսել դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րու եւ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րու բազ­­­մա­­­­­­­ձայն դո­­­փիւններ։ Չենք սխա­­­լիր։ Հա­­­յոց դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րու բա­­­ռարան­­­նե­­­­­­­րու մէջ «ձի» յօ­­­դուա­­­ծը այնքան ըն­­­դարձակ է, որ հոն կա­­­րելի է «ձի վա­­­զեց­­­նել»։ Ականջ տանք մէկ-եր­­­կու օրի­­­նակին. «Ձին մէ­­­կու վրայ քշել», յար­­­ձա­­­­­­­կիլ, «Ձիու ճանճ», կպցող մարդ, «Ձին ձիաւո­­­րէն վեր բե­­­րել», չա­­­փազանց հա­­­մար­­­ձակ ըլ­­­լալ», «Ձիուն տե­­­ղը էշ կա­­­պել», սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցինե­­­րուն խօսքն է, ար­­­ժա­­­­­­­նաւոր­­­նե­­­­­­­րուն տե­­­ղը ապի­­­րատ­­­ներ, անար­­­ժաններ գոր­­­ծի, պաշ­­­տօ­­­­­­­նի կան­­­չել։ Մեր հի­­­ները անո­­­ւաներ են նաեւ ձիու բազ­­­մա­­­­­­­թիւ տե­­­սակ­­­ներ- մա­­­տակա­­­խազ, մա­­­լեալ, որ­­­ձատ, մա­­­տակ, ռազ­­­մա­­­­­­­մուղ, որ­­­սոյ, աս­­­պա­­­­­­­րակապ, ազատ, հե­­­ծելու­­­թեան, լծա­­­բարձ, կա­­­ռաձիգ, բեռ­­­նա­­­­­­­բարձ, ահի­­­պարա­­­նոց։ Հա­­­յը «ձի» բա­­­ռին յա­­­ճախ կա­­­պեր է այնպի­­­սի ածա­­­կան­­­ներ, կար­­­ծես՝ մարդ ըլ­­­լար ան, ինչպէս՝ աշ­­­խոյժ, խրոխտ, եռան­­­դուն, աներ­­­կիւղ, ու­­­ժեղ, հլու, հնա­­­զանդ, կա­­­տաղի, խրչան, ան­­­պի­­­­­­­տան։ Մեր նախ­­­նի­­­­­­­ները ըսեր են նաեւ, թէ ձրի առ­­­նո­­­­­­­ւած բա­­­նը պէտք չէ շատ քննել. «Որ ձրի էառ զձին՝ ոչ սպա­­­սէ սան­­­ձին»։

Առա­­­ջին քա­­­ռեակը վե­­­րադար­­­ձաւ։ Աշա­­­կերտնե­­­րը կը նկա­­­րեն ձիերը եւ կ՚ինքնան­­­կա­­­­­­­րուին անոնց հետ։ Պատ­­­րաստ են յա­­­ջորդնե­­­րը։

- Փա­­­թիլ, Վէմ, Ալիք, Փա­­­րոս, հի­­­մա ձեր զբօ­­­սանքն է։

Երբ անոնք ըն­­­թացք առ­­­նեն, գրա­­­կան պատ­­­կերներ կը յա­­­ծին մտքի մէջ։ Նախ 1300 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րէն կու գայ Խա­­­չատուր Կե­­­չառե­­­ցի տաղա­­­սացը։ Ան մար­­­դու մար­­­մինն ու հո­­­գին դի­­­տեց, որ­­­պէս ձի եւ անոր տէ­­­րը։ Ապա առար­­­կեց, թէ մար­­­մի­­­­­­­նը ի՛նչ մեղք ու­­­նի, երբ կը հնա­­­զան­­­դի հո­­­գիի կամ­­­քին։

Ես ձի եւ դու տէր ձիոյս,

Ես ծա­­­ռայ ՛ւ իշ­­­խան դու գե­­­րոյս,

Կա­­­միլդ քո՝ գործ լի­­­նէր ինձ.

Մեղ[ք] է՚ր դնես հո­­­ղած­­­նոյս։

Նա­­­հապետ Քու­­­չա­­­­­­­կը սէ­­­րը բեռ­­­ցուց իր ձիուն վրայ. «Ել­­­լի­­­­­­­մի ձիուս վրայ, խառ­­­նո­­­­­­­ւիմ ի մէջ հո­­­վերուն, / Եկո՛ւ, նի՛ստ ձիուս ետին, որ լի­­­նենք ձի ու ձիաւոր»։ Ապա պան­­­դուխտի եր­­­գի մէջ տե­­­սանք զայն. «Սուրբ Սար­­­գիս օգ­­­նա­­­­­­­կան-ճեր­­­մակ ձիաւոր. / Կռո՚ւնկ, մեր աշ­­­խարհէն խապ­­­րիկ մի չու­­­նի՞ս։ / Սուրբ Սար­­­գիս այլ օգ­­­նա­­­­­­­կան, այն պօզ ձիաւոր. / Կռո՛ւնկ, մեր աշ­­­խարհէն խապ­­­րիկ մի չու­­­նիս»։ Ապա ժո­­­ղովուրդա­­­կան եր­­­գե­­­­­­­րու մէջ սկսաւ վա­­­զել ան. «Սա­­­րէն կու գայ ձիաւոր, վա՜յ լէ՜. լէ՜, լէ՜, լէ՜», «Ալա­­­գեազ սարն ամ­­­պել ա, / Աղ­­­բեր իր ձին թամ­­­բել ա»։ Ձիերու ամե­­­նէն քնա­­­րակա­­­նը «հրե­­­ղէն ձիեն էր, կամ՝ եբե­­­գաս»ը։ Ան ձի չէր, այլ՝ հայ ժո­­­ղովուրդի ան­­­մա­­­­­­­հու­­­թեան եւ լու­­­սա­­­­­­­ւոր գա­­­լիքի վի­­­պական երա­­­զը։ Դի­­­տենք Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի «Բե­­­գաս»ը. «Բե՛գաս, հրե­­­ղէն ձիս, / Ան­­­դունդնե­­­րուն վրա­­­յէն եւ վրա­­­յէն ձիւ­­­նե­­­­­­­րուն / Տար զիս / Արե­­­ւո՜ւն։ / Ո՜վ Ձիս-Աս­­­տուած»։ Գա­­­լիքի ոտ­­­նա­­­­­­­ձայննե­­­րը, որ­­­պէս որո­­­տում, լսեց նաեւ Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցը՝ «Անքնու­­­թիւն» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ. «Դո­­­փո՛ւմ են, դո­­­փո՛ւմ են, դո­­­փո՛ւմ են ձիերը»։ «Ձի» բա­­­ռը քա­­­ռասմբակ վա­­­զեց երբ Չա­­­րեն­­­ցը գրի առաւ «Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթ»ը։ Այնտեղ «ձի» բա­­­ռը երե­­­սուն ան­­­գամ դար­­­ձաւ կայ­­­ծակնա­­­վազ... «Նա հուր ձի ու­­­նէր», «Դիւ­­­ցա­­­­­­­զուն Դա­­­ւիթն հուր-ձին քշեց»։

Բայց օր մը, 1920-ական­­ներ էին, Կիւմրի քա­­ղաք եկաւ՝ ինքնա­­շար­­ժը։ Ժա­­մանա­­կի յայտնի կա­­ռապան «Ֆայ­­տոն Ալեք»ը շշմած մնաց, ըն­­կերնե­­րուն վա­­զեց. «Տե­­սե՞լ էք, տղէք, ֆայ­­տոն առանց ձի...»։ Կ՚անդրա­­դառ­­նանք, թէ «ձի» բա­­ռը իր շրջա­­նը բո­­լորած պի­­տի ըլ­­լար, եթէ այ­­սօր ձի չպա­­հէր Սա­­մուէլ պա­­պը։ Ահա, վե­­րադար­­ձան աշա­­կերտնե­­րը։ Հան­­րա­­­շարժ վե­­րադառ­­նա­­­լու եւ Վար­­պետնե­­րու քա­­ղաքին հրա­­ժեշտ տա­­լու ժամն է։ Իսկ «ձի» բա­­ռին հրա­­ժեշտ կ՛ու­­զենք տալ, մտա­­բերե­­լով ման­­կա­­­կան երազ օրե­­րու երգ մը.

Ձի-ձի, փայ­­տէ ձի,

Մեր դռա­­նը կա­­պեցի,

Կար­­միր գոյ­­նով ներ­­կե­­­ցի,

Ով որ ու­­նի այսպէս ձի,

Թող գայ ինձ հետ նա մրցի։