Սուլուքուլէի մէջ լուսանկարելու սկսած առաջին օրերուն իսկ նկատած էի զինք։ Թաղի ամենապահանջկոտ խիզախ ու ըմբոստ կերպարներէն մէկն էր։ Երբ համաձայնէր նկարուելու, այնպիսի տպաւորութիւն մը կը թողուր, որ կարծես քիչ վերջ աշխարհ պիտի կործանի ամէն ինչ պիտի փճանայ եւ սա վերջին առիթն է, որ շնորհուած է մեզի զինք նկարելու համար։ «Կամ հիմա կը նկարես կամ ալ երբեք»։ Այս կը կարդացուէր իր հայեացքին մէջ։ Իսթանպուլի մէջ առաջին ամիսն էր։ Սուլուքուլէ թաղի մէջ մանուկներու համար գործող հասարակական կեդրոնի մը մէջ ես ալ ընդառաջած էի անգլերէն դասեր տալու խնդրանքին։ Քանի մը ամիս շարունակեցին այդ դասերը բայց ինք աշակերտներէս մէկը չէր։ Մինչեւ դասապահ ժամանակ վատնած սրճարանի դիմացը կը բնակէր ընտանեօք։ Վեց շունչ էր ընտանիքը եւ մէկ սենեակի մէջ յարմարուած էին։ Քրոջը հետ փողոցը կը խաղար։ Անունը չեմ յիշեր սա պահուն թերեւս Այշէ, թերեւս Զէյնեփ։ Այն ժամանակ թրքերէնս բաւական տկար էր եւ ան ալ կը ծիծաղէր իմ խօսակցութեան վրայ։ Սակայն ժամանակի ընթացքին ընկերացանք։ Բազմաթիւ անգամ տեսած էր թէ նկարածներս կը յանձնեմ իրենց։ Երբեմն ինք կը պահանջէր որ լուսանկարեմ զինք։ Ես իրաւունք չունէի իրեն «Այսպէս կեցիր, այնպէս կեցիր, վեր նայէ վար նայէ» ըսելու։ Օր մը ամէն ինչ ինք դասաւորեց ու պահանջեց որ զինք եւ քոյրը նկարեմ։ Տան մուտքին կանգնեցան։ Ետին չորանալու համար փռուած լուացքը։ Նրբանցքը տաղտկնած։ Ուղղակի աչքերուս կը նայէր։ Երկու քրոջ այս կերպարը տպաւորած էր զիս խաւարին մէջ փայլատակող իրեն լոյսով։
