Ժուլիա Մութլուէն նոր մտայղացում

Կրօ­­նական ծի­­սակա­­տարու­­թիւննե­­րը ժո­­ղովրդա­­կան մշա­­կոյ­­թի հիմ­­նա­­­կան բա­­ղադ­­րիչներն են նաեւ։ Սկսե­­լով հե­­թանո­­սական շրջան­­նե­­­րու քուրմե­­րու, քրմա­­պետե­­րու ծի­­սական արա­­րողու­­թիւննե­­րէն, մին­­չեւ մե­­րօրեայ կեն­­ցա­­­ղային ապ­­րումնե­­րը ան­­բա­­­ժան մաս­­նիկն են ժո­­ղովրդա­­կան մշա­­կոյ­­թին, զոր կը կո­­չենք ֆոլք­­լոր։

Այս հաս­­տա­­­տու­­մէն մեկ­­նե­­­լով վաս­­տա­­­կաւոր պա­­րու­­սոյց եւ արո­­ւես­­տա­­­գէտ Ժու­­լիա Մութլու ձեռ­­նարկած է հա­­յոց մկրտու­­թեան, պսա­­կադ­­րութեան եւ յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան ծէ­­սերը բե­­մադ­­րել, օգ­­տո­­­ւելով պատ­­շաճ երաժշտու­­թե­­­նէ ու պա­­րէ։

Ինչպէս նա­­խորդ տար­­բեր բնոյ­­թի մի­­ջոցա­­ռումնե­­րուն, այս նա­­խաձեռ­­նութեան մէջ ալ իր գլխա­­ւոր գոր­­ծընկերն է Ժա­­նին Փա­­փազեանը։ Բե­­մադ­­րութի­­նը վստա­­հուած է Արամ Կոս­­տա­­­նեանին, որ նաեւ կը ներ­­կա­­­յանայ իբ­­րեւ սցէ­­նարի հե­­ղինակ եւ աս­­մունքող։ Թա­­թիանա Պոս­­թան, Մա­­րալ Աթա­­ման եւ Մու­­րատ Փէյ­­նիրճի կը մե­­ներ­­գէն, իսկ Արի Ալի­­ճիեան կը հա­­մադ­­րէ երաժշտա­­կան կա­­տարումնե­­րը։

8 Դեկ­­տեմբեր կի­­րակի երե­­կոյ ժա­­մը 19.00-ին Պա­­քըր­­գիւղի Լէյ­­լա Կեն­­ճե­­­րի անո­­ւան դահ­­լի­­­ճին մէջ կա­­յանա­­լիք այս մի­­ջոցա­­ռու­­մը կաս­­կած չկայ, որ իր եզա­կի բնոյ­թով նոր շունչ մը պի­տի պար­գե­ւէ պոլ­սա­հայ արո­ւես­տա­սէրներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ