Հակազդեցութիւն Նախագահ Էրտողանի անհիմն պնդումներուն դէմ

Նախա­­­գահ Էր­­­տո­­­­­­­ղան Միացեալ Նա­­­հանգներ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան ըն­­­թացքին ելոյթ մը ու­­­նե­­­­­­­ցած էր Ամե­­­րիկա­­­յի Կրօ­­­նից Տնօ­­­րէնու­­­թեան մէջ։

Հոն ու­­­նե­­­­­­­ցած ելոյ­­­թի ըն­­­թացքին Թուրքիոյ նա­­­խագա­­­հը անդրա­­­դար­­­ձած էր 1915-ի ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան եւ ու­­­րացման աւան­­­դա­­­­­­­կան պատ­­­գամնե­­­րը քայլ մը առաջ տա­­­նելով ըսած էր, թէ հա­­­յերը ար­­­դէն որ­­­պէս թա­­­փառիկ ազգ տար­­­բեր եր­­­կիրներ կ՚ապ­­­րէին։ «Անոնք Թուրքիոյ մէջ ալ զա­­­նազան վայ­­­րեր շրջե­­­լէ ետք վեր­­­ջա­­­­­­­պէս տա­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւեցան»։ Էր­­­տո­­­­­­­ղան նաեւ ար­­­հա­­­­­­­մար­­­հած էր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւնը գոր­­­ծա­­­­­­­ծելով «Տա­­­կաւին երե­­­կուան պե­­­տու­­­թիւնը» խօս­­­քը։

Թուրքիոյ նա­­­խագա­­­հը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած էր իր ան­­­հիմն պնդումնե­­­րուն, ըսե­­­լով թէ 2009-ին ստո­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւած բա­­­նաձե­­­ւը չէ վա­­­ւերա­­­ցուած հա­­­յոց կող­­­մէ։ Այս ըսե­­­լու ժա­­­մանակ ան­­­շուշտ Էր­­­տո­­­­­­­ղան չի յի­­­շեր թէ բա­­­նաձե­­­ւը չէր վա­­­ւերա­­­ցուած ստո­­­րագ­­­րուելէ­ վերջ անոր մէջ մտցո­­­ւած Ղա­­­րաբա­­­ղեան նա­­­խապայ­­­մա­­­­­­­նի պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ։ Այդ նա­­­խապայ­­­մա­­­­­­­նը բա­­­նաձե­­­ւի ստո­­­րագ­­­րու­թե­­­­­­նէ վերջ է որ թրքա­­­­կան կող­­­­մը իբ­­­­րեւ պա­­­­հանջ պար­­­­տադրեց Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նին եւ Հա­­­­յաս­­­­տանն ալ բնա­­­­կանա­­­­բար հրա­­­­ժարե­­­­ցաւ աղա­­­­ւաղո­­­­ւած բա­­­­նաձե­­­­ւը ստո­­­­րագ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լէ։

Նա­­­­խագահ Էր­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ղանի պատ­­­­մութիւ­­­­նը խե­­­­ղաթիւ­­­­րող այս ելոյ­­­­թին դէմ առար­­­­կեց Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­քին Գոր­­­­ծոց Նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թիւնը դի­­­­տել տա­­­­լով թէ Էր­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ղան ար­­­­դէն 2019-ին Ապ­­­­րիլ 24-ին հրա­­­­պարա­­­­կած ու­­­­ղերձով ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­թիւնը ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած էր իբ­­­րեւ լա­­­ւագոյն կան­­­խա­­­­­­­միջոց։ Իսկ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան զո­­­հերը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած էր, որ­­­պէս ահա­­­բեկիչ­­­ներ։ «Իսկ այժմ Էր­­­տո­­­­­­­ղան ու­­­րա­­­­­­­նալով իր ազ­­­գի պատ­­­մութիւ­­­նը հա­­­յոց ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան զո­­­հերուն կը յանդգնի թա­­­փառա­­­կան ըսել։ Այսպէ­­­սով ան կը փոր­­­ձէ հա­­­յոց հայ­­­րե­­­­­­­նիքն ալ ու­­­րա­­­­­­­նալ»։

Միւս կող­­­մէ ՀՏՓ-ի պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Կա­­­րօ Փայ­­­լան եւս դա­­­տապար­­­տեց նա­­­խագա­­­հի այս խօս­­­քե­­­­­­­րը, պնդե­­­լով թէ Էր­­տո­­­ղան լծո­­ւած է ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը փա­­ռաբա­­նելու դժբախտ գոր­­ծին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ