ՀՏՓ կը շարունակէ դիմադրել կոպիտ ճնշումներուն

Ժողո­վուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան կու­սակցու­թիւնը վեր­ջերս ալ աւե­լի թափ ստա­ցող քա­ղաքա­կան ճնշումնե­րու դի­մաց օրա­կար­գի վրայ բե­րաւ Խորհրդա­րանը լքե­լու վար­կա­ծը։ Ինչպէս ծա­նօթ է կա­ռավա­րու­թիւնը վեր­ջերս ար­հեստա­կան հար­ցաքննու­թիւննե­րով կը պաշ­տօ­նազրկէ կու­սակցու­թեան ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետե­րը եւ անոնց տեղ կը նշա­նակէ տե­ղապահ­ներ։ Բա­ցի պաշ­տօ­նազրկե­լէ կա­ռավա­րու­թիւնը կը բան­տարկէ նաեւ ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետ­նե­րը, որու դէմ օրի­նական բո­լոր առար­կութիւններն ալ ան­զօր կը մնան։ Այս պայ­մաննե­րու տակ կու­սակցու­թիւնը ընդլայ­նո­ւած նիս­տով ու­զեց որո­շում կա­յաց­նել ապա­գայ ռազ­մա­վարու­թիւնը ճշդե­լու հա­մար։

Կու­սակցու­թեան բո­լոր պատ­գա­մաւոր­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ 20 Նո­յեմ­բեր չո­րեք­շաբթի օր Ան­գա­րայի մէջ կա­յացող ժո­ղովը իբր ար­դիւնք յար­մար գտաւ ներ­կայ ձեռքբե­րումնե­րու պահ­պա­նու­մը։

ՀՏՓ կը նա­խատե­սէր Խորհրդա­րանէն հրա­ժարե­լով կան­խա­հաս ընտրու­թեան մը ճամ­բայ բա­նալ։ Բայց երբ պար­զուեցաւ թէ ընդդի­մադիր միւս կու­սակցու­թիւննե­րը կողմնա­կից չեն կան­խա­հաս ընտրու­թեան մը վար­կա­ծին ՀՏՓ ալ հրա­ժարե­ցաւ այդ գա­ղափա­րէն եւ որո­շեց պայ­քա­րը շա­րու­նա­կել Խորհրդա­րանին մէջ մնա­լով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ