Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը յառաջիկայ շաբաթ պիտի շարունակուի պետական պաշտօնեաներու դատով։ Նիստերը պիտի կայանան 26, 27, 28 թուականներուն յաջորդաբար երեք օր։
Նիստերու առաջին օրին կը սպասուի, թէ որպէս վկայ լսուին Տրապիզոնի Ոստիկան Զօրաց հրամանատարութենէն Հասան Կէօզալան, Ուղուր Էրտողան եւ Մուսթաֆա Սապրի Շահին։ Նոյն օր կը սպասուի ոստիկան Մուսթաֆա Տոլարի վկայութիւնները լսել։
Յաջորդ օրուայ համար ծրագրուած է Մուսթաֆա Իլհան, Սեպահատտին Արթուն, Մուսթաֆա Քուրուշ եւ Ֆուաթ Քէօմիւրճիւի վկայութիւնները։
Իսկ երրորդ օր իրենց վկայութիւնները կը ներկայացնեն Ֆիքրի Եալման եւ Իսմայիլ Կիւնայ։ Երկրորդ օրուայ նիստին դատախազները պիտի հետաքրքրուին Սամսունի հանրաշարժի կանգառին մէջ ոճրագործ Օկիւն Սամասթի հետ նկարուելու խնդրի մասին մանրամասնութիւններով։
Դատարանը նախապէս պահանջած էր Ազգային լրաքաղութեան բաժնի պաշտօնեաներու հարցաքննութիւնը, բայց այս մասին կազմակերպութենէն պատասխան մը չէ ստացուած եւ այդ նիւթի շուրջ որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած։