Հայ հոգեւոր երաժշտութեան հնագոյն աւանդութիւնն է շարականները։ Հայը իր պաղատանքը արտայայտեց շարականներու միջոցաւ եւ հետեւաբար ժամանակի ընթացքին եթէ ոչ սովորական ունկնդրի համար, բայց երաժշտական մշակոյթով զարգացած ականջներու համար շարականը դարձաւ նաեւ ժողովրդական երաժշտութեան հնագոյն արտայայտութիւն։
Լիտա Քէօսէօղլու ահա այդ տրամադրութիւնով լծուած է շարականներու երգեցողութեան դժուարին գործին։ Իսկապէս դժուար է շարականի երգեցողութիւնը, եթէ լսողը անոր ելեւէջներու մէջ պիտի ընկալէ ժողովրդականը։ Բայց ինչպէս որ ըսինք դժուարի կողքին խիստ պատուաբեր աշխատութիւն մըն է ան, որուն լծուած է երիտասարդ երգչուհին։ Վերջերս լոյս տեսաւ Լիտա Քէօսէօղլուի շարականներու ալպոմը «Քալան Միւզիք» ընկերութեան պիտակով։ «Քալան Միւզիք» ինքնին եւս հեղինակութիւն մըն է, որակաւոր երաժշտութեան իբրեւ երաշխիք։ Բոլորը գիտեն, թէ այս ընկերութեան սեփականատէրը հեռու կը մնայ շուկայական ակնկալութիւններէ եւ կը զօրակցի որոշ որակ խոստացող գործերուն միայն։ Ուրեմն այս չափանիշներու մէջ ցանկացած արուեստագէտի համար չափանիշ մըն է իր երգապնակին այս ընկերութեան մատենաշարէն լոյս տեսնելը։
Տեղին որոշում մըն է ալպոմը կոչել «Լոյս», քանի որ բառը իր փոխաբերական իմաստով ալ խստօրէն կը պատշաճի մեր հոգեւոր մշակոյթին։ Այստեղ նշուած շարականները հայոց քրիստոնէութեան պատմութեան հետ զուգահեռ են։ Սկսելով Մեսրոպ Մաշտոցէ մեր թարգմանիչ վարդապետները բացի Սուրբ Գրոց թարգմանութենէն զբաղեցան նաեւ երգահանութեամբ։ Այսօր Սուրբ Պատարագի կոչնակի իմաստով երգուող «Խորհուրդ Խորին» ալպոմին ալ առաջին գործն է, որ կարծես մեզ կը կանչէ Ս. Պատարագին։ Յաջորդաբար կը լսենք «Ո՞ւր ես Մայր Իմ», «Մայր եւ Կոյս», «Տէր Ողորմեայ», «Սուրբ, Սուրբ», «Սիրտ Իմ Սասանի», «Ի Վերին Երուսաղէմ», «Յորժամ» եւ «Հայր Մեր»։
Ձայնապնակի թողարկումը շատ աւելի իմաստալից է Թուրքիոյ մէջ, քանի որ այստեղ կը նկատենք շատ լուրջ ուշադրութիւն հայ մշակոյթը ընկալելու առումով։
Ալպոմը յաւելեալ փայլ ստացած է իր ձայնագրման եղանակներով ալ։ Արդարեւ ձայնագրութիւնները կատարուած են Ղալաթիոյ Սուրբ Պօղոս Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր ունի հնչողութեան եզակի հնարաւորութիւններ։ Բացի այդ այս եկեղեցին օժտուած է հզօր ձայնովը ծանօթ երգեհոնով։ Աշխատութեան ընթացքին Լիտա Քէօսէօղլու վայելած է նաեւ մասնագէտ երաժիշտի մը՝ Էտվին Կալիպօղլուի աջակցութիւնը։ Ան «Ակօս»ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին կը պատմէր թէ միասնաբար ձեւաւորած են երգացանկը բաւական բծախնդիր աշխատութեան մը հետեւանքով։