«Իսթանպուլի երգերը, պեղումներ քաղաքին երաժշտական պատմութեան մէջ» Կէօքհան Աքչուրայի Պոլսոյ հասարակական երաժշտութեան ձօնուած ուսումնասիրութիւնը որքան ալ խօսի պեղումներու մասին, նշենք թէ ակնարկուածը հնագիտական պեղումներ չեն, այլ հանրապետական շրջանին Պոլսոյ բեմերու տողանցք մը։ Սոյն տողանցքի հետքերը կարելի է որոնել մօտ անցեալի գրաւոր մամուլի էջերէն։ Հեղինակը իր պատումներուն մեկնակէտ կ՚ընդունի երաժշտութեան թատերական բեմերէ դէպի կապելաներ տեղափոխումը։ Առաջին յօդուածը, որ կը կրէ «Ինճէ սազտան կազինոյա» ճիշդ ալ այդ ոճային տարբերութեան կ՚ակնարկէ։ Արդարեւ ինճէ սազ կոչուածը թրքերէն դասական երաժշտութեան բազմահունչ, բայց միաձայն կատարումն է։ Աւելի յստակ պարզելու համար տարբեր հնչիւնով օժտուած նուագարաններ միասնաբար կը նուագեն նոյն մեղեդին։ Այս ոճի երաժշտութիւնը սովորաբար կ՚ունկնդրուէր դահլիճներու մէջ տուեալ ժամանակի գեղաձայն կատարողներու միջոցաւ։ Տարիներու հոլովոյթով դահլիճները փոխադրուեցաւ դէպի ընդարձակ ճաշարաններ, որոնք ժողովուրդի մօտ կը կոչուէին «կազինօ»։ երաժշտութեան դէպի կազինօներ փոխադրութիւնով փոփոխութիւններ տեղի ունեցաւ նաեւ երաժշտական ոճի իմաստով եւս։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ նախապէս դիւրաւ դասական ըլլալով նկարագրուած ոճը իր տեղը զիջեց աւելի հասարակականի։ Զուգահեռաբար փոխուեցաւ նաեւ զուարճանքի եղանակները։ Հետզհետէ երաժշտութիւնը պիտի հակէր դէպի արեւմտեան ճաշակներ։ Այսպէս շատ շահեկան վերյիշումներու (անշուշտ միայն տարիքի որոշ շերտի մը համար վերյիշումներու), իսկ երիտասարդ սերունդներու համար յայտնաբերման առիթ մըն է, որ կը գոյանայ Կէօքհան Աքչուրայի այս բնոյթի պատումներով։
Ան իր պատումը կը ներկայացնէ յօդուածներու ուշագրաւ խորագիրներով։ Ինչպիսին են՝ «Պոլսոյ մէջ ո՞վ հիմնեց առաջին թաւերնաները», «Թրքերէն թանկօն», «Տանսին վերջին փրօֆէօսորը Փանոսեան», «Ճազի արքայ Գրիգորի երազային գիշերները», «Օրօրուէ, գլորուէ, ռաքընռոլը Պոլսոյ մէջ» եւ տակաւին բազմաթիւ հետաքրքրական պատումներ։
Հետաքրքրական է նաեւ գրքի կողքին տեղադրուած միտքերը Պոլսոյ մասին։ «Աշխարհի վրայ թերեւս ամենաշատ արշաւանքներու մատնուած քաղաք մըն է Պոլիսը։ Ամէն մէկը փորձեր է իր ինքնութեամբ դրոշմել։ Բայց ան պահեր է իրեն յատուկ եղածը։ Չէ զիչեր ոչ ոգի։ Հսկայ կայսրութիւններ փուլ երեր են։ Որո՞ւ հոգն է։ Պոլիս շարունակեր է իր գիտցած ճամբով։ Ո՛չ պատերազմները խափաներ են Պոլսոյ ուրախ կենցաղը, ոչ ալ աղքատութիւն։ Կ՚ըսեն թէ այդ տարիներուն կանայք փողոց իսկ չէին ելլեր։ Սուտ է մի՛ հաւատաք։ Մենք ձեզ կը պատմենք, այդ տարիներու ամենասիրուած երգչուհիներու ոդիսականը»։
Այս տեսակի երաժշտութիւնը շատ անգամ մոռացութեան դատապարտուած է, քանի որ լրացուցած կը համարուի իր ժամանակը եւ նորաձեւութիւնը հիմա կը վազէ այժմէականին ետեւէն։ Իսկ Կէօքան Աքչուրայի նման նուիրեալներ թոյլ չեն տար այդ մոռացութեան։ Ընդ հակառակը որպէս երախտապարտութեան նմոյշ կու գան մեզ հաղորդակից դարձնելու անցեալի մէջ մնացած փառքերուն։