Ամէն ինչ սկսաւ ու աւարտեցաւ թանձր մշուշի մէջ։ Տրապիզոնէն երկու ժամ հեռաւորութեամբ լեռնադաշտի փառատօնի մը մասնակցած էի։ Ես ու ընկերս կապեր հաստատած էինք տրապիզոնցի լուսանկարիչներու հետ։ 2011 տարեթիւն էր։ Իրենք են որ մեզ առաջնորդեցին դէպի լեռնադաշտ։ Առաւօտ կանուխ ճամբայ ելանք։ Տեսարանը արտակարգօրէն գեղեցիկ էր։ Շրջակայ գիւղերէն բիւրաւոր ժողովուրդ հաւաքուած էր։ Ոմանք հետիոտն, կանայք հրապուրիչ էին իրենց գոյնզգոյն տարազներով եւ ուլունքներով նախշուած լաջակներով։ Այրեր նոյնքան աչքառու էին իրենց սեւ տաբատներով եւ այդ սեւին մէջ փայլատակող սպիտակ շապիկներով։ Հարիւրաւոր մարդկանց միասնաբար պարելն դիտելն իսկ իսկական վայելք մըն էր։ Կը յուսայի թէ մինչեւ մայրամուտ կը մնանք այդտեղ։ Բայց ափսոս մեզի առաջնորդող տեղացի լուսանկարիչները ուրիշ ծրագիրներ ալ ունէին եւ մենք հարկադրուեցանք շուտափոյթ ետ դառնալու։ Մեծ հիասթափութիւն էր ինձ համար։ Մշուշը պատած էր չորս կողմ եւ մենք կը փորձէինք դէպի մեր աւտոպուսները յառաջանալ։ Թէեւ դժուարաւ կը յառաջանայինք թանձր մշուշի մէջ, բայց ես կը սիրեմ մշուշապատ նկարել։ Ճամբու ընթացքին կը շարունակէի մարդիկ նկարելու։ Պահ մը ետ դարձայ մեր եկած լեռնադաշտը կրկին անգամ դիտելու համար եւ յանկարծ զինք տեսայ։ Կարծես այդ թանձր մշուշի մէջէն կամաց կամաց յայտնուող ուրուական մըն էր։ Արտակարգօրէն գեղեցիկ հագնուած, դէմքին ուրախ ժպիտով մը մանկամարդուհի մըն էր, որ դուրս կու գար մշուշի մէջէն։ Ապա անդրադարձայ, ձեռքի տոպրակին մէջ բամպակ շաքար ունէր։ Անմիջապէս նկարեցի եւ յետոյ անգամ մը եւս, եւ մինչեւ որ ստանամ այս նկարը, քանի մը հատ եւս…։
Ութը տարի անցած է այդ օրէն այս կողմ։ Չեմ մոռցած զինք, իսկ արդեօք ան կը յիշէ՞ այդ օր կերած բամպակ շաքարը։