«Յուշամատեան» կայքէջը նախորդ տարի Պոլսոյ մէջ ձեռնարկած էր Օսմանեան շրջանի հայ ապրումներու յատուկ նիւթերու հաւաքման աշխատանքը։ Այժմ նոյն բնոյթի աշխատանքը կը կայանայ Աթէնքի մէջ։ Ութ տարուայ վաստակ ունեցող նախաձեռնութիւնը թափ տուած է նիւթերու հաւաքման եւ դասաւորման գործին։ Բացի նիւթեր հաւաքելէ, մտադրուած է նաեւ հասարակութիւնը իրազեկ դարձնել կատարուած աշխատանքներու մասին։ Այսպէս նախատեսուած է նաեւ աշխատանոցներ, որոնք կը ներկայացնեն այս ծիրէ ներս կատարուած աշխատանքները։
Յունաստանեան միջոցառումը կը կայանայ «Համազգային» կրթական եւ մշակութային միութեան, «Արմենիքա» պարբերականի եւ «Յուշամատեան»ի համատեղ ջանքերով։
Կատարուած յայտարարութեան մէջ կոչ կ՚ուղղուի բոլոր անոնց, որոնք իրենց մօտ ունին հին լուսանկարներ, անտիպ յուշեր, առտնին առարկաներ, վաւերաթուղթեր, գիրքեր, եւ այլն։
Կ՚ըսուի թէ աշխատանոցներու ընթացքին այս տեսակի տուեալները պիտի թուայնացուի տեղւոյն վրայ եւ իսկոյն պիտի վերադարձուին իրենց տէրերուն։ Իսկ կատարուելիք դասախօսութիւններն ալ ՝ 28 Նոյեմբեր 2019 Հինգշաբթի, ժամը 20։30ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ պիտի բանախօսէ՝ Վահէ Թաշճեան նիւթ ունենալով «Յուշամատեան» ծրագիրը։ Բացման խօսքը պիտի արտասանէ Յարութիւն Քիւրքճեան։
Երկրորդ դասախօսութեան համար նախատեսուած է Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնը, ուր այս անգամ բացման խօսք պիտի արտասանէ Գուին Մինասեան։
Իսկ աշխատանոցները պիտի կայանան 30 Նոյեմբեր ժամը 11։00 18։00 ի միջեւ «Արամ Մանուկեան» ակումբի, 1 Դեկտեմբերին դարձեալ նոյն ժամերով այս անգամ «Զաւարեան» կեդրոնի մէջ։