ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՀԱԶԱՐ

Հա­զա­րա­­մեայ քա­­­րերու մէջ ծնած, հա­­­զար ու մէկ փոր­­­ձութիւննե­­­րով փոր­­­ձո­­­­­­­ւած, ապա հա­­­զար ու մէկ եկե­­­ղեցի­­­ներ շի­­­նած ազ­­­գի մը բառն է «հա­­­զար»։ Եւ, ի՞նչ փոյթ, թէ ան­­­յայտ է անոր ծա­­­գու­­­մը։ Նոյ­­­նիսկ եթէ օտա­­­րամուտ է, «բա­­­րով եկաւ, հա­­­զար բա­­­րի»։ Քան­­­զի, ան հա­­­զար խա­­­ղերով ու հա­­­զար տա­­­ղերով հարստա­­­ցուց մեր մայ­­­րե­­­­­­­նին։ Այ­­­սօր, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, մայ­­­րե­­­­­­­նիի հարստու­­­թեան մէկ հա­­­զարե­­­րոր­­­դը վա­­­յելե­­­լու հա­­­մար կ՛առա­­­ջար­­­կեմ հա­­­զար­­­բե­­­­­­­րան հէ­­­քիաթ­­­նե­­­­­­­րով լսել «հա­­­զար»ի հա­­­զարա­­­մեայ ու խորհրդա­­­ւոր պատ­­­մութիւ­­­նը։

Նախ, եր­­­կիւղա­­­ծու­­­թեամբ ականջ տանք Գա­­­րեգին վար­­­դա­­­­­­­պետ Սրուանձտեան­­­ցի խօս­­­քե­­­­­­­րուն. «Հա­­­յաս­­­տանն ու Հայ, որ հա­­­զար ան­­­գամ խո­­­րաման­­­կութեան ու բռնա­­­ւորու­­­թեան փոր­­­ձեր ան­­­ցուցեր են, փոր­­­ձեր՝ խլե­­­լու այս ազ­­­գի ար­­­մա­­­­­­­տը այդ ար­­­տէն, կամ փո­­­խելու այն հո­­­ղի յատ­­­կութիւ­­­նը, որ այ­­­լեւս չբուսցը­­­նէ զՀայ եւ չե­­­րեւի Հա­­­յու­­­թեան նշոյլ մը։ Բայց հա­­­յերը ման­­­գա­­­­­­­ղով հնձո­­­ւած ժա­­­մանակ սեր­­­մե­­­­­­­րը թա­­­փեր են փո­­­շինե­­­րուն մէջ, ար­­­մա­­­­­­­տէն խլո­­­ւած ժա­­­մանակ ջեղ մը թո­­­ղու­­­ցեր են քա­­­րի մը տակ, ձո­­­րի մը մէջ եւ նո­­­րէն բու­­­սեր, ծլեր, ար­­­մատ ձգեր, ոստ ար­­­ձա­­­­­­­կեր, ծաղ­­­կեր ու պտղա­­­բերեր են անդրէն»։

«Հա­­­զար»ը, զար­­­մա­­­­­­­նալի չէ, որ իր խնա­­­ձարու­­­րա­­­­­­­յին օրե­­­րէն իսկ երե­­­ւակա­­­յու­­­թիւննե­­­րու ծնունդ տո­­­ւաւ։ Հայ­­­կա­­­­­­­կան մա­­­տենագ­­­րութեան մէջ ու­­­նինք «հա­­­զար, հա­­­զարս», «հա­­­զարք հա­­­զարաց» եւ «զօ­­­րու­­­թեամբ հա­­­զարօք» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Իսկ այժմ, անոր հետ շի­­­նուած բարդ բա­­­ռերու եւ դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րու շնոր­­­հիւ մեր լե­­­զուն հա­­­զար ան­­­գամ աւե­­­լի հա­­­րուստ է։ Նախ համ­­­րենք բարդ բա­­­ռերը. 130ի չափ՝ պատ­­­կե­­­­­­­րաւոր ըն­­­տիր ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու հա­­­ւաքա­­­ծոյ, նե­­­րառեալ՝ հա­­­զարա...՝ բոյր, բե­­­րան, գանձ, գետ, գոյն, զանգ, լոյս, համ, մայր, մոմ, շող, շուրթ, սիւն, ստինք, փայլ, լե­­­զու, լիճ, նո­­­ւագ։ Կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել, թէ 5րդ դա­­­րուն հա­­­յերէ­­­նը ար­­­դէն ու­­­նէր «հա­­­զարա­­­պետ, հա­­­զարա­­­պետու­­­թիւն, հա­­­զարա­­­պատիկ եւ հա­­­զարա­­­ւոր» բա­­­ռերը։ Իսկ հա­­­զարա­­­գոյն դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րը մեր, ամէն օր կը քաղցրաց­­­նեն առօ­­­րեայ զրոյցնե­­­րը։ Ահա այսպէս- Մայ­­­րե­­­­­­­րը «հա­­­զար ան­­­գամ» կ՚ըսեն, թէ ճա­­­շէն առաջ պէտք է ձեռ­­­քե­­­­­­­րը լո­­­ւալ, նոյն մայ­­­րե­­­­­­­րը «հա­­­զար ու մէկ նե­­­ղու­­­թիւն» կը քա­­­շեն զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը մեծցնե­­­լու հա­­­մար, փոր­­­ձա­­­­­­­ռու ար­­­հեստա­­­ւորը «հա­­­զար կը դա­­­տէ՝ մէկ կը կտրէ», ան­­­գործը «հա­­­զար դուռ կը զար­­­նէ» աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի հա­­­մար, երախ­­­տա­­­­­­­գէտ մար­­­դը «հա­­­զար բե­­­րան փառք կու տայ» իր ու­­­նե­­­­­­­ցածին, անե­­­լի մատ­­­նո­­­­­­­ւած մար­­­դը «հա­­­զար կտոր կ՚ըլ­­­լայ» իր վի­­­ճակին լու­­­ծում մը գտնե­­­լու հա­­­մար, հա­­­յը ազ­­­գա­­­­­­­յին գոր­­­ծե­­­­­­­րու մէջ եր­­­բեմն ձա­­­խողու­­­թեան կը մատ­­­նո­­­­­­­ւի, քան­­­զի կը յայտնո­­­ւին «Մի կա­­­ռու­­­ցող՝ եւ հա­­­զար բե­­­րան»։ Մենք նաեւ ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք «հա­­­զար ու մէ­­­կ» եկե­­­ղեցի­­­ներու քա­­­ղաքա­­­մայր։ Ճիշդ է, որ ու­­­նինք նաեւ «Զիս չխայ­­­թող օձը թող հա­­­զար տա­­­րի ապ­­­րի» խօս­­­քը, սա­­­կայն, աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­բան եւ իմաս­­­տա­­­­­­­սէր Գրի­­­գոր Տա­­­թեւա­­­ցին 600 տա­­­րի առաջ մեզ զգու­­­շա­­­­­­­ցու­­­ցեր է. «Ան­­­տարբե­­­րու­­­թիւնը հա­­­ւասար է յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութեան։ Մե­­­ղաւո՛ր է ան, որ կ՚ըսէ՝ զիս չխայ­­­թող օձը թող հա­­­զար տա­­­րի ապ­­­րի»։ 13-րդ դա­­­րուն, երբ հա­­­յոց աշ­­­խարհը կ՚անցնէր հա­­­զար ու մէկ փոր­­­ձանքնե­­­րէ ու խան­­­գա­­­­­­­րուած էր ըն­­­կե­­­­­­­րային կա­­­յու­­­նութիւ­­­նը, բա­­­նաս­­­տեղծ Ֆրի­­­կը ըմ­­­բոստա­­­ցաւ։ Ան հա­­­զարով չա­­­փեց՝ Աս­­­տուծոյ անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը. «Մէ­­­կին հա­­­զար ձի եւ ջո­­­րի, մէ­­­կին ոչ ուլ մի, ոչ մա­­­քի։ Մէ­­­կին հա­­­զար դե­­­կան ոս­­­կի, մէ­­­կին ոչ փող մի պղնձի»։ Մարդ արա­­­րածի ար­­­ժէքն ալ չա­­­փելու հա­­­մար նժա­­­րին մէկ թե­­­ւին դրեր ենք հա­­­զար կշռա­­­քար։ 1500 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն Նա­­­հապետ Քու­­­չա­­­­­­­կը ըսեր է. «Մարդ կայ, որ հա­­­զար ար­­­ժէ, հա­­­զար մարդ կայ, որ մէկ մի չար­­­ժէ։ Այն մարդն, որ հա­­­զար ար­­­ժէ, ան­­­գէ­­­­­­­տին մօտ փող մի չար­­­ժէ»։ Քու­­­չա­­­­­­­կը հա­­­զարով ու­­­զեր է նաեւ կեան­­­քը վա­­­յելել. «Քե­­­զի գիրկ ու ծոց անեմ, պագ հա­­­զար, մինչ որ լու­­­սա­­­­­­­նայ», «Հա­­­զար եար փո­­­խան կու տան, չեմ առ­­­նուր ու զքեզ չեմ ի տար», «Աղուորն ալ ի դէմս ելաւ, զէտ հա­­­զար լու­­­սին բո­­­լորած», «Եկի, զքեզ ի քու գտայ, պագ առի հա­­­զար հա­­­մարով»։ Սա­­­յաթ Նո­­­վայի սիր­­­տը, իր եարն է պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, հա­­­զար ան­­­գամ այ­­­րեր է. «Ճի­­­պու­­­տըղ վա­­­րաղ­­­նած պի­­­տի, թահր ու­­­նե­­­­­­­նայ հա­­­զար ռան­­­գով»։ Իսկ Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցը իր խօս­­­քը ուղղեց Սա­­­յաթ Նո­­­վային ու եր­­­գեց. «Հա­­­զար ու մէ գիրք կար­­­դա­­­­­­­ցի - խե­­­լացի գիրք չտե­­­սայ, / Հա­­­զար կնկայ գիրկն ըն­­­կայ - սի­­­րեկան գիրկ չտե­­­սայ։ / Հա­­­զար գո­­­զալ սիրտս էրեց ու հա­­­զարին սի­­­րեցի - Քո սուրբ կրքից աւե­­­լի վառ ու ան­­­մար կիրք չտե­­­սայ»։ Իսկ «Էլի գա­­­րուն կը գայ» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ Չա­­­րեն­­­ցը իմաս­­­տա­­­­­­­սիրեց. «Հա­­­զար վարդ կը բա­­­ցուի աշ­­­խարհի մէ­­­ջը, / Հա­­­զար աչք կը թա­­­ցուի աշ­­­խարհի մէ­­­ջը, / Հա­­­զար սիրտ կը խո­­­ցուի աշ­­­խարհի մէ­­­ջը / Էշ­­­խը կրակ կ՛ըլի՝ արին կը մնայ»։

Այս բա­­­ռը, աւե­­­լի քան բո­­­լոր թի­­­ւերը գու­­­մա­­­­­­­րած, ճշգրտօ­­­րէն նկա­­­րագ­­­րեց մեր լեռ­­­նաշխար­­­հը։ Դար­­­ձեալ լսենք Չա­­­րեն­­­ցի ձայ­­­նը. «Ու հնա­­­մեայ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րի հա­­­զարա­­­մեայ քա՛րն եմ սի­­­րում»։ «Տան­­­թէական առաս­­­պել» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ ան պա­­­րեց հին շուրջպա­­­րը, երբ 18 ամեայ բա­­­նաս­­­տեղծը որ­­­պէս կա­­­մաւոր զի­­­նուոր կ՚եր­­­թար ճա­­­կատ. «Բո­­­լորեց իս­­­կոյն մեր շուրջպա­­­րը հին. / Զնգա­­­ցին նո­­­րից հա­­­զար երգ ու վանկ»։ Բայց ան խե­­­լագար ու ցա­­­ւոտ վե­­­րադար­­­ձաւ ճա­­­կատէն. «Իմ հա­­­զա՜ր ան­­­գամ ու հա­­­զա՜ր սրով / Ար­­­նո­­­­­­­տած, խո­­­ցուած սիր­­­տը նաիրեան»։ Հայ­­­րե­­­­­­­նի դաշ­­­տե­­­­­­­րու վրայ հունձքի պատ­­­կե­­­­­­­րը եկաւ Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նէն. «Կը սոթ­­­տո­­­­­­­ւին թե­­­զանիք­­­ներ, գե­­­րան­­­դի­­­­­­­ներ թող յե­­­սանո­­­ւին. / Այ­­­սօր եր­­­կու հա­­­զար մշակ կը հնձեն ցո­­­րե՛նը եւ գա­­­րին»։ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը մե­­­զի տո­­­ւաւ հա­­­զարա­­­ւոր այլ հա­­­րուստ պատ­­­կերներ- «Շո­­­ղի հա­­­զար վտակ­­­ներ, հա­­­զար ալիք­­­ներ», «Հա­­­զար կայ­­­ծակ», «Հա­­­զար սե­­­րունդ», «Հա­­­զար համ­­­բոյր», «Հա­­­զար գո­­­հար»։ Դուք լսա՞ծ էք, թէ Կա­­­քաւա­­­բեր­­­դի աւե­­­րակ­­­նե­­­­­­­րու մօտ Բա­­­սու­­­տա գե­­­տը, ձո­­­րի մէջ ինչպէս կը թնդայ։ Ակ­­­սել Բա­­­կունցը նկա­­­րագ­­­րեց այդ ձայ­­­նը. «Իր նեղ հու­­­նի մէջ գա­­­լար­­­ւում է Բա­­­սու­­­տա գե­­­տը, ասես նրա սպի­­­տակ փրփու­­­րի տակ ոռ­­­նում են հա­­­զար գամփռներ»։

Թու­­­մա­­­­­­­նեանի հա­­­մար հա­­­զարը եղաւ մարդ նկա­­­րագ­­­րող բառ։ Նախ յի­­­շենք Նա­­­զարը, հե­­­րոս­­­նե­­­­­­­րու ամե­­­նէն քա­­­ջը. «Ան­­­յաղթ հե­­­րոս Քաջն Նա­­­զար, / Որ մին զար­­­կի՝ ջար­­­դի հա­­­զար»։ Թու­­­մա­­­­­­­նեանի գրի­­­չէն հա­­­զար նզովք տե­­­ղաց տմար­­­դին. «Բե­­­րանն ար­­­նոտ Մար­­­դա­­­­­­­կերը էն ան­­­բան / Հա­­­զար դա­­­րում հա­­­զիւ դա­­­ռաւ Մար­­­դասպան»։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս բա­­­նաս­­­տեղծը գտաւ յա­­­ւեր­­­ժութեան գաղտնի­­­քը. «Հա­­­զար տա­­­րով, հա­­­զար դա­­­րով առաջ թէ ետ, ի՜նչ կայ որ. / Ես եղել եմ, կա՜մ, կը լի­­­նեմ յար ու յա­­­ւէտ, ի՜նչ կայ որ, / Հա­­­զար էս­­­պէս ձե­­­ւեր փո­­­խեմ, ձե­­­ւը խաղ է ան­­­ցա­­­­­­­ւոր, / Ես միշտ հո­­­գի, տիեզեր­­­քի մեծ հո­­­գու հետ, ի՜նչ կայ որ»։ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցը այս բա­­­ռի վրայ դրաւ իր բա­­­րի սիր­­­տը. «Ու բա­­­րեւի մը փո­­­խան հա­­­զար բա­­­րիք ես տա­­­յի»։ Ար­­­ցա­­­­­­­խի զա­­­ւակ բա­­­նաս­­­տեղծ Վար­­­դան Յա­­­կոբեանը, որ իր երկրի պե­­­տական քայ­­­լերգին հե­­­ղինակն է, ինչպէս նաեւ՝ «Մայ­­­րա­­­­­­­կան երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թիւն՝ Ար­­­ցա­­­­­­­խի քա­­­ջոր­­­դի­­­­­­­ներին» մե­­­դալին ար­­­ժա­­­­­­­նացած մարդ, այսպէս նկա­­­րագ­­­րեց իր նե­­­րաշ­­­խարհը. «Հա­­­զար արեւ ու­­­նեմ իմ մէջ... / Հա­­­զար ու մի ժայռ ու ջրվէժ»։

Ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս, հա­­­զարա­­­դայ­­­լայլ եր­­­գեր հիւ­­­սե­­­­­­­ցինք։ Թու­­­մա­­­­­­­նեանը տե­­­սաւ հայ­­­րե­­­­­­­նիքի ապա­­­գան. «Ու պի­­­տի գայ հա­­­նուր կեան­­­քի ար­­­շա­­­­­­­լոյ­­­սը վառ հա­­­գած, / Հա­­­զա՜ր-հա­­­զար լու­­­սա­­­­­­­պայ­­­ծառ հո­­­գինե­­­րով ճա­­­ռագած»։ Շի­­­րազը փա­­­ռաբա­­­նեց Անին. «Հա­­­զարա­­­զանգ զարթնեց­­­նեմ հա­­­զարա­­­մեայ իր խոր քնից / Հա­­­զար ու մի զան­­­գով՝ յստակ զան­­­գեմ Անին՝ վեր ղօ­­­ղան­­­ջեմ։ / Հա­­­զար տա­­­րուայ կա­­­րօտ ու­­­նի իմ երա­­­զը հա­­­զարա­­­թեւ / Ա՜խ, թէ­­­կուզ լուռ, դեռ աւե­­­րակ, տես­­­նեմ Անին՝ ու նոր մեռ­­­նեմ»։

Իսկ երբ հայ գու­­­սա­­­­­­­նի եր­­­գի լա­­­րերուն դպաւ բա­­­ռը, եր­­­գեց եարը, եւ ան հա­­­զար ան­­­գամ անուշցաւ։ Գու­­­սան Շա­­­հէնը ըսաւ. «Քո Շա­­­հէնն եմ, եա՜ր, հա­­­զար խա­­­ղերով / Եկել եմ դուռդ, մա­­­տաղ քո կեան­­­քին»։ Իսկ Գու­­­սան Աշո­­­տը հա­­­զար յոյ­­­սով կան­­­չեց իր եարին.

Հա­­­զար նա­­­զով, 
եար, հո­­­վերի հետ եկ,

Ծա­­­ղիկ փնջե­­­րով՝ սարւորի հետ եկ։