Նորայր Տատուրեան կը շարունակէ ուսուցանել

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

«Ակօս»ի աշ­խա­­­­­տակից Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեան պատ­­­կե­­­­­­­րազարդ բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւն մը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ 6 Դեկ­­­տեմբե­­­րին, Լոս Ան­­­ճէ­­­­­­­լըսի իրա­­­նահայ միու­­­թեան մէջ։ «Հայ­­­կա­­­­­­­կան Տա­­­ղասա­­­ցու­­­թիւն» խո­­­րագ­­­րեալ բա­­­նախօ­­­սու­­­թեան մէջ Տա­­­տու­­­րեան կը ծա­­­նօթաց­­­նէ 1100-1700 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ հայ միջ­­­նա­­­­­­­դարեան գրա­­­կանու­­­թեան կա­­­րեւոր դէմ­­­քե­­­­­­­րը, որոնք իրենց ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րով հիմ­­­քը դրին գրա­­­կան աւան­­­դութեան մը, որու վրայ աւե­­­լի ուշ բարձրա­­­ցաւ ար­­­դի հայ գրա­­­կանու­­­թիւնը։ Տո­­­ւեալ ժա­­­մանա­­­կահա­­­տուա­­­ծը ու­­­շագրաւ է իր լե­­­զուա­­­կան առանձնա­­­յատ­­­կութիւննե­­­րով եւս։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ ար­­­դի աշ­­­խարհա­­­բարը յղկո­­­ւեցաւ շատ աւե­­­լի ուշ տա­­­րեթի­­­ւերուն Խա­­­չատուր Աբո­­­վեանի եւ յա­­­ջոր­­­դողնե­­­րու ար­­­տադրած աշ­­­խարհա­­­բար գրա­­­կանու­­­թեամբ։ Հա­­­յերէն բա­­­ռերու ստու­­­գա­­­­­­­բան­­­ման վե­­­րաբե­­­րեալ խիստ շա­­­հեկան յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րը ար­­­դէն ապա­­­ցոյցն են Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեանի ու­­­նե­­­­­­­ցած գրա­­­կան հսկայ պա­­­շարին։ Այժմ այդ պա­­­շարը խիստ շա­­­հեկան բա­­­նախօ­­­սու­­­թեան մը մի­­­ջոցով կը հաս­­­նի լայն զան­­­գո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րու։ Ափ­­­սոս որ այս իրա­­­դար­­­ձութիւ­­­նը կը զու­­­գա­­­­­­­դիպի այնպի­­­սի օրե­­­րու, երբ մեր ըն­­­կե­­­­­­­րը բո­­­լոր կա­­­րողու­­­թիւնով կը փոր­­­ձէ կան­­­խել իր իսկ պաշ­­­տօ­­­­­­­նավա­­­րած վար­­­ժա­­­­­­­րանի փա­­­կու­­­մը։

Ան­­­շուշտ որ դպրո­­­ցի մը փա­­­կուե­­­լու երե­­­ւոյ­­­թը ինքնին մտա­­­հոգիչ երե­­­ւոյթ է, բայց այդ մտա­­­հոգու­­­թիւնը բնա­­­կանա­­­բար ալ աւե­­­լի ծանր կը զգան բո­­­լոր անոնք, որոնք իրենց նո­­­ւիրու­­­մը բե­­­րած են աս­­­պա­­­­­­­րէզին։ Չէ որ ու­­­սուցչու­­­թիւնը սո­­­վորա­­­կան որե­­­ւէ ասպարէզէ աւե­­­լի տար­­­բեր նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նի եւ կա­­­րելի չէ ան դի­­­տել իբ­­­րեւ սո­­­վոր­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւն։

Մենք տո­­­ւեալ բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւնը կը դի­­­տենք նաեւ այս շրջագ­­­ծին մէջ, պնդե­­­լով որ ու­­­սուցի­­­չը չի կրնար շատ ալ հե­­­ռու մնալ ամ­­­պիոնէն։ Ան պի­­­տի դա­­­սաւան­­­դէ, պի­­­տի ու­­­սուցա­­­նէ եւ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր օր կրկին ու կրին պի­­­տի կեր­­­տէ իր գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը։ Անխղճու­­­թիւն է նո­­­ւիրեալ ու­­­սուցի­­­չը զրկել իր սա­­­ներէն, պար­­­զա­­­­­­­պէս այն պատ­­­ճա­­­­­­­ռով որ. «դպրո­­­ցին ծախ­­­սը մեծ է եւ պիւտճէի ելքն ու մուտքը չեն հա­­­ւասա­­­րակշռեր իրար»։ Գի­­­տենք որ ի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն որե­­­ւէ վա­­­ճառա­­­տու­­­նէ, կան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւններ որոնց յա­­­ջողու­­­թիւնը կա­­­րելի չէ շա­­­հով բա­­­ցատ­­­րել։ Այդ տե­­­սակի են ուսման հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը, այդ տե­­­սակի են առող­­­ջութեան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը։ Բնա­­­կան է անոնց ելք ու մուտքի հա­­­շուե­­­ցու­­­ցա­­­­­­­կին վնա­­­սով փա­­­կուի­­­լը։ Հա­­­կառակ պատ­­­կե­­­­­­­րը մտա­­­հոգիչ է։ Կ՚ար­­­ժէ մտա­­­հոգո­­­ւիլ, երբ պի­­­տի տես­­­նենք եկամ­­­տա­­­­­­­բեր դպրոց մը կամ հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց։ Նման պատ­­­կե­­­­­­­րը տես­­­նե­­­­­­­լով ար­­­դա­­­­­­­րօրէն կրնանք խոր­­­հիլ, որ սխալ մը գոր­­­ծո­­­­­­­ւած է։

Այս պա­­­հուն մենք ոգե­­­ւորու­­­թեամբ յա­­­ջողու­­­թիւն կը մաղ­­­թենք մեր սի­­­րելի ըն­­­կե­­­­­­­րոջ եւ կը մաղ­­­թենք որ միշտ պայ­­­ծառ ըլ­­­լայ իր գրի­­­չը եւ մենք ալ օգ­­­տո­­­­­­­ւինք անոր կու­­­տա­­­­­­­կած գրա­­­կան եւ պատ­­­մագրա­­­կան տե­­ղեկու­­թիւններուն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ