Խօսք՝ ողջունի ու երախտիքի

Երախտապարտութեան կամ երախ­­տա­­­գիտու­­թեան մարմնա­­ցումն է, որ հա­­տորի մը կեր­­պա­­­րով եկած է մեր սե­­ղանին վրայ։ Խօս­­քը կը վե­­րաբե­­րի Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի վեր­­ջին հրա­­տարա­­կու­­թեան, Եդո­­ւարդ Սիմ­­քէ­­­շեան «Դէմ­­քեր եւ Դրո­­ւագ­­ներ»։ Իրաւ ալ գիր­­քին ինք բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ երախ­­տիք մըն է բազ­­մա­­­թիւ հե­­ղինակ­­նե­­­րու վաս­­տա­­­կին դի­­մաց։ Եդո­­ւարդ Սիմ­­քէ­­­շեան իբ­­րեւ քաջ գրա­­գէտ ու­­սումնա­­սիրած է Վա­­հան Տէ­­րեան, Կոս­­տան Զա­­րեան, Պետ­­րոս Դու­­րեան, Յա­­կոբ Մնձու­­րի, Վա­­հան Թէ­­քէեանի նման հայ գրա­­կանու­­թեան հսկա­­ները եւ դրո­­ւատած անոնց գրա­­կան մեծ պա­­շարը։

Գիր­­քին մէջ տեղ գտած է նաեւ մա­­հագ­­րութիւններ զա­­նազան հե­­ղինակ­­նե­­­րու ձօ­­նուած, այս կար­­գին են Հայ­­կա­­­նոյշ Մառք, Հա­­մաստեղ, Շա­­ւարշ Նար­­դունի եւ Կոս­­տան Զա­­րեան։

Սիմ­­քէ­­­շեան նման բծախնդրու­­թեամբ եւ երախ­­տա­­­պար­­տութեամբ անդրա­­դար­­ձած է նաեւ բազ­­մա­­­թիւ օտա­­րազ­­գի հե­­ղինա­­կի վաս­­տա­­­կին, որոնց կար­­գին են Անտրէ Մօ­­րուա, Անտրէ Մալ­­րօ, Էրիհ Մա­­րիա Ռե­­մարք, Ժիւլ Ռո­­մէն, Փոլ Վա­­լերի, Անտրէ Ժիտ, Ան­­րի Պերնշթայն, Հեն­­րիկ Իպ­­սեն։

Եթէ առա­­ջին հեր­­թին խօ­­սեցանք հե­­ղինա­­կի երախ­­տա­­­գիտու­­թեան մա­­սին, գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թիւնն ալ ինքնին երախ­­տա­­­գիտու­­թեան դրսե­­ւորում մըն է։ Այժմ իր երախ­­տի­­­քի տուրքը կը մա­­տու­­ցէ Թրքա­­հայ Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի վաս­­տա­­­կաւոր գոր­­ծիչ Արամ Գամ­­պուրեան։ Գամ­­պուրեան՝ բա­­զում տա­­րիներ թեր­­թե­­­րու էջե­­րէն խնամ­­քով մկրա­­տած եւ հա­­ւաքած է Եդո­­ւարդ Սիմ­­քէ­­­շեանի գրու­­թիւննե­­րը, որոնք այ­­սօր հե­­ղինա­­կի մա­­հէն 40 տա­­րիներ անց կրկին ան­­գամ կը ներ­­կա­­­յանան ըն­­թերցո­­ղին, հա­­տորի մը մէջ մէկ­­տե­­­ղուած ձե­­ւով։

Յա­­ջողու­­թեան կա­­րելի է հաս­­նիլ միայն ու միայն գի­­տակից մի­­ջավայ­­րի մը աջակ­­ցութիւ­­նը վա­­յելե­­լով։ Այս առու­­մով Գամ­­պուրեանի բախ­­տա­­­ւորու­­թիւնն է, ու­­նե­­­նալ ըն­­կերներ, որոնք դիւ­­րաւ կը կի­­սեն իր գնա­­հատած ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը եւ կը զօ­­րակ­­ցին այս կամ այն գոր­­ծը գլուխ հա­­նելու հա­­մար։

Արամ Գամ­­պուրեան իր հա­­ւաքած յօ­­դուած­­նե­­­րու կտրօն­­նե­­­րուն աւել­­ցուցած է հե­­ղինա­­կի մե­­ծարան­­քի երե­­կոյ­­թին ար­­տա­­­սանո­­ւած եր­­կու ուղղերցներ՝ Վար­­դան Կո­­միկեանի եւ Վարդ Շի­­կահե­­րի ստո­­րագ­­րութեամբ։ Իսկ հրա­­տարա­­կու­­թեան ըն­­դա­­­ռաջ ապա­­հոված է Ռո­­պէր Հատ­­տէ­­­ճեանի եւ Մաք­­րուհի Պիւ­­յիւքյա­­կոբեանի ող­­ջոյնի խօս­­քե­­­րը, այս հրա­­տարա­­կու­­թեան առ­­թիւ։

Այսպէ­­սով ըն­­թերցո­­ղը տե­­ղեակ կը դառ­­նայ հսկայ աւան­­դութեան մը ժա­­ռան­­գէն։ Մար­­դիկ եկան ու ան­­ցան եւ այդ ճա­­նապար­­հին վրայ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­ցին, վաս­­տակ մը ապա­­հովե­­ցին, որ եթէ չըլ­­լար նման աշ­­խա­­­տու­­թիւն, հա­­ւանա­­բար կո­­րած պի­­տի ըլ­­լար հին թեր­­թե­­­րու դեղ­­նո­­­տած էջե­­րուն վրայ։ Եթէ այդպէս չե­­ղաւ, ու­­րեմն եկէք մենք ալ որ­­պէս ըն­­թերցող մեր երախ­­տի­­­քը յայտնենք, թէ Արամ Գամ­­պուրեանին, թէ սոյն հա­­տորի հրա­­տարա­­կու­­թեան մե­­կենաս դար­­ձողնե­­րուն եւ թէ որ­­պէս հաս­­տա­­­տու­­թիւն նման առա­­քելու­­թիւնը յանձն առ­­նող Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ