Երբ պոլսահայոց օրակարգը ըստ երեւոյթի խտացած է պատրիարքական ընտրութիւններու վրայ, առանց կանգ առնելու իրերայաջորդ կերպով կը շարունակուին երաժշտական ու գեղարուեստական միջոցառումները եւս։ Այս ծիրէն ներս Լուսաւորիչ երգչախումբը 17 Նոյեմբերին սարքած համերգով յիշատակեց հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Համեարգը նաեւ ձօնուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։ Արդարեւ երգչախումբի առաջին կատարումները եղան Կոմիտասեան խմբերգեր, իսկ յայտագրի տեւողութեամբ ունկնդիրները լսեցին Մակար Եկմալեանի, Բարսեղ Կանաչեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի գործերէն նմոյշներ։
Վաստակաւոր խմբավար յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ մատուցուած այս յաջող կատարումներուն դաշնամուրով կ՚ընկերակցէին Ռոպէր Տողանայ եւ Մելինէ Թեմելճի։
Համերգի երկրորդ մասին էր որ Հրանդ Չիզմեճեանի ղեկավարութեամբ բեմ բարձրացաւ նաեւ երգչախումբի մանկանց կազմը։ Համերգի ընթացքին իրենց կատարումներով հանդիսատեսի գնահատանքին արժանացան մեներգիչներ՝ Սերճան Կազերօղլու, Շանթ Չաքմաքճը, Մարիա Հազարեան Էրշեն եւ Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու։
Համերգի աւարտին երգչախումբը ողջունեց նաեւ խմբավար Մամիկոնեանի բեմի վրայ բոլորած 30 տարիները։ Իբրեւ հուսկ բանք նման գնահատանքի ելոյթ մը ունեցաւ Տեղապահ Սահակ Մաշալեան, որ յատկապէս ընդգծեց խումբի երիտասարդական կազմակերպութիւն մը ըլլալու հանգամանքը։ Սրբազանը յոյս յայտնեց, թէ շուտով կ՚արժանանանք նաեւ խումբի դարադարձը նշելու, քանի որ կ՚ընդանայ ամուր գետնի մը վրայ, որուն երաշխիքն է երգչախումբէ ներս տիրող սերնդափոխութիւնը։
Մենք ալ սրտանց կը շնորհաւորենք այս կարեւոր եւ իմաստալից յաղթանակը, մաղթելով նորանոր նուաճումներ Լուսաւորիչ երգչախումբի երաժշտական կեանքի մէջ։