Հայ հոգեւորականը ահաբեկչութեան զոհ

Երբ Թուրքիոյ քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րը մէկ­­­տե­­­­­­­ղուե­­­լով Մար­­­տին, Ասո­­­րեց­­­ւոց Տէյ­­­րուլ Զա­­­ֆարան վան­­­քին մէջ կ՚աղօ­­­թեն Թուրքիոյ Զի­­­նեալ Ու­­­ժե­­­­­­­րու դէ­­­պի Սու­­­րիա կա­­­տարած ար­­­շա­­­­­­­ւան­­­քին յա­­­ջողու­­­թեան հա­­­մար, ան­­­դին սահ­­­մա­­­­­­­նի հան­­­դի­­­­­­­պակած կող­­­մէն կը լսո­­­ւին մա­­­հուան դէպ­­­քեր։ 11 Նո­­­յեմ­­­բեր եր­­­կուշաբ­­­թի օր սպան­­­նո­­­­­­­ւած է Քա­­­մըշ­­­լըի Հայ Կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքի ժո­­­ղովրդա­­­պետ եւ հո­­­գեւոր հո­­­վիւ Տէր Յով­­­սէփ քա­­­հանայ Պե­­­տոյեանը եւ հայ­­­րը՝ Յան­­­նա Պե­­­տոյեան սպան­­­նո­­­­­­­ւեցան ահա­­­բեկ­­­չա­­­­­­­կան յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մի մը հե­­­տեւան­­­քով։

Տէր Յով­­­սէփ եւ հայ­­­րը կրա­­­կոց­­­նե­­­­­­­րու են­­­թարկո­­­ւեցան Հա­­­սեքէ Տէր Զօր ճա­­­նապար­­­հին վրայ, երբ անոնք կը փոր­­­ձէին եր­­­թալ Տէր Զօ­­­րի հա­­­մայնքին հո­­­վուա­­­պետա­­­կան այ­­­ցով։ Իրենց հետ կը ճամ­­­բորդէր նաեւ ասո­­­րի սար­­­կա­­­­­­­ւագ Ֆա­­­ղի Սա­­­նօ, որ ծան­­­րօ­­­­­­­րէն վի­­­րաւո­­­րուած է եւ փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւած Քա­­­մըշ­­­լըի հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց։

Տէր հօր յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թիւնը կա­­­տարուեցաւ Քա­­­մըշ­­­լըի Սուրբ Յով­­­սէփ Հայ Կա­­­թողի­­­կէ Առաջ­­­նորդա­­­նիստ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ, եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­կան փո­­­խանորդ առաջ­­­նորդ Անդրա­­­նիկ ծայ­­­րա­­­­­­­գոյն վար­­­դա­­­­­­­պետ Այ­­­վա­­­­­­­զեանի ձե­­­ռամբ։

Արա­­­րողու­­­թեան ներ­­­կայ գտնո­­­ւեցան Հայ Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեց­­­ւոյ կա­­­թողի­­­կոսա­­­կան տե­­­ղապա­­­հը, միւս քոյր եկե­­­ղեցի­­­ներու հո­­­գեւոր ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ, հայ հա­­­մայնքի հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­ներ եւ իս­­­լա­­­­­­­մադա­­­ւան հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ան­­­դամներ, ի նշան զօ­­­րակ­­­ցութեան։

Այ­­­վա­­­­­­­զեան հայր սուրբ իր քա­­­րոզին մէջ վեր առաւ հան­­­գուցեալ քա­­­հանա­­­յին նո­­­ւիրա­­­կան ծա­­­ռայու­­­թեան ոգին եւ շեշ­­­տեց թէ ան նա­­­հատակն է հա­­­մայն քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թեան եւ նաեւ Սու­­­րիական հայ­­­րե­­­­­­­նիքին։ Ան աւել­­­ցուց թէ Սու­­­րիոյ մէջ հա­­­յերը լի իրաւ մաս­­­նիկն են ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան ու երկրին եւ Հայր Յով­­­սէփ նա­­­հատա­­­կուե­­­ցաւ, երբ կը կա­­­տարէր իր հով­­­վի պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւնը։ «Ես մեծ վստա­­­հու­­­թի­­­­­­­ւան ու­­­նէի իր վրայ։ Եւ անոր մա­­­հը ին­­­ծի հա­­­մար մեծ կո­­­րուստ է։ Մեր նա­­­հատակ­­­նե­­­­­­­րուն արիւ­­­նը այս հո­­­ղին մէջ պի­­­տի պտղա­­­բերէ ու գե­­­ղեցիկ ծի­­­լեր պի­­­տի պար­­­գե­­­­­­­ւէ» ըսաւ Այ­­­վազգեան հայր սուրբը։

Ող­­­բա­­­­­­­ցեալ քա­­­հանան ու­­­նէր որ­­­դի մը եւ եր­­­կու դուստր։ Ցա­­­ւալի զու­­­գա­­­­­­­դիպու­­­թեամբ ոճի­­­րը գոր­­­ծո­­­­­­­ւած է Շեդ­­­դա­­­­­­­դէ կո­­­չուած վայ­­­րը, ուր տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած էր 1915-ի Հայ­­­կա­­­­­­­կան ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան վեր­­­ջին զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­յին կո­­­տորա­­­ծը։

Տէր Յով­­­սէփ քա­­­հանա­­­յի ձեռ­­­նադրու­­­թիւնը կա­­­տարո­­­ւած էր 2014-ին ձե­­­ռամբ Արհ. Տէր Ռա­­­ֆաէյլ Արք. Մի­­­նասեանի, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Արե­­­ւիկ հա­­­մայնքի մէջ։

Ոճի­­­րէն ան­­­մի­­­­­­­ջապէս ետք ՏԱԻՇ ահա­­­բեկ­­­չա­­­­­­­կան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնով ստանձնեց յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մը։

Փրան­­­կիսկոս Պա­­­պը «Թուի­­­թըր»եան պատ­­­գա­­­­­­­մով մը ցա­­­ւակ­­­ցե­­­­­­­ցաւ յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թեան հա­­­մար մէկ­­­տե­­­­­­­ղուած Հայ կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքին եւ նա­­­հատա­­­կուած քա­­­հանա­­­յի ըն­­­տա­­­­­­­նեկան պա­­­րագա­­­ներուն ու հա­­­մայն Սու­­­րիոյ քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թեան։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Արտ գործ նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնն ալ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնով մը պա­­­խարա­­­կեց ոճի­­­րը։ Յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեան մէջ նշո­­­ւեցաւ, թէ Սու­­­րիոյ հիւ­­­սիս արե­­­ւելեան հա­­­տուա­­­ծի դէմ ար­­­շա­­­­­­­ւան­­­քը կը խրա­­­խու­­­սէ ահա­­­բեկ­­­չա­­­­­­­կան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը եւ ան­­­պաշտպան կը թո­­­ղու ազ­­­գա­­­­­­­յին եւ կրօ­­­նական փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րը եւ առ­­­հա­­­­­­­սարակ խա­­­ղաղ բնակ­­­չութիւ­­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ