Դատական խեղկատակութիւն

Լրագրող Ահ­մետ Ալ­թան երեք տա­րուայ բան­­տարկու­­թե­­­նէ ետք, 5 Նո­­յեմ­­բե­­­րին ազատ ար­­ձա­­­կուած էր։ Ալ­­թան կը մե­­ղադ­­րո­­­ւէր 15 Յու­­լի­­­սի ան­­յա­­­ջող յե­­ղափո­­խու­­թեան գե­­տին պատ­­րաստող գրա­­ռումներ ընե­­լու մե­­ղադ­­րանքով։ 5 Նո­­յեմ­­բե­­­րի նիս­­տին դա­­տարա­­նը 10,5 տա­­րուայ բան­­տարկու­­թիւն վճռեց լրագ­­րո­­­ղին դէմ, եւ ապա բան­­տարկու­­թեան պայ­­մաննե­­րու մէջ ան­­ցած ժա­­մանա­­կը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով զինք ազատ թո­­ղուց դա­­տական հսկո­­ղու­­թեան մէջ մնա­­լու պայ­­մա­­­նաւ։ Դա­­տախա­­զու­­թիւնը ինչպէս նա­­խապէս ալ նմա­­նը եղած էր այլ քաղբան­­տարկեալ­­նե­­­րու օրի­­նակին, այս ան­­գամ ալ շու­­տա­­­փոյթ կեր­­պով առար­­կեց դա­­տարա­­նի այս վճռին դէմ եւ յա­­ջողե­­ցաւ վերստին բան­­տարկու­­թեան որո­­շում կա­­յաց­­նել։

Այսպէս Ահ­­մետ Ալ­­թան 12 Նո­­յեմ­­բե­­­րին կրկին ան­­գամ բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցաւ իր բնա­­կարա­­նէն եւ կէս գի­­շերի ժա­­մերուն ու­­ղարկո­­ւեցաւ նախ Վա­­թան պո­­ղոտա­­յի վրայ գտնո­­ւող ոս­­տի­­­կանա­­կան բա­­ժան­­մունք եւ ապա Սի­­լիվ­­րիի ար­­գե­­­լանո­­ցը։

Ալ­­թա­­­նի փաս­­տա­­­բան Ֆի­­կեն Չա­­լըքու­­շու ծի­­ծաղե­­լի հա­­մարեց այս զար­­գա­­­ցու­­մը, որ եր­­բեք չի հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէր օրէն­­քի ըն­­դունո­­ւած գոր­­ծադրու­­թիւննե­­րէն որե­­ւէ մէ­­կուն։ «Իրա­­ւական հա­­մակար­­գը կա­­մայա­­կանու­­թեան են­­թա­­­կայ է այ­­սօր եւ կա­­րելի չէ նման հա­­մակար­­գէ մը ար­­դա­­­րու­­թիւն յու­­սալ» ըսաւ փաս­­տա­­­բան Չա­­լըքու­­շու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ