Լրջօրէն մանկական գրականութիւն

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

 

Ծրարի ծաւալէն կը գու­­շա­­­կենք, թէ նոր գիր­­քի մը պի­­տի հան­­դի­­­պինք։ Այս ան­­գամ ալ չէինք սխա­­լած։ Ու­­շադրու­­թեամբ բա­­ցինք խնամ­­քով ծրա­­րուած փա­­թեթը եւ ահա յայտնո­­ւեցաւ այս օրե­­րուս մեզ ամե­­նաշատ ու­­րա­­­խաց­­նե­­­լու կա­­րողու­­թիւն ու­­նե­­­ցող անակնկա­­լը։ Ման­­կա­­­կան հե­­քեաթ­­նե­­­րու տրցակ մը կար մեր դի­­մաց եւ ինչ լաւ է, որ այդ տրցա­­կի մէջ եր­­կու գիր­­քեր յա­­տուկ նշա­­նակո­­ւած էին Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի ծննդեան 150-ամեակի յի­­շատակ­­ման։

Երբ վեր­­ջերս յա­­ճախ կ՚անդրա­­դառ­­նանք մեծն Կո­­միտա­­սի ծննդեան 150-ամեակին, կար­­ծես խղճի խոր­­քե­­­րուն բաց­­թո­­­ղու­­մի մը կսկի­­ծը կ՚ապ­­րինք։ Հպար­­տօ­­­րէն կը շռայ­­լենք մեր երախ­­տա­­­գիտու­­թիւնը Կո­­միտա­­սի հան­­դէպ, բայց կար­­ծես կը թե­­րանանք նոյն զգա­­ցու­­մը Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի յի­­շատա­­կին դի­­մաց եւս նշե­­լու գոր­­ծին մէջ։ «Ար­­տէն» հրա­­տարակ­­չութեան ու­­ղարկած այս ծրա­­րը ահա այս բար­­դոյթն է, որ կը վե­­րաց­­նէր մեր վրա­­յէն եւ մտա­­ծել կու տար, թէ բո­­լորո­­վին ան­­տարբեր չենք գտնո­­ւած Թու­­մա­­­նեանի հան­­դէպ եւս։

Իսկ քիչ մը աւե­­լին կը յայտնա­­բերենք թեր­­թե­­­լով գիր­­քի առա­­ջին էջե­­րը։ «Ար­­տէն» մե­­զի մա­­տու­­ցած է Թու­­մա­­­նեանի «Քաջ Նա­­զար» եւ «Կա­­թիլ Մը Մեղր» գոր­­ծե­­­րու նոր հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։ Ահա­­ւասիկ եր­­կու ման­­կա­­­կան հե­­քեաթ­­ներ, որոնք ել­­լե­­­լով Լո­­ռուայ լեռ­­նե­­­րէն կու գան հա­­մաշ­­խարհա­­յին գրա­­կանու­­թեան շատ հա­­ճելի նմոյշներ ըլ­­լա­­­լով ներ­­կա­­­յանա­­լու ժա­­մանա­­կակից ըն­­թերցո­­ղին։ Սա­­կայն այսքա­­նը չէ միայն։ Այս եր­­կու գիր­­քե­­­րը արեւմտա­­հայ ըն­­թերցո­­ղին աւե­­լի մատ­­չե­­­լի դար­­ձած են, շնոր­­հիւ վաս­­տա­­­կաւոր եւ բազ­­մարդիւն բա­­նաս­­տեղծ Զա­­րեհ Խրա­­խու­­նիի արեւմտա­­հայե­­րէնի վե­­րածած պար­­բե­­­րակով եւ Էմի­­նէ Պո­­րայի ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն յա­­ջող նկա­­րազար­­դումով։

Ման­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ շատ կա­­րեւոր է գիր­­քի նկա­­րազար­­դումի գոր­­ծօ­­­նը։ Այդ նկա­­րազար­­դումնե­­րը մէկ կող­­մէն կ՚օգ­­նեն ան­­չա­­­փահաս ըն­­թերցո­­ղի աւե­­լի յստակ պատ­­կե­­­րացում մը ու­­նե­­­նալուն, իսկ միւս կող­­մէ ինքնին կրնան դառ­­նալ պա­­տու­­մի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը շեշ­­տադրող գոր­­ծօն մը։

Ճիշդ է որ, թէ «Քաջ Նա­­զար» եւ թէ «Կա­­թիլ Մը Մեղր» ու­­նին համաշ­­խարհա­­յին հա­­մարո­­ւելու ար­­ժա­­­նի գրա­­կան յատ­­կութիւն։ Սա­­կայն «Ար­­տէն» փոր­­ձած է բա­­ռին բուն իմաս­­տով հա­­մաշ­­խարհա­­յինին հաս­­նիլ եւ գիր­­քե­­­րու ցան­­կը լրա­­ցու­­ցած է Պո­­լիվիայէն Նոր Զե­­լան­­տա եր­­կա­­­րող ճա­­նապար­­հի մը վրայ զա­­նազան մշա­­կոյթնե­­րէ փո­­խառ­­նո­­­ւած հե­­տաքրքրա­­կան ման­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան օրի­­նակ­­նե­­­րով։

Ման­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ Ան­­տերսը­­նէ այս կողմ կա­­րեւոր դե­­րակա­­տար­­ներ ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանան անա­­սուննե­­րը։ Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը նա­­խապէս ըն­­թերցող­­նե­­­րու ու­­շադրու­­թեան ներ­­կա­­­յացած էր «Հե­­քեաթ­­նե­­­րով Լե­­ցուն Տա­­րի Մը» եւ «Մա­­նուկնե­­րու Հա­­մար Շեքսպի­­րեան Պա­­տումներ» խո­­րագ­­րեալ մա­­տենա­­շարե­­րը։ Այժմ շար­­քը աւար­­տին կը հաս­­նի «Աշ­­խարհի Լա­­ւագոյն Անա­­սուննե­­րու Հե­­քեաթ­­նե­­­րը» հա­­տորով։ Ան­­ճե­­­լա Մեք Ալիս­­թըր, 50 դի­­ցաբա­­նական պատ­­մութիւն հա­­ւաքած է, որոնցմէ ոմանք քա­­ղուած են Ամե­­րիկա­­յի հնդիկ­­նե­­­րու ժո­­ղովրդա­­կան բա­­նահիւ­­սութե­­նէ, որոնք Հնդկաս­­տա­­­նի առաս­­պելնե­­րէ, եւ անոնցմէ շա­­տեր մեր երե­­ւակա­­յու­­թեան կը ներ­­կա­­­յանան յե­­րիւ­­րա­­­ծոյ անա­­սուննե­­րու կեր­­պա­­­րան­­քով։

Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը իբ­­րեւ բնա­­բան կը փո­­խան­­ցէ Մա­­հաթմա Կան­­տիի խօս­­քե­­­րը. «Եթէ կ՚ու­­զենք հա­­մաշ­­խարհա­­յին խա­­ղաղու­­թեան տի­­րանալ, պէտք է գոր­­ծի լծո­­ւինք երա­­խանե­­րով»։

Թու­­մա­­­նեանի պա­­տումնե­­րը հրա­­տարա­­կուած է հա­­յերէն եւ թրքե­­րէն տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րով։ «Կա­­թիլ Մը Մեղր»ի թարգմա­­նիչն է Ալիս Պե­­տիքեան։ Մա­­տենա­­շարի կա­­րեւոր գոր­­ծե­­­րէն մէկն ալ կը ներ­­կա­­­յանայ «Իմ Անու­­նը Գաղ­­թա­­­կան Չէ» պատ­­մութիւ­­նով։ Ահա­­ւասիկ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մարդկու­­թիւնը յու­­զող մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն կա­­րեւոր մէկ խնդրի մա­­սին պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան գի­­տակ­­ցութեան օրի­­նակ մը եւս։ Ներ­­կայ ժա­­մանակ­­նե­­­րու կա­­րեւո­­րագոյն խնդիրն է գաղ­­թա­­­կանու­­թիւնը, քա­­նի որ աշ­­խարհի երե­­սին մի­­լիոնա­­ւոր մարդ պա­­տերազմնե­­րու, երկրա­­գունդի ջե­­ռուցման, սովի, բնա­­կան աղէտ­­նե­­­րու եւ նման ող­­բերգա­­կան երե­­ւոյթնե­­րու բե­­րու­­մով դա­­տապար­­տո­­­ւած է բնօր­­րա­­­նը լքել եւ գաղ­­թա­­­կան դառ­­նալ օտար եր­­կիրնե­­րու մէջ։ Գաղ­­թա­­­կանու­­թեան մե­­ծագոյն դժո­­ւարու­­թիւնը ժո­­ղովուրդնե­­րու մէջ տի­­րող այ­­լա­­­մեր­­ժութիւնն է։ Ան­­շուշտ, որ գրո­­ղը մա­­նաւանդ ալ ման­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թիւն հիւ­­սո­­­ղը այդ ախ­­տի դի­­մաց պի­­տի ու­­նե­­­նայ լուրջ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան գի­­տակ­­ցութիւն մը։ Ահա Քեթ Միլ­­նը­­­րի «Իմ Անու­­նը Գաղ­­թա­­­կան Չէ» գիր­­քը պի­­տի դի­­տենք այս ըն­­կա­­­լու­­մին մէջ եւ շնոր­­հա­­­կալ պի­­տի ըլ­­լանք հե­­ղինա­­կին, որ իր վրան առած է երա­­խան այ­­լա­­­մեր­­ժութե­­նէ հետզհե­­տէ այ­­լա­­­տեացու­­թե­­­նէ զերծ պա­­հելու հա­­մար պէտք եղած դաս­­տիարա­­կիչ լե­­զուն։ Քեթ Միլ­­նըր նկա­­րազար­­դած է նաեւ իր հե­­ղինա­­կած գիր­­քը եւ այդ նկար­­ներն ալ ար­­ժա­­­նացած յա­­տուկ գնա­­հատան­­քի, նո­­ւաճե­­լով «Վ & Ա» թան­­գա­­­րանի 2016-ի նկա­­րազարդման մրցա­­նակը։

Նա­­խապէս ու­­րիշ առիթ­­նե­­­րով ալ նշած ենք, թէ ման­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թիւնը շատ աւե­­լի բարդ հրա­­մայա­­կան­­ներ կը բե­­րէ հե­­ղինա­­կին դի­­մաց։ Ու­­րեմն պար­­տինք մեր կար­­գին շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնով ող­­ջունել տա­­րուած աշ­­խա­­­տան­­քը եւ յա­­ջողու­­թիւն մաղ­­թել «Ար­­տէն» հրա­­տարակ­­չա­­­տան իր որ­­դեգրած առա­­քելու­­թեան մէջ միշտ վառ յոյ­­սի աղ­­բիւր մը ըլ­­լա­­­լով մնալուն համար։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ