Կը կրկնուի «Անլռելի Զանգակատունը»

Տա­տեան վար­­ժա­­­րանի յո­­բելե­­նական յանձնա­­խումբի կող­­մէ տե­­ղեկա­­ցանք, թէ 15 Նո­­յեմ­­բեր ուրբաթ առա­­ւօտ ժա­­մը 10.30-ին պի­­տի կրկնո­­ւի Կո­­միտա­­սի ծննդեան 150-ամեակին ձօ­­նուած մի­­ջոցա­­ռու­­մը։

Նա­­խապէս ար­­դէն անդրա­­դար­­ձած էինք անուանի դե­­րասան Արամ Կոս­­տա­­­նեանի ջան­­քե­­­րով ապա­­հովո­­ւած այս ոգե­­կոչ­­ման եզա­­կիու­­թեան։ Ան եզա­­կի էր, քա­­նի մեր մեծ եր­­գա­­­հանը կու գար ոգե­­կոչե­­լու գրա­­կանու­­թեան մի­­ջոցաւ։ Հա­­յոց բա­­նաս­­տեղծու­­թեան պար­­տէ­­­զի մէջ գլուխ գոր­­ծոց մը ըլ­­լա­­­լով կը փայ­­լի Պա­­րոյր Սե­­ւակի «Անլռե­­լի Զան­­գա­­­կատուն» գոր­­ծը, որ իր կար­­գին ան­­զուգա­­կան է։

Կոս­­տա­­­նեան հա­­մար­­ձակ որո­­շու­­մով մը այդ բա­­ցառիկն է, որ կեան­­քի կը կո­­չէ կեն­­դա­­­նու­­թիւն շնոր­­հե­­­լով Սե­­ւակի տո­­ղերուն։ Սոյն կրկնու­­թիւնը ապա­­հովո­­ւեցաւ յատ­­կա­­­պէս մեր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն եկած խնդրանքնե­­րուն ըն­­դա­­­ռաջե­­լով։ Նշենք որ, ազատ մուտքով այս ներ­­կա­­­յացու­­մը բաց է բո­­լորին հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ