Լեզուն՝ որպէս ազգ դառնալու հրամայական

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

«Ժողո­­վուրդ» բա­­ռը ինքնին բա­­ւակա­­նին լայն ըն­­կա­­­լում մըն է հա­­մեմա­­տած «ազգ» բա­­ռի հետ։ Հա­­ւաքա­­կանու­­թիւններ, իբ­­րեւ ժո­­ղովուրդ կրնան շատ եր­­կար ան­­ցեալ ու­­նե­­­նալ, բայց անոնց ազ­­գի մը սահ­­մա­­­նու­­մով ներ­­կա­­­յանա­­լը ան­­հա­­­մեմա­­տօրէն աւե­­լի կարճ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի մը երե­­ւոյթն է։

Դժո­­ւար հանգրո­­ւան մըն է ժո­­ղովուրդի մը կամ ցե­­ղախումբի մը ազ­­գի վե­­րածո­­ւելը։ Կը պա­­հան­­ջէ բազ­­մա­­­թիւ յատ­­կութիւններ, որոնց մէկ­­տե­­­ղու­­մով կը ձե­­ւաւո­­րուի ազ­­գի մը կազ­­մութիւ­­նը։ Մեզ՝ հա­­յերուս հա­­մար այդ գոր­­ծընթա­­ցը ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ շուրջ 1,5 դար առաջ եւ այդ պայ­­մաննե­­րու մէջ հայ ժո­­ղովուրդը պատ­­մութեան բեմ ելաւ որ­­պէս հայ ազգ։ Այս կազ­­մա­­­փոխ­­ման մէջ խիստ կա­­րեւոր գոր­­ծօն մըն է լե­­զուի ձե­­ւաւո­­րու­­մը։ Հա­­սարա­­կու­­թիւն մը ազգ չի կրնար դառ­­նալ գիւ­­ղէ գիւղ մեծ փո­­փոխու­­թիւններ ներ­­կա­­­յաց­­նող բար­­բառնե­­րով խօ­­սելով։ Ազ­­գի կազ­­մութեան անհրա­­ժեշ­­տութիւննե­­րէն մէկն ալ ազ­­գա­­­յին լե­­զուի ձե­­ւաւո­­րումն է։ Ան­­շուշտ այս տեղ կա­­րեւոր դեր կը վի­­ճակի գիր ու գրա­­կանու­­թեան։ Հա­­յերս երկճիւ­­ղուած մեր ամ­­բողջու­­թեան մէջ հա­­մարեայ նոյն ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին յա­­ջողե­­ցանք աշ­­խարհա­­բարը թէ գրա­­կան եւ թէ քա­­ղաքա­­կան գետ­­նի վրայ ազ­­գա­­­յին լե­­զուի վե­­րածե­­լու փոր­­ձը։

Սկսե­­լով Խա­­չատուր Աբո­­վեանէ մեծ նպաստ մը բե­­րին բո­­լոր այն հե­­ղինակ­­նե­­­րը, որոնք ռամ­­կօ­­­րէնը բարձրա­­ցու­­ցին գրա­­կան լե­­զուի, այդ լե­­զուով ար­­տադրե­­ցին բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ եւ վեր­­ջա­­­պէս հիւ­­սե­­­ցին ազ­­գա­­­յին ու­­րոյն գրա­­կանու­­թիւն մը։

Այս օրե­­րու ակա­­նատես կը դառ­­նանք ու­­րիշ հնա­­մենի ժո­­ղովուրդի մը նման մար­­մաջնե­­րով իր ազ­­գա­­­յին գրա­­կանու­­թիւնը կեր­­տե­­­լու ջան­­քե­­­րուն։ Այս խօս­­քե­­­րով կ՚ակ­­նարկենք քիւրտ հա­­ւաքա­­կանու­­թեան, որոնք 1,5 դա­­րուայ յա­­պաւու­­մով մը կը փոր­­ձեն յաղ­­թա­­­հարել հա­­յոց ան­­ցած ճա­­նապար­­հը։ Այդ պա­­հուն խիստ կա­­րեւոր կը դառ­­նայ գրա­­կան պար­­բե­­­րական մա­­մու­­լը։ Ինչպէս ան­­ցեալին, այ­­սօր ալ զա­­նազան բար­­բառնե­­րու մէջ հա­­սարա­­կական լե­­զու մը գո­­յաց­­նե­­­լու ջան­­քե­­­րու կող­­քին, խիստ կա­­րեւոր է ազ­­գա­­­յին գրա­­կան լե­­զուի մը ձե­­ւաւո­­րու­­մը։

Փոք­­րիկ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւն մը ան­­գամ պի­­տի փաս­­տէ, թէ հա­­յերէն գրա­­կանու­­թեան հե­­ղինակ­­նե­­­րը իրենց կեան­­քի որոշ մէկ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին զբա­­ղուած են հրա­­տարակ­­չութեամբ, յատ­­կա­­­պէս ալ գրա­­կան պար­­բե­­­րական­­նե­­­րու հրա­­տարա­­կու­­թեամբ։ Նոյ­­նը կա­­րելի է տես­­նել Թուրքիոյ գրա­­կանու­­թեան ձե­­ւաւոր­­ման մէջ եւս։ Հոն ալ բա­­նաս­­տեղծներ կամ վի­­պագիր­­ներ զբա­­ղած են գրա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թիւնով։ Իրենց հետ նման ոճեր կի­­սող այլ գրող­­նե­­­րու հետ լոյս ըն­­ծա­­­յած են զա­­նազան հան­­դէսներ։

Ինչպէս որ ան­­յե­­­տաձ­­գե­­­լի է բեղ­­մնա­­­ւորո­­ւած հունտի ծնունդը, անկարելի է նաեւ որոշ հու­­նի մէջ մտած ազ­­գա­­­յին յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րը յե­­տաձ­­գել։ Այդ հանգրուանին ու­­շա­­­ցու­­մը շատ ալ նշա­­նակու­­թիւն չու­­նի եւ պի­­տի պա­­տահի, այն ինչ որ ան­­խուսա­­փելի է։ Այս պա­­հուն պայ­­մաննե­­րը պար­­տադրած են, որ քրտե­­րէն պար­­բե­­­րական «Տի­­լոփ» հրա­­տարա­­կուի քրտե­­րէն եւ թրքե­­րէն երկլե­­զու բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ, քա­­նի որ այ­­սօր քրտա­­կան ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թիւնը կեր­­տե­­­լու հա­­մար գոր­­ծի լծո­­ւած քա­­ղաքա­­կան մտքի կա­­րեւոր մէկ հա­­տուա­­ծը զուրկ է մայ­­րե­­­նիին տի­­րապե­­տելէ, բայց նշա­­նակու­­թիւն չու­­նի, քրտե­­րէն պար­­բե­­­րական­­նե­­­րը իրենց նիւ­­թե­­­րով, մա­­նաւանդ ալ լե­­զուով պի­­տի սա­­տարեն ազ­­գի դի­­մագիծի ձեւաւորման։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ