ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Խոր մթութեան մէջ Կոմիտաս վարդապետի վերջին յիշատակումը տեղի ունեցաւ 8 Նոյեմբեր շաբաթ երեկոյ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ։
Ինչպէս նախորդ 8 տարիներուն, այս 9-րդ եւ վերջին միջոցառման ալ ուշադրութիւն դարձնողներու մէջ այլ ազգի հասարակութիւնը ուշագրաւ մեծամասնութիւն կը կազմէր։ Պահը բաւական յուզական էր բոլորին համար, երբ մարդիկ առաջին անգամ ներկայ կը գտնուէին նման փորձառութեան մը։ Կարեւոր մէկ մասին համար արդէն ինքնին արկածախնդրութիւն մը դարձած էր միջոցառման վայրը, քանի որ անոնցմէ շատեր առաջին անգամ կ՚այցելէին Մայր Եկեղեցի։ Իսկ եկեղեցւոյ բակը արդէն դիտումնաւոր կերպով խաւարած էր կարծես հանդիսատեսը քիչ յետոյ դէմ յանդիման գալիք շատ աւելի խոր ու անթափանց մութին վարժեցնելու միտումով։
Զգալի էր շատերու դէմքին դրոշմուած մտավախութեան հոգեբանութիւնը։ Բայց միւս կողմէ կար նաեւ այս եզակի ապրումին տեղի տուած վառ հետաքրքրութիւն։ Եւ վերջապէս այդ հետաքրքրութիւնն էր, որ աւելի ծանր կշռած էր եւ մարդիկ փութացած էին հոն՝ ուր քիչ յետոյ պիտի ապրէին անմոռանալի փորձառութիւն մը։
Ժամանողներ նախ կ՚ընդունուէին Գազազ Արթին Ամիրա դահլիճին մուտքը, ուր իրենց կը տրամադրուէր պարապ պահարաններ վրան իրենց անունով եւ այդ պահարաններով պաշտօնէութեան կը յանձնէին լուսատու կամ լոյս ցոլացնող իրենց բոլոր իրերը։ Այսպէս բջիջային հեռախօսներ, հրահաններ, ժամացոյցներ, նոյնիսկ ակնոցներ մի առ մի կը յանձնուէին պաշտօնէութեան եւ ապա հիւրերը կ՚առաջնորդուէին դէպի Գազազ Արթին Ամիրա սրահ, ուր կը ցուցադրուէին Կոմիտաս Վարդապետի մեծածաւալ լուսանկարներ։ Այս մտահոգութեան մատնուած զանգուածին մէջ ամենահանգիստ երեւացողները նախորդ տարիներու նման բնոյթի միջոցառումներուն ալ մասնակցող, հետեւաբար որոշ փորձառութիւն ապահոված արուեստագէտներն էին։ Քիչ անց պաշտօնէութիւնը զգուշացուց դէպի դահլիճի մուտք ուղղուելու համար։ Այդ պահուն փոքրիկ ժխոր մը գոյացաւ Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մուտքին, ուրկէ պաշտօնեաներ ժողովուրդի վեցական հոգիէ բաղկացող խմբակները կ՚առաջնորդի կոյրի մը ընկերակցութեամբ դէպի դահլիճ։
Իսկապէս դժուար բացատրելի երեւոյթ մըն է, աւելի քան երկուուկէս ժամ տեսնելու կարողութենէն զրկուելով հետեւիլ միջոցառումի մը, առանց թոյզն իսկ պատկերացում ունենալու թէ ո՞վ կ՚երգէ, ուրկէ՞ կ՚երգէ եւ նոյնիսկ սա պահուն ո՞ւր կեցած է։
Արդարեւ այս խոր մթութեան մէջ կորած է նաեւ կողմնորոշման յատկութիւնը եւս։ Անդին կը մնայ Կոմիտասի ողբերգական պատմութիւնը իր բոլոր ճշմարտութեամբ։ Մեծ վարդապետի կեանքն ու գործը բնութագրող ընթերցումներու զուգահեռ զանազան երգիչ, երգչուհի կամ երգչախումբ կը ներկայացնէ իր մասնակցութիւնը։ Այսպէս պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ կը տողանցեն Հորովելներ, Գութաներգեր, Սիրերգեր, շարականներ կամ Կոմիտասի կողմէ յօրինուած թրքերէն եւ քրտերէն ժողովրդական երգեր։
Այս 9-րդ ոգեկոչումը իր տեսակին մէջ եզակի նախաձեռնութեան վերջին բեմադրութիւնն էր Իսթանպուլի մէջ։ Ծրագիրը մտայղացող Նուրի Քայա յետ այսու այս ծրագիրը պիտի գործադրէ Եւրոպական բեմերու վրայ։