«Ակօս»ի լուսանկարիչ Պերճ Արապեան այս շաբաթէ սկսեալ ամէն շաբաթ ընթերցողներուն
կը պատմէ իր քաշած լուսանկարներու մասին։
2010-ին էր Իսթանպուլ փոխադրուելէս ետք առաջին անգամ Թաքսիմ ելած էի։ Իսթիքլալ փողոցի վրայ ման կու գայի հետաքրքրական պահերը լուսանկարելով։ Զուարճալի երաժշտութիւն մը լսեցի, բայց չկրցայ իմանալ թէ ուրկէ կու գայ։ Հետզհետէ սկսայ պողոտան խաչաձեւող փողոցներուն նայիլ։ Վերջապէս Փոստաճըլար փողոցի վրայ սրճարանէ մը լսեցի նոյն ձայնը։ Բայց այս անգամ աւելի բազմութիւն երգեցողութիւն մը։ Երիտասարդներ կ՚ընկերակցէին երաժիշտներու։ Այդ կողքի փողոցին մէջ ոգեւոր միջավայր մը կը տիրէր։
Փողոց դրուած սեղանները ամբողջովին լեցուն էին։ Ոմանք կը պարէին, իսկ աւելի մեծ մասը նուագողներուն կ՚ընկերակցէր։ Թաւջութակի եւ ուտի արանքին թամբուրի նուագող կնոջ դէմքի ժպիտը կ՚ապացուցէր թէ ճիշդ ըրած էի Հիւսիսային Ամերիկայէն Պոլիս փոխադրուելով։ Աւելի լաւ ձեւաւորուեցաւ թէ Գանատայի մէջ այսքան տարիներ ինչի՞ն կարօտը կ՚ապրէի։ Սկսայ լուսանկարել զինք։ Այդ պահուն ձեռքը բարձրացուց եւ աչքերով կարծես թէ հարցուց. «Ինչո՞ւ այսքան ուշացար»։
Այդ կինը անգամ մը եւս չեմ տեսած, բայց տակաւին կը բնտռեմ իր ուղղած հարցումին պատասխանը։