Նոր հակադրութիւն, «Ամէն քնով ընտրութիւն»ի փոխարէն «Կամ արդար ընտրութիւն, կամ ոչ»

Քա­նի կը մօ­­­­տենայ պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան ընտրու­­­­թեան հա­­­­մար նա­­­­խատե­­­­սուած թո­­­­ւակա­­­­նը, ընտրու­­­­թեան գոր­­­­ծընթացն ալ կը ստա­­­­նայ հե­­­­տաքրքրա­­­­կան երե­­­­սակ­­­­ներ։ Թեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ծու եր­­­­կու եպիս­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­պոս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը թափ տո­ւած են պատ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մաւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ցան­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու պատ­­­­րաստու­­­­թեան։ Սա­­­­կայն որ­­­­պէս նոր երե­­­­ւոյթ, կը յայտնո­­­­ւին նաեւ ան­­­­կախ պատ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մաւո­­­­րի թեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ծու­­­­ներ եւս։ Սա պա­­­­հուն յստա­­­­կացած անուն մըն է Կար­­­­պիս Էվեափան, որ իր ան­­­­կախ թեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ծու­­­­թիւնը առա­­­­ջադ­­­­րած է Պո­­­­յաճը­­­­գիւ­­­­ղի Սուրբ Երից Ման­­­­կանց եկե­­­­ղեցիէն։

«Նոր Զար­­­­թօնք» պոյ­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­թի կը կան­­­­չէ

Իս­­­­թանպու­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­հայ հա­­­­մայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­վար երի­­­­տասար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան հար­­­­թակ մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով ձե­­­­ւաւո­­­­րուած «Նոր Զար­­­­թօնք» շար­­­­ժումը ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րային ցան­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թիւն մը հրա­­­­տարա­­­­կելով պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայու­­­­թեան կոչ ուղղեց այս անար­­­­դար ընտրու­­­­թիւնը կա­­­­սեց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար։ «Բա­­­­ցայայտ կեր­­­­պով ոտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կոխո­­­­ւած է կրօն­­­­քի ազա­­­­տու­­­­թիւնը։ Կը մեր­­­­ժենք այս անար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեան մաս­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կը ըլ­­­­լալ եւ կը յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարենք, թէ պի­­­­տի զօ­­­­րակ­­­­ցինք առ­­­­կայ ընտրու­­­­թեան գոր­­­­ծընթա­­­­ցը խա­­­­փանե­­­­լու հա­­­­մար մղո­­­­ւած իրա­­­­ւական պայ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րին։ Թեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ծու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն կ՚առա­­­­ջար­­­­կենք պա­­­­տուա­­­­ւոր կե­­­­ցուածք պա­­­­հել եւ Գա­­­­րեգին Պէք­­­­ճեան սրբա­­­­զանը օրի­­­­նակե­­­­լով հրա­­­­ժարիլ թեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ծու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէ։ Այս պայ­­­­մաննե­­­­րու մէջ կա­­­­յանա­­­­լիք ընտրու­­­­թեան տրուած ամէն ձայն անար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւնը եւ իրա­­­­ւունքնե­­­­րու յափշտա­­­­կու­­­­մը պի­­­­տի ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րաց­­­­նէ։ Ուստի հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան կոչ կ՚ընենք ընտրու­­­­թիւնը պոյ­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­թելու հա­­­­մար»։

Մա­­­­շալեանի խնդրան­­­­քը Ջուլճիեանէն

Պատ­­­­րիար­­­­քութեան թեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ծու սրբա­­­­զան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն Սա­­­­հակ եպս. Մա­­­­շալեան Սա­­­­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ շրջա­­­­փակին գտնո­­­­ւող Հրա­­­­չեայ Աճա­­­­րեան սրա­­­­հին մէջ հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պում մը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ թա­­­­ղի բնա­­­­կիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հետ։ Սրբա­­­­զանը իր հո­­­­գեւոր ճամ­­­­բորդու­­­­թեան մա­­­­սին հա­­­­կիրճ տե­­­­ղեկու­­­­թիւններ փո­­­­խան­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լէ ետք զա­­­­նազան նիւ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րու կար­­­­գին անդրա­­­­դար­­­­ձաւ նաեւ ընտրու­­­­թիւննե­­­­րը պոյ­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­թելու երե­­­­ւոյ­­­­թին եւ յայտնեց թէ Էջ­­­­միած­­­­նի Գե­­­­րագոյն Հո­­­­գեւոր Խոր­­­­հուրդի նիս­­­­տի ըն­­­­թացքին Սե­­­­պուհ սրբա­­­­զանէն խնդրած է, որ­­­­պէսզի ան իր հա­­­­մակիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը հա­­­­մոզէ պոյ­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­թի գա­­­­ղափա­­­­րէն հե­­­­ռու մնալ­­­­նուն հա­­­­մար։

Սե­­­­պուհ սրբա­­­­զան «Ակօս»ին տո­ւած բա­­­­ցատ­­­­րութիւննե­­­­րուն մէջ ինք եւս հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տեց Մա­­­­շալեանի խնդրան­­­­քը եւ յայտնեց թէ ինք մեր­­­­ժած է Պոլ­­­­սոյ մէջ իրեն ի նպաստ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն կամ ալ պար­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­պէս ար­­­­դար ընտրու­­­­թեան պա­­­­հան­­­­ջով առար­­­­կութիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն որո­­­­շումնե­­­­րուն մի­­­­ջամ­­­­տել։ «Կը տես­­­­նեմ թէ հա­­­­սուն եւ գի­­­­տակից մար­­­­դիկ են։ Ես իմ վրայ իրա­­­­ւունք չեմ տես­­­­ներ անոնց որո­­­­շումնե­­­­րուն մի­­­­ջամ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լու»։

Իրա­­­­ւական պայ­­­­քար Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան ընտրու­­­­թեան դէմ

«Հա­­­­սարա­­­­կական նա­­­­խաձեռ­­­­նութիւն» շար­­­­ժումը իրա­­­­ւական պայ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րի ձեռ­­­­նարկեց պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան ընտրու­­­­թիւննե­­­­րը կա­­­­սեց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար։

Այս մա­­­­սին կա­­­­տարո­­­­ւած հա­­­­ղոր­­­­դագրու­­­­թեան մէջ կը նշո­­­­ւի թէ, յա­­­­նուն հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան լայն զան­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւածի, բազ­­­­միցս կոչ ուղղո­­­­ւած է Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան Տե­­­­ղապահ Սա­­­­հակ եպսկ. Մա­­­­շալեանին եւ Նա­­­­խաձեռ­­­­նարկ Մարմնին, ար­­­­դար ընտրու­­­­թեան հա­­­­մար անհրա­­­­ժեշտ մի­­­­ջոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու դի­­­­մելու գծով։

Ներ­­­­քին գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րու նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թեան պատ­­­­րաստած կա­­­­նոնա­­­­գիրը կը վտան­­­­գէ Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան Աթո­­­­ռի ապա­­­­գան։ Անըն­­­­դունե­­­­լի է այս գիտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով հան­­­­դերձ, լոկ ներ­­­­կայ ընտրու­­­­թիւնը ապա­­­­հովե­­­­լու հա­­­­մար անօ­­­­րէնու­­­­թեան հա­­­­մակեր­­­­պիլ։

Այժմ խնդի­­­­րը փո­­­­խադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է դա­­­­տական դաշտ, նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թեան կող­­­­մէ ղրկո­­­­ւած կա­­­­նոնա­­­­գիրը չե­­­­ղեալ հա­­­­մարե­­­­լու եւ սա­­­­հմա­­­­փակումնե­­­­րէ ձեր­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­զատո­­­­ւած նոր կա­­­­նոնա­­­­գիր մը պատ­­­­րաստե­­­լու պա­­­հան­­­ջով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ