«Կը փորձեմ նուազագոյն աւերով դուրս գալ այս տանջանքի շրջանէն»

Բանտարկու­թեան եր­կրորդ տա­րին լրաց­նող Օս­ման Քա­ւալա Սի­լիվ­րիի ար­գե­լանո­ցէն ղրկած նա­մակով մը նկա­րագ­րեց բան­տարկու­թեան պայ­մաննե­րը եւ իր դէմ գոր­ծադրո­ւած անար­դա­րու­թիւննե­րը։ «Սի­լիվ­րիի բնա­կու­թեան երկրորդ տա­րին բո­լորած եմ։ Կնոջս ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րու եւ բա­րեկամ­նե­րուս զօ­րակ­ցութեամբ այս տան­ջանքի շրջա­նը նո­ւազա­գոյն աւե­րով բո­լորե­լու կ՚աշ­խա­տիմ։ Իմ բան­տարկու­թեան շրջա­նին ինձ հետ բնա­կած բա­րեկամ­նե­րու ազատ ար­ձա­կուի­լը տես­նե­լով կ՚ու­րա­խանամ։ Այդ երե­ւոյ­թը կը մեղ­մացնէ իմ յու­սալքու­թիւնը։ Շատ ու­րա­խացայ իմ բան­տախցի­կի հա­րեւան Էրեն Էր­տե­մի ազատ ար­ձա­կուի­լը տես­նե­լով։ Մեր դա­տավա­րու­թեան եր­րորդ նիստն ալ կա­յացաւ։ Բա­ւակա­նին յստա­կօրէն պար­զե­ցինք թէ մե­զի ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րը փաս­տե­րէ զուրկ են եւ բռնու­թեան վե­րաբե­րեալ ոչ մէկ մե­ղադ­րանք վե­րագ­րո­ւած է մեր հաս­ցէին։ Մեր իրա­ւապաշտպան­նե­րը յստա­կօրէն պար­զե­ցին, թէ մե­զի ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րը կիւ­լե­նական ոս­տի­կան­նե­րու ապօ­րէն լսումնե­րէ զատ որե­ւէ հիմք չու­նի»։ Քա­ւալա այս սահ­մաննե­րու մէջ մեկ­նա­բանեց Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ օրա­կար­գի բե­րուած դա­տական բա­րեփո­խումնե­րու խնդի­րը եւ յայտնեց թէ ան­հատնե­րու ազա­տու­թիւնը ու հիմ­նա­կան մար­դու իրա­ւունքնե­րը ան­տե­սող որե­ւէ նա­խագիծ կա­րելի չէ իրա­ւական բա­րեփո­խում հա­մարել։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ