Արեան կանչը խոշոր հացով եւ երկու բաղարջով

Նախորդ շաբաթ մեր ընթերցողներու ներկայացուցած էինք Սոֆիա Քալանթարեան Ղալամքարեանի դէպի Կուտինա կատարած ուխտագնացութիւնը։ Այս շաբաթ կը ներկայացնենք ուխի երկրորդ հանգրուանը, որն է պապենական երկիր Բաղէշը։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Թերթերուն մէջ գրուած էր թէ Պիթլիսը կը համարուէր ռիսքային գօտիի մէջ։ Կուտինայէն Պոլիս գացիք եւ նոյն օրը Պիթլիս մեկնեցաք։

Ի՞նչ ըրիք Պիթլիս։ Ինչո՞ւ Պիթլիս ուզեցիք երթալ։

Դիմատետրի վրայ անծանօթ մէկը գտայ, որ Պիթլիս կը բնակէր։ Ես իրեն գրեցի իմ մասին։ Ան ալ ինծի գրեց , որ անգլերէն չի գիտեր։ Իրեն ըսի, որ ինծի անգլերէն պէտք չէ եւ հարցուցի «Դուք ինձ կ՚ուղեկցէք Պիթլիս»։ Որովհետեւ ես իրեն տեսանիւթը նայած եւ իրեն վստահած էի։ Ըսի «Ես ձեզ կը վստահիմ։ Մինակ թէ դուք ինձ հետ ըլլաք»։ Ես իրեն չեմ ճանչցած։ Մինչեւ այն օր Պիթլիս ոչ մէկուն չեմ ճանչցած։ Պեսսէն ալ չէր ճանչնար Պուրհանը։ Ինքը լուսանկարիչ եւ ուսուցիչ էր։ Ան պտըտելով կը նկարէ եկեղեցիներ, տարածքներ եւ ալն։

Պուրհանին ըսի որ «Դուք կու գաք ինծի դիմաւորելու»։ Ան ըսաւ «Ոչ, դուք ավտոպիւս կ՚առնէք եւ կու գաք կեդրոն» պատասխանեց։ Ուզեցի իմանալ թէ Պիթլիսի իմ չորս օրերու ընթացքին ինծի կրնա՞յ ընկերանալ։ Ժխտական էր պատասխանը, քանի որ կ՚աշխատէր եւ յայտնեց թէ միայն շաբաթավերջին, այսինքն շաբաթ եւ կիրակի օրերը ինծի հետ կրնար ըլլալ։ Մեր այս զրոյցէն քանի մը օր ետք ինք գրեց. «Կու գամ եւ ձեզ կը դիմաւորեմ։ Չորս օր ալ կ՚ըլլամ ձեզ հետ»։

 

Պուրհանը ինչո՞ւ ասիկա ըրաւ։

Երեւի Դիմատետրի մէջ ինքն ալ իմ էջս նայեց։ Յետոյ ես իրեն ըսի «Ես ձեզ ինչքան պէտք է վճարեմ, չորս օրուան համար»։ Ինք պատասխանեց՝ «Ոչ մի բան»։ Մի քանի օր ետք ըսաւ մէկուն կը բերեմ ինձ հետ, որպէս թարգմանիչ ինքը անգլերէն գիտէ։

Պիթլիս եղած օրերուս ամէն օր մի ընկեր առաւօտէն մինչեւ մութը իյնալը մեքենայով ծառայեց ինձ։ Ըսաւ ոչ մի դրամ պէտք չէ տաս վարորդին։ Ոչ մէկին չեմ ճանչցած։

Պուրհանը առաջին օր առաւ ինծի տարաւ հիւրանոց եւ տեղաւորեց։ Հիւրանոցի աշխատողը ինձ կը հարցնէ «Դուք որտեղի՞ց էք»։ Ըսի «Պիթլիսից եմ»։ Շուարած էր պաշտօնեան։ Պուրհանը հաստատեց «Ճիշդ կ՚ըսէ, ինքը Պիթլիսէն է»։ Ես մէկ մէկ կ՚ըսէի «Պուրհան ես աւելի պիթլիսցի եմ, քան այլ պիթլիսցիներ, չէ»։ Կ՚ըսէր. «Այո»։

 

Պիթլիս ի՞նչ ըրիք, երբ ձեր պապենական տունը այցելեցիք։

Այո։ Պուրհանը չհաւատաց որ այդ մեր տունն է։ Կ՚ըսեմ «Չեմ կատակեր, այս իմ տունն է»։

Գնացինք Սարոյեանի տունը։ Գնացինք Սարոյեանի փողոցը, որովհետեւ երբ Սարոյեանը եկաւ Հայաստան ես կ՚աշխատէի Սարտարապատի Ազգագրական թանգարանը։ Երիտասարդ էի, հազիւ 30 տարեկան։ Բայց այնտեղի ամենամեծն էի, մնացեալ բոլորը ինձմէ երիտասարդ էին։ Սարոյեանը որ եկաւ մեր թանգարանի աշխատողներու ամբողջ խումբը որ մօտաւորապէս 50 հոգի էր, բոլորին մէջ իմ անունը հարցուց։ Ես ամչցայ ըսեմ Սոֆիա, որ հայկական անուն չէ։ Այսքանին մէջ ինծի հարցուց ես ալ ըսեմ Սոֆիա, ամօթ կ՚ըլլայ մտածեցի։ Ըսեմ Թագուհի՞ մտածեցի, իրեն մամայի անունը, չէ՛ չըլլար այս շատ կ՚ըլլայ մտածեցի եւ պատասխանեցի Հայկուհի։ Յօրինեցի։ Հիմա մեր թանգարանի տնօրէնը ափշած ինծի կը նայէր ու կը մտածէր ի՞նչ եղաւ Սոֆիային, ինչո՞ւ խաբեց Սարոյեանին։ Յետոյ ինձ հարցուց ինչո՞ւ խաբեցիր մարդուն, ինչո՞ւ ըսիր Հայկուհի։ Պատմեցի թէ ամչցած էի օտարաշունչ Սոֆիա անունով։

Մեր տանը կ՚ըսէին, որ իրենք հարեւաններ եղած են Պիթլիս։ Մեր տան եւ Սարոյեանի տան արանքը մի տուն եղած է։

Իմ պապիկիս Ներսէս Ղալամքարեանի տունը գտայ, ման եկայ։ ։ Ներսէս պապիկս չորս եղբայր եղած են՝ իրենց անունները Աստուածաշունչէն ընտրուած են՝ Սեդրակ, Միսաք, Աբեդնագով եւ Ներսէս։ Իսկ պապիկիս հայրիկը եղած է Սարգիս։ Սարգիսը չորս տղայ, չորս աղջիկ ունեցած է։ Ութը զաւակ։ Սարգիս Ղալամքարեանը շատ յայտնի արծաթագործ եւ ոսկերիչ եղած է։ Անոր համար Ղալամքարեան տիտղոսը ստացած է։ Երբ բարձրաստիճան մարդիկ կ՚այցելէին Պիթլիս, Սարգիսի աշխատանքներէն կը նուիրէին իրենց։ 1894-95 թուականներուն երբ այդ խռովութիւնները սկսած է, կանչած են Սարգիսին եւ հաւաքէ ընտանիքդ ու գնայ այս տեղէն ըսած են։ Ան 1895 թուականին գաղթած է Հայաստան։ 1910-ին մտածելով որ հանգստացած կ՚ըլլայ երկիրը, վերադարձած են Պիթլիս։ Այս անգամ տեսած են, թէ աւելի սրուած է վիճակը, եւ այդ նոյն մարդիկ կրկին ըսած են, որ իզուր եկած, վերադարձած են երկիր։ «Հաւաքէ ընտանիքդ եւ գնայ երկրից, որովհետեւ աւելի վատ պիտի ըլլայ վիճակը»։ Սարգիս պապս մահացած է Պիթլիս։ Թաղուած է Պիթլիսի եկեղեցւոյ փակին մէջ։ Անոնք կրկին գաղթած են Հայաստան։ Բայց Աբեդնակովը ճանապարհին հիւանդացած ու մահացած է։

Ես եկայ եկեղեցի ու չորս օր փնտռեցի իմ մեծ պապիկիս Սարգիսին գերեզմանը։

Մեզի ըսած էին, թէ բերդի մօտ ամենամեծ հայկական եկեղեցւոյ փակին է Սարգիսի գերեզմանը։ Անընդհատ այս կ՚ըսէին։ Մենք գնացինք փնտռեցինք, բայց ափսոս փակին չկար հայկական գերեզման։ Բայց կար պատահաբար այդ գերեզմաններէն քար։ Մի հատ նկարած եմ, այդ յաւերժութեան նշանը որ կար հողն ալ այդ տեղէն վերցուցի։

Երեք օր եղած էր, որ Պիթլիս էի Պեսսէն զանգեց եւ հարցուց «Ինչպէ՞ս ես»։ Ես պատասխանեցի որ շատ գէշ եմ, երեք օրէ այստեղ եմ եւ մեծ հօրս գերեզմանաքարը չեմ կրցած գտնել։ Մխիթարական էին Պեսսէի խօսքերը. «Դուն հոն անոնց հոգին զգացի՞ր», «Այո» պատասխանեցի։ Պեսսէն «Վերջ։ Քարը հոնտեղէն տեղ մը չես կրնար տանիլ արդէն, բայց հոգին քեզ հետ կրնաս տանիլ» ըսաւ։

Նկարեցի, տեսայ որ իմ տունս եւ ինչ ինծի հետաքրքիր եկաւ, Պիթլիսի տունս 44 համար էր, հիմա իմ հայրական տունը կրկին 44 համարն է։ Իմ տունս գտայ Սարոյեանի տունով։

 

Սարոյեանին տունը ի՞նչ վիճակի մէջ էր։

Փակ էր։ Մենք չտեսանք։ Մենք ոտքով չգնացինք։ Պուրհանին ծանօթ մէկ հարեւանը Սարոյեանին տան ետեւի կողմով մտանք այգի։ Նկարուեցինք նկարեցինք այգին, բայց իսկական մուտքով չկրցանք մտնել։ Հարցուցի «Ինչո՞ւ չենք կարողանար մտնել եւ շէնքը միւս կողմէն տեսնել»։ Ըսին որ ով որ տունը առած է թոյլ չի տուեր, որ մենք տեսնենք։

 

Պիթլիս ուրի՞շ տեղեր այցելեցիք

Խլադ գնացինք։ Մեր օթեւանած տեղէն շատ հեռու էր։ Խլադ (Ահլաթ)էն շատ հեռու մատուր մը կար։ Շատ յուզուեցայ, քանդուած վիճակի էր։ Ոչ թէ աւերուած էր, այլ յատուկ փշրուած էր։ Այդ խաչքարերու մասերը յատուկ պոկուած հանուած էին։ Շատ յուզուեցայ։ Էլի մոմ վարեցի, խունկ ծխացուցի, «Տէր Ողորմեան» միացուցի։ Ուզեցի այդ տեղէն շուտ հեռանամ ու մինակ մնամ։ Հեռացայ մարդոց քովէն, որպէսզի մի լաւ լամ։ Բայց ինչ որ մի տեղ ինձ կանչում էին կարծես։ Չգիտեմ, ինչու ես գնում էի։ Այդ մարդիկ հոն մատուրի մօտ։ ես գնում էի ո՞ւր։ Անմարդաբնակ քարեր, ամայի տարածութեան մը մէջ ենք։ Լաց կ՚ըլլամ, մէկ կողմէն ալ կ՚երթամ, կ՚երթամ, կ՚երթամ… Մէկէն փոս մը տեսայ։ Գանձ գտնելու համար փոս բացած են, բայց մատուրէն այսքան հեռու ինչո՞ւ կը մտածէի, այս ի՞նչ է ըսելով մէջը նայեցայ։ Երեք հատ մեծ կրեայ ինկած էին այս փոսը, ձեռքով Պուրհանին կանչեցի որ հանենք կրեաները։

Օր մըն ալ Պուրհանը ինծի տեղ մը տարաւ, որ հրաշք մը՝ կիսատ խաչքար մը կար։ Ինչքան խօսեցինք այս տան առջեւ, տան տէրերը դուրս եկան։ Մտածեցի Պուրհանը իմ պատճառով վատ վիճակի չմատնուի։ Տան տիրոջ ժպտալով բարեւեցի։ Տունէն կին մը դուրս եկաւ ինձ փաթթուեց եւ պաչեց- պաչեց։ Իրեն «Խնդրեմ այս խաչքարը լաւ պահեցէք» ըսի։ Ան ձեռքէս բռնեց ու տան փակէն ներս տարաւ զիս։ Փակը կը գտնուէր բազմաթիւ խաչքարեր եւ խաչի կտորներ։ Պահում էր ինք։ Յետոյ սպասէ ըսաւ խոշոր հաց մը եւ երկու բաղարջ տուաւ եւ ըսաւ «Քեզ եմ տալիս, քեզ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ