Ճանիկ Վարդիվանեանի յիշատակին ձօնուած երկու արար կատակերգութիւնը մեզ հայերէն թատրոնի սիրահարներուն համար յատուկ ուշադրութեան արժանի էր։
Թերեւս մենք պոլսահայերս չունինք հայերէն լեզուով հեղինակուած նոր թատերախաղեր, բայց գոնէ այս տարի վայելեցինք հայերէնով շնչող բեմերու քանի մը օրինակներ։
1 Նոյեմբեր Ուրբաթ օր Ֆերիգիւղի Նազար Շիրինօղլու Սրահին մէջ կայացող ներկայացման համար յատուկ կանչ ուղղուած էր վարժարաններուն։
Այս պատճառաւ երիտասարդ հանդիսատեսի բազմութիւնը մեզ յատուկ երջանկութիւն պատճառեց։
Մայիս ամսուան առաջին ներկայացումը կայացող հայերէն խաղի մը ներկայիս կրկին անգամ դահլիճը լեցնելը յատուկ գնահատանքի արժանի երեւոյթ է։ Բեմադրիչ Սարօ Սիրականեանի գլխաւորութեամբ՝ «Թուլիկը»ի ութը դերասաններէ բաղկացող կազմը հաճելի հանդիպում մը ըլլալով դրոշմուեցաւ բոլոր ներկաներու յիշողութեան մէջ։