Հրանդ Տինք հիմնարկի պատմութեան ծրագրի Զ հատորը լոյս տեսաւ «Սեբաստիոյ հայերը կը խօսին» խորագրով։
«Անձայնութեան ձայնը» ընդհանուր խորագրի ներքեւ նախապէս հրատարակուած էին Տիյարպեքիրի, Անգարայի, Իզմիթի, Կեսարիոյ նման քաղաքներու նախկին բնակիչներու հետ կատարուած բանաւոր պատմութեան հատորներ։
Բանաւոր պատմութեան մասին նախապէս որոշ գիտելիքներով օժտուած թղթակիցներ, ամբողջական պատկերացում մը ցոլացնելու միտումով պատրաստուած հարցումներով կը զրուցեն տուեալ քաղաքներու մասին վկայութիւններ ունեցողներու հետ։ Սեբաստիոյ համար կատարուած էին 69 զրոյցներ, որոնցմէ 12 օրինակներ տեղադրուած են սոյն հատորին մէջ։
«Անձայնութեան ձայնը» մատենաշարը կարելի է բաղադրիչը համարել նաեւ Հրանդ Տինք հիմնարկի կազմակերպած եւ որոշ քաղաքներու մօտ անցեալը ուսումնասիրող միջազգային բանախօսութիւններուն։ Նշենք թէ ակադէմական մակարդակով այդ բանախօսութիւններու առաջինը 2009 թուին կայացած էր, Ատանայի կոտորածներու դարադարձին, նիւթ ունենալով Ատանայի եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը։ Յաջորդաբար կայացան Տիարպէքիրի, Մարտինի, Զմիւռնիոյ, Անգարայի պատմութիւնը նիւթ առնող բանախօսութիւններ, Հայաստանէն, սփիւռքէն եւ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու համալսարաններէն մասնակցող ակադէմականներու զեկոյցներով։ Այս բնոյթի վերջին օրինակն էր 17-18 Հոկտեմբերին կայանալիք Կեսարիոյ բանախօսութիւնը, որ մեկնարկումէն ժամեր առաջ արգիլուեցաւ Շիշլիի գաւառապետի որոշումով։
«Սեբաստիոյ հայերը կը խօսին» բանաւոր պատմութիւններու հատորին համար նախաբան մը խմբագրած է Հրանդ Տինք հիմնարկի աշխատակազմէն Ռուտի Սայաթ Փուլատեան, ուր կը նկարագրէ Սեբաստիոյ հայոց պատմական անցեալը, կրօնական ու կրթական հաստատութիւնները, տնտեսութիւնը, մամուլը, 1915-ի պատահարները եւ յետ եղեռնեան շրջանի զարգացումները։
Գրքի վերջաբանն ալ կը կրէ դարձեալ հիմնարկի աշխատակազմէն Նարօտ Աւճըի ստորագրութիւնը։ Այս բաժնի մէջ Նարօտ Աւճը կը փոխանցէ Սեբաստիոյ հայոց պատմական յիշողութիւնը, զանազան տօնական օրերու յատուկ ծիսակատարութիւններ, աւանդութիւններ, հասարակական ապրումներէ դրուակներ եւ վերջապէս հայրենի երկիրը լքելու եւ դէպի մեծ քաղաք գաղթելու երեւոյթներ։
Գիրքը այժմէն կարեւոր ուշադրութեան կ՚արժանանայ յատկապէս «Թույաբ»ի գիրքի փառատօնի տաղաւարներուն։