«Անատոլու Քիւլթիւր», «Քալան Միւզիք» եւ Պեռլինի «Կորքի Թեաթըր»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ 7 Հոկտեմբերին կայացող Կոմիտասի ոգեկոչման միջոցառումին մասնակիցներէն «Գողթն» խումբի անդամներուն հետ զրուցեցինք իրենց երաժշտական նախասիրութիւններուն եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Կոմիտասի յիշատակման առթիւ կազմակերպուած համերգի շրջագծով այցելած էք Իսթանպուլ։ Ի՞նչ է այդ համերգի մասին ձեր տպաւորութիւնները։
Շատ բարձր տպաւորութիւններ ունեցանք։ Մենք բոլորս մանուկ հասակէն սիրով կը լսենք Կոմիտասի երաժշտութիւնը։ Բայց մեր այս հանճարը Իսթանպուլի մէջ շատ բարձր մակարդակով ներկայացուեցաւ եւ մենք ալ բաժին ունեցանք այս կարեւոր ձեռնարկին մէջ։ Համերգի աւարտին շատ խրախուսիչ էր մեզի հանդէպ ուշադրութիւնը։
Որքան որ կը հասկնամ սա ձեր առաջին հանդիպումը չէ։
Ճիշդ է նախապէս ալ քանի մը անգամ եկած ենք Իսթանպուլ։ Առաջինը 2016-ին էր։ Եւ ո՛չ միայն Իսթանպուլ, այլ եղած ենք երկրի տարբեր քաղաքները։
Բացի 7 Հոկտեմբերի համերգը, ելոյթ ունեցաք նաեւ «Ոմանք» խումբի հետ, որ դարձեալ մեծ ոգեւորութիւն պատճառեց։ Այդ մասին ինչե՞ր կ՚ըսէք։
Հակառակ որ նախապէս միատեղ փորձեր կատարելու այդքան ալ առիթներ չունեցանք շատ հաճելի էր «Ոմանք»ի հետ բեմը կիսելը։ Կը կարծեմ թէ իրար լաւ հասկնալու հետեւանքով դժուար չեղաւ միասին նուագել։
Նախապէս ալ ձայնագրութիւններու միջոցաւ լսած եմ ձեր երաժշտութիւնը։ Սակայն այս անգամուայ կատարումները նախորդներէն բաւական տարբեր ոճ մը կը ներկայացնէին։ Ոճի փոփոխութի՞ւն մը տեղի ունեցած է ձեր մօտ։
Այդպէս չեմ կրնար ըսել։ Մենք նախապէս ալ ունեցած ենք էլեկտրոնային երաժշտութեան փորձեր։ Իւրաքանչիւր անգամ, որ ելոյթ պիտի ունենանք, հազիւ նախապատրաստութեան պահերուն կը որոշենք, թէ ինչ տեսակ երաժշտութիւն պիտի կատարենք։
Սարոյի հետ այլ ընտրանքային հայ երաժշտութեան նիւթով ռատիօ հաղորդումներ կը պատրաստենք «Ժիրայրի Ուոլքմենը» խորագիրով։ Այդ փորձով գիտենք, թէ Հայաստանի մէջ բաւականին զարգացած է էլեկտրոնային երաժշտութիւնը։ Դուք այս մասին ինչե՞ր կը պատմէիք։
Ճիշդ է որ Հայաստանի մէջ այդ տեսակի երաժշտութիւնը ծաղկման շրջան մը կ՚ապրի եւ ունի բաւականին հետաքրքրուող զանգուած։ Էլեկտրոնային երաժշտութեան հնչած դահլիճներու մէջ, թէ մերոնք կը նուագէն եւ թէ արտասահմանէն եկած հիւր երաժիշտներ։ Հանդիսատեսն ալ, թէ տեղացիներէ եւ թէ զբօսաշրջիկներէ կը բաղկանան։
Ձեր երաժշտութիւնը կը լսենք աւելի շատ Եութուպի վրայ։ Ալպոմ հրատարակելու մասին ծրագիր ունի՞ք։
Այո, կ՚ուզէի այս մասին անդրադառնալ։ Արդէն համաձայնած ենք «Քալան Միւզիք» ընկերութեան հետ եւ շուտով պիտի վերադառնանք ձայնագրութիւններու սկսելու համար։