Հայ կնոջ դերը միջազգային ասպարէզի վրայ

Ատրինէ Մինասեանը այն հայրենանուէր հայուհին է, որ այժմ կը համարուի «Օրիֆլէյմ» միջազգային քոզմեթիկ ընկերութեան համաշխարհային ցանցի 15 «Կլոպալ լիտեր»ներէն մէկը, որու շնորհիւ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Իրանը միջազգային ասպարէզին գրանցած են բարձր ցուցանիշներ։ Ատրինէի տեսակը օրինակելի է իւրաքանչիւր կնոջ համար, քանի որ երկու երախաներու մայրիկը 40 տարեկանին ալ չի դադարած սորվելէ, նոր ոլորտներուն իր ուժը փորձելէ։ Անոր կեանքի պատմութիւնը ուսումնասիրելով կը տեսնենք կրթութիւն ստանալու կարեւորութիւնը, ընտանիքին եւ սիրելի աշխատանքին անմնացորդ նուիրուածութիւնը։ Անոր աշխատանքը համակ սէր է եւ նուիրում իր ընտանիքին, իր երազանքին եւ իր Հայրենիքին...

ՍԱՐԻԿ ՍԵՒԱԴԱ

Բարեւ ձեզ «թագու­­հի» հա­­յու­­­հի։ Որ­­­տե­­­­­­­ղէ՞ն սե­­­րած են ձեր ար­­­մատնե­­­րը։

Բա­­­րեւ ձեզ։ Ես ծնած եմ 1965թ. Թեհ­­­րան։ Հայրս նոյնպէս Թեհ­­­րա­­­­­­­նէն է, իսկ մայրս ծնած է Բու­­­րուջեն քա­­­ղաք, որ­­­մէ կարճ ժա­­­մանակ անց, ըն­­­տա­­­­­­­նիքով տե­­­ղափո­­­խուած են Թեհ­­­րան։

 

Ինչպի­­­սի՞ ման­­­կութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած էք, ո՞ր կրթօ­­­ջախ­­­նե­­­­­­­րը յա­­­ճախած էք։

Շատ հե­­­տաքրքիր ման­­­կութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած եմ, մենք չորս քոյ­­­րեր ենք, իսկ ես ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մեծ երա­­­խան եմ, բնա­­­կանա­­­բար, այդ տա­­­րինե­­­րու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը շատ առումնե­­­րով կ՚իյ­­­նար իմ վրայ՝ որ­­­պէս աւագ երա­­­խայ։ Երբ փոքր երա­­­խայ էի, մեծ երա­­­զան­­­քով կը սպա­­­սէի, թէ ե՞րբ պէտք է յա­­­ճախեմ «Աթա­­­բեկ» նա­­­խակրթա­­­րանը. այդ պա­­­հերը վառ են մնա­­­ցած յի­­­շողու­­­թեանս մէջ։ Այսպի­­­սով՝ յա­­­ճախած եմ «Աթա­­­բեկ» նա­­­խակրթա­­­րանը, այ­­­նուհե­­­տեւ տար­­­րա­­­­­­­կան կրթու­­­թիւնս ստա­­­ցած եմ «Նա­­­յիրի» հայ­­­կա­­­­­­­կան դպրոց, որ­­­տեղ սոր­­­վե­­­­­­­լու տա­­­րինե­­­րուն Իրա­­­նի մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ Իս­­­լա­­­­­­­մական յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւնը, որ խառ­­­նաշփոթ ստեղ­­­ծեց ամ­­­բողջ պե­­­տու­­­թեան մէջ։ Դպրոց­­­նե­­­­­­­րը առանձնա­­­ցան ըստ սե­­­ռերու, որու պատ­­­ճա­­­­­­­ռով միջ­­­նա­­­­­­­կարգ ու­­­սումս շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցի «Թով­­­մա­­­­­­­սեան» օրիոր­­­դաց դպրոց, ուր կ՚ու­­­սումնա­­­սիրէինք հա­­­յոց լե­­­զու, պատ­­­մութիւն, մշա­­­կոյթ, կրօնք, ինչպէս նաեւ պարսկե­­­րէն։

 

Տե­­­ղեակ ենք, որ ձեր ման­­­կութեան երա­­­զան­­­քը բժշկու­­­հի դառ­­­նալն էր, սա­­­կայն հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան տա­­­րինե­­­րը եւս խառ­­­նի­­­­­­­խուռն էին, խօ­­­սինք նաեւ ձեր կեան­­­քի այդ շրջա­­­նի մա­­­սին։

Այո, սա­­­կայն այդ այդպէս ալ երա­­­զանք մնաց։ Չնա­­­յած կ՚ըսեն՝ եթէ ինչ-որ բան մը քո­­­նը չէ, ու­­­զես թէ չու­­­զես, չի ստա­­­ցուիր։ Կը մտա­­­ծեմ, գու­­­ցէ բժշկու­­­թիւնը իմը չէր։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան ըն­­­դունո­­­ւիլը, առ­­­հա­­­­­­­սարակ, շատ դժո­­­ւար էր, ես յայ­­­տա­­­­­­­դիմումս ուշ էի ու­­­ղարկած, որու պատ­­­ճա­­­­­­­ռով ալ այդ տա­­­րի չսոր­­­վե­­­­­­­ցայ։ Յա­­­ջորդ տա­­­րի կրկին դի­­­մեցի եւ ըն­­­դունո­­­ւեցայ Իրա­­­նի հա­­­րաւա­­­յին շրջա­­­նի Ահ­­­վազ քա­­­ղաքի հա­­­մանուն հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան, իսկ հայրս կտրա­­­կանա­­­պէս դէմ էր, որ ես միայ­­­նակ բնա­­­կուիմ ինչ-որ հե­­­ռու քա­­­ղաք։ Այդ տա­­­րին ալ այդպէս եղաւ, միայն յա­­­ջորդ տա­­­րի ըն­­­դունո­­­ւեցայ Թեհ­­­րա­­­­­­­նի հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կուն հա­­­շուա­­­պահա­­­կան բա­­­ժինը, վայր մը, որ­­­տեղ կը կա­­­րողա­­­նայի կրթու­­­թիւն ստա­­­նալ։

 

Թեհ­­­րան ան­­­ցուցած տա­­­րինե­­­րուն, ի՞նչ խնդիր­­­ներ կը նկա­­­տէիք հայ հա­­­մայնքի շրջան­­­նե­­­­­­­րէ ներս։

Հայ­­­կա­­­­­­­կան հա­­­մայնքը շատ փակ էր ու առան­­­ձին, հա­­­ւատա­­­ցէք, որ ձուլման վտանգ ալ չկար, կա­­­յին կու­­­սակցա­­­կան միու­­­թիւններ, որոնց ձեռ­­­քին էր հա­­­յապահ­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան եւ հա­­­յաճա­­­նաչ­­­ման ղե­­­կը։ Հայրս միու­­­թե­­­­­­­նական չէր, սա­­­կայն իր ու­­­րոյն ներդրու­­­մը եւս ու­­­նե­­­­­­­ցած է հայ հա­­­մայնքի կա­­­յաց­­­ման գոր­­­ծին։

 

1988թ. ամուսնա­­­ցաք եւ ձեր ամուսնու՝ Մա­­­յիսի հետ կը ծրագ­­­րէիք հե­­­ռանալ Իրա­­­նէն եւ հաս­­­տա­­­­­­­տուիլ Աւստրա­­­լիա, սա­­­կայն յա­­­ջորդ տա­­­րի ար­­­դէն ծնաւ ձեր որ­­­դին։ Խօ­­­սէք նաեւ այդ ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի մա­­­սին։

23 տա­­­րեկան էի, երբ ամուսնա­­­ցայ, սա­­­կայն դեռ ինձ կ՚ան­­­հանգստաց­­­նէր այն միտ­­­քը, որ իմ ու­­­զած մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­ցու­­­մը չու­­­նիմ, այդ տա­­­րիներն ալ բարդ էին ու­­­սա­­­­­­­նելու առու­­­մով. կա­­­յին մի քա­­­նի մի­­­լիոն դի­­­մումներ, որոնցմէ մի քա­­­նի հա­­­զարը պէտք է մրցոյ­­­թա­­­­­­­յին շե­­­մը յաղ­­­թա­­­­­­­հարէին, մեր՝ հա­­­յերուս դէպ­­­քին ալ այն կրկնա­­­կի դժո­­­ւար էր, քա­­­նի որ փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւն կը կազ­­­մէինք եւ մեզ հա­­­մար սահ­­­մա­­­­­­­նուած տե­­­ղերը շատ քիչ էին, մեզ զու­­­գընթաց ալ կա­­­յին այնպի­­­սի դի­­­մորդներ, որոնք ու­­­նէին մեծ ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թիւններ՝ ի շնոր­­­հիւ իրենց ծնող­­­նե­­­­­­­րու, որոնք բա­­­նակ ծա­­­ռայու­­­թիւն կը մա­­­տու­­­ցէին. այդ կը հեշ­­­տացնէր հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան ըն­­­դունո­­­ւիլը։ Ին­­­չե­­­­­­­ւէ, ամուսնու­­­թե­­­­­­­նէս ետք կ՚ու­­­զէինք տե­­­ղափո­­­խուիլ Աւստրա­­­լիա, բայց երբ որ­­­դիս ծնաւ, բնա­­­կանա­­­բար, տե­­­ղափո­­­խուի­­­լը դժո­­­ւարա­­­ցաւ։ Այդ շրջա­­­նին տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ան­­­կա­­­­­­­խացու­­­մը՝ 1991թ. Սեպ­­­տեմբե­­­րին, որ­­­մէ յե­­­տոյ ամու­­­սինս իր գոր­­­ծընկե­­­րոջ հետ գոր­­­ծի բե­­­րու­­­մով սկսեց յա­­­ճախա­­­կի գնալ-գալ Հա­­­յաս­­­տան։

 

1996թ. Դեկ­­­տեմբե­­­րին առա­­­ջին ան­­­գամ այ­­­ցե­­­­­­­լեցիք Հա­­­յաս­­­տան, վստահ եմ, դեռ ման­­­կուց լսած էք Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մա­­­սին. շա՞տ տար­­­բեր էր ձեր պատ­­­կե­­­­­­­րացու­­­ցած եւ իրա­­­կան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը։

Այո, դեռ ման­­­կուց շատ լսած եմ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մա­­­սին, նաեւ կը յի­­­շեմ տա­­­տիկիս պատ­­­մութիւննե­­­րը վար­­­դա­­­­­­­գոյն Երե­­­ւանի, ինչպէս նաեւ հայ աղ­­­ջիկնե­­­րու եր­­­կար վար­­­սե­­­­­­­րու ու սեւ, խո­­­շոր, գե­­­ղեցիկ աչ­­­քե­­­­­­­րու մա­­­սին։ «Եր­­­կա­­­­­­­թեայ դռներ»ու մա­­­սին ալ լսած էի, որ շատ դժո­­­ւար է եր­­­թալ Հա­­­յաս­­­տան։ Իս­­­կա­­­­­­­պէս, ես Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մա­­­սին պատ­­­կե­­­­­­­րացում ստեղ­­­ծած էի գրքե­­­րէն՝ պատ­­­մութե­­­նէ, գրա­­­կանու­­­թե­­­­­­­նէ եւ այլն։ Ինքս իմ մտքին կ՚երա­­­զէի. ար­­­դեօք կու գա՞յ մի օր, երբ ես ալ կը տես­­­նեմ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը ու կը վա­­­յելեմ վար­­­դա­­­­­­­գոյն Երե­­­ւանը։ 1996թ. Իրա­­­նը բա­­­ւակա­­­նին զար­­­գա­­­­­­­ցած եր­­­կիր էր եւ ես նմա­­­նատիպ մի պատ­­­կե­­­­­­­րացում կազ­­­մած էի Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մա­­­սին, բայց երբ վայ­­­րէջք կա­­­տարե­­­ցինք Զո­­­ւարթնոց, իս­­­կա­­­­­­­պէս, ապ­­­շած մնա­­­ցած էի քա­­­րու­­­քանդ ճա­­­նապարհնե­­­րուն, չնա­­­յած կը մտա­­­ծէի, երե­­­ւի միայն օդա­­­նաւա­­­կայանն է այսպէս։ Հիւ­­­րա­­­­­­­նոց եր­­­թա­­­­­­­լու ամ­­­բողջ ճա­­­նապար­­­հին կու­­­լա­­­­­­­յի, քա­­­նի որ կը փնտռէի այդ «վար­­­դա­­­­­­­գոյն»ը եւ չէի գտներ։ Ան­­­կեղծ ըլ­­­լամ՝ սպա­­­սելիք­­­ներս փշրո­­­ւեցան։ Նոր Տա­­­րին դի­­­մաւո­­­րեցինք այդ տա­­­րի Հա­­­յաս­­­տան, Յու­­­նուարին, երբ ետ վե­­­րադար­­­ձայ Թեհ­­­րան, զգա­­­ցի անա­­­սելի կա­­­րօտ մը, կը պատ­­­կե­­­­­­­րաց­­­նէք, օրերն կը հա­­­շուէի՝ ե՞րբ պէտք է եր­­­թամ Հա­­­յաս­­­տան։ Շատ լսած էի հո­­­ղի ու­­­ժի մա­­­սին, որն այդ ժա­­­մանակ սե­­­փական մաշ­­­կիս վրայ զգա­­­ցի։

 

Սի­­­րելի Ատ­­­րի­­­­­­­նէ, իսկ ի՞նչը պատ­­­ճառ հան­­­դի­­­­­­­սացաւ, որ հայ­­­րե­­­­­­­նադարձ ըլ­­­լաք։

Դե­­­ռեւս 2005թ. վեր­­­ջե­­­­­­­րը մենք կը ծրագ­­­րէինք հաս­­­տա­­­­­­­տուել կամ ԱՄՆ կամ Հա­­­յաս­­­տան, սա­­­կայն իրա­­­դար­­­ձութիւննե­­­րը այնպէս դա­­­սաւո­­­րուե­­­ցան, որ մենք եկանք Հա­­­յաս­­­տան։

 

Անդրա­­­դառ­­­նանք «Օրիֆ­­­լէյմ» ձեր առա­­­ջին քայ­­­լե­­­­­­­րուն, ինչպէ՞ս կեան­­­քի խաչ­­­մե­­­­­­­րուկնե­­­րը ձեզ տա­­­րին դէ­­­պի մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին քոզ­­­մե­­­­­­­թիկա­­­կան ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւն։

Մօտ 15 տա­­­րի առաջ, երբ նոր տե­­­ղափո­­­խուած էինք Երե­­­ւան, կին մը եկած էր ինչ-որ բան փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու, որ­­­պէսզի Իրան եր­­­թալս հետս տա­­­նիմ, քա­­­նի որ այդ տա­­­րինե­­­րուն կը սոր­­­վէի Թեհ­­­րա­­­­­­­նի հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի թարգման­­­չա­­­­­­­կան բա­­­ժինը, եւ շատ յա­­­ճախա­­­կի կը մեկ­­­նէի Իրան։ Հէնց այդ կնոջ մօտ տե­­­սայ «Օրիֆ­­­լէյմ»ի պա­­­յու­­­սա­­­­­­­կը եւ քա­­­թալո­­­կը, ու միան­­­գա­­­­­­­մէն հե­­­տաքրքրո­­­ւեցայ, աղ­­­ջիկս՝ Ավ­­­նի­­­­­­­կը, եւս իր հեր­­­թին հա­­­մոզեց ինձ, որ գրան­­­ցո­­­­­­­ւիմ եւ գոյնզգոյն քոզ­­­մե­­­­­­­թիկ­­­ներ գնեմ։ Այդ առա­­­ջին ճա­­­կատագ­­­րա­­­­­­­կան քայլն էր, իսկ յա­­­ջորդ քայ­­­լը կա­­­պուած էր քրոջս հետ, ով Իրա­­­նի դրամատնե­­­­­­­րէն մէ­­­կու ղե­­­կավարն էր այդ ժա­­­մանակ, խնդրե­­­ցի անոր, որ ին­­­չու չէ, «Օրիֆ­­­լէյմ»ը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ աշ­­­խա­­­­­­­տակից­­­նե­­­­­­­րուն, այդ եւս յա­­­ջողո­­­ւեցաւ։ 15 տա­­­րի է, ինչ գրան­­­ցած եմ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը եւ իմ աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը հիմ­­­նա­­­­­­­կանին պարսկա­­­կան շու­­­կա­­­­­­­յին կը տա­­­րուին։

 

Ի՞նչ ձեռքբե­­­րումներ ու­­­նե­­­­­­­ցած էք եւ ի՞նչ խո­­­չըն­­­դոտնե­­­րու բա­­­խուած էք այս տա­­­րինե­­­րուն հէնց «Օրիֆ­­­լէյմ»ի գոր­­­ծունէու­­­թեան ըն­­­թացքին։

Նախ սկսիմ ձեռքբե­­­րումնե­­­րէն. 2018թ. ես ընդգրկո­­­ւեցայ «Օրիֆ­­­լէյմ»ի կլո­­­պալ լի­­­տեր­­­նե­­­­­­­րու լա­­­ւագոյն 15-ի ցու­­­ցա­­­­­­­կին, որ կ՚ապա­­­ցու­­­ցէ տո­­­ւեալ լի­­­տերի հսկա­­­յական աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը ամ­­­բողջա­­­կան ծա­­­ւալով։ Նոյ­­­նիսկ ղե­­­կավար կազմն էր զար­­­մա­­­­­­­ցած, իմ ցոյց տո­­­ւած թի­­­ւերէն, քա­­­նի որ, իս­­­կա­­­­­­­պէս, ես ալ չէի կա­­­րող պատ­­­կե­­­­­­­րաց­­­նել այդչափ ար­­­դիւնա­­­ւէտ պատ­­­կեր։ Երկրորդ ձեռքբե­­­րում կրնամ հա­­­մարել այն, որ իմ մի­­­ջոցով կրցան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի շու­­­կան աւե­­­լի լաւ պատ­­­կե­­­­­­­րաց­­­նել ու որո­­­շակի ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թիւններ ըն­­­ձե­­­­­­­ռել, քա­­­նի որ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը ամե­­­նափոքր երկրնե­­­րէն մէկն է «Օրիֆ­­­լէյմ»ի՝ շուրջ 70 երկրնե­­­րու մաս­­­նա­­­­­­­ճիւ­­­ղե­­­­­­­րու շրջա­­­նին, բայց, միեւ­­­նոյն ժա­­­մանակ, ներ­­­կա­­­­­­­յումս դար­­­ձած է ամե­­­նաու­­­ժեղնե­­­րէն մէ­­­կը, ին­­­չը, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­մար, բնա­­­կանա­­­բար, մեծ քայլ է մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին հար­­­թա­­­­­­­կի մէջ։ Խո­­­չըն­­­դոտնե­­­րու առու­­­մով կրնամ նշել, որ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ դժո­­­ւար է աշ­­­խա­­­­­­­տիլ, քա­­­նի որ մարդկանց կեն­­­ցա­­­­­­­ղային խնդիր­­­նե­­­­­­­րը կրնան ազ­­­դել այն առու­­­մով, որ անոնց հեշտ չէ հա­­­ւատալ, որ կա­­­րող են բիզ­­­նես քայլ կա­­­տարել կամ փոքր ներդրումնե­­­րով առաջ գնալ, սա­­­կայն իմ հիմ­­­նա­­­­­­­կան խո­­­չըն­­­դոտնե­­­րը կա­­­պուած են իրա­­­նական շու­­­կա­­­­­­­յի հետ, քա­­­նի որ ապ­­­րանքի շրջա­­­նառու­­­թիւնը, տե­­­ղափո­­­խու­­­թիւնը պե­­­տու­­­թե­­­­­­­նէ պե­­­տու­­­թիւն հիմ­­­նա­­­­­­­կանին կ՚առա­­­ջաց­­­նէ դժո­­­ւարու­­­թիւններ, բայց ես ար­­­դէն սո­­­վոր եմ այս իրա­­­վիճա­­­կին եւ կարողութիւն ու­­­նեմ պայ­­­քա­­­­­­­րելու անոնց դէմ։

 

Ձեզ կ՚անո­­­ւանեն «Օրիֆ­­­լէյմի Թա­­­գու­­­հի», որ­­­տե­­­­­­­ղէ՞ն է այն առա­­­ջացել։

Այսպէս ինձ կո­­­չած են Հա­­­յաս­­­տան։ Կը կար­­­ծեմ, որ տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին կա­­­լա ընթրիք­­­նե­­­­­­­րու եւ քոն­­­ֆե­­­­­­­րանսնե­­­րու ժա­­­մանակ ինձ վե­­­րապա­­­հուած այն բո­­­լոր գոր­­­ծա­­­­­­­ռոյթներն են ազ­­­դակ հան­­­դի­­­­­­­սացած այդ անուան ձե­­­ւաւոր­­­ման եւ տա­­­րած­­­մա­­­­­­­նը։ Տա­­­րածաշրջա­­­նին միայն Ռու­­­սաստա­­­նը ու­­­նե­­­­­­­ցած է լի­­­տեր­­­ներ, որն ալ պայ­­­մա­­­­­­­նաւո­­­րուած էր իր մեծ շու­­­կա­­­­­­­յով, իսկ հե­­­տագա­­­յին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը ոստում կատարեց եւ ար­­­դէն ես դար­­­ձայ լի­­­տեր­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը։ Շատ բնա­­­կան կը հա­­­մարեմ, որ այդքան մեծ աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րէն ետք կա­­­րող էր նման կո­­­չում մը վե­­­րապա­­­հուած ըլ­­­լար ինձ հա­­­մար։

 

Ըստ ձեզ՝ ինչպի­­­սի՞ն պէտք է ըլ­­­լայ հա­­­յը։

Հայ­­­րե­­­­­­­նանո­­­ւէր մարդն է ինձ հա­­­մար հա­­­յի լա­­­ւագոյն օրի­­­նակը։ Ցա­­­ւօք սրտի, մեր հա­­­սարա­­­կու­­­թեան զգա­­­լի մի զան­­­գո­­­­­­­ւած, ան­­­ձամբ ինձ հա­­­մար, հայ չեն, անոնք մի գու­­­ցէ ծնո­­­ւած են Հա­­­յաս­­­տան, ու­­­նին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­ցիու­­­թիւն, սա­­­կայն իրենց ապ­­­րա­­­­­­­ծով ան­­­բա­­­­­­­ւարար են հայ կո­­­չուե­­­լուն։ Ես կրնամ ինձ օրի­­­նակ բե­­­րել որ­­­պէս հայ, իմ որ­­­դուն, իմ աղջկան, իմ ըն­­­տա­­­­­­­նիքին, որով­­­հե­­­­­­­տեւ ըն­­­տա­­­­­­­նիքս այնպի­­­սի սի­­­րահա­­­րուա­­­ծու­­­թեամբ կը խօ­­­սի հայ­­­րե­­­­­­­նիքի մա­­­սին, այնքան երա­­­զան­­­քով կը պատ­­­մէ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մա­­­սին, որ բո­­­լորն ալ ակա­­­մայ կը սի­­­րահա­­­րուին։

 

Ինչպէ՞ս կը գնա­­­հատէք Հա­­­յաս­­­տան- սփիւռք հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թիւնը։

Իմ կար­­­ծի­­­­­­­քով՝ սփիւռքը պէտք է դուրս գայ պար­­­կով լի «Ձմեռ Պա­­­պիկ»ի դե­­­րէն եւ դա­­­դարի գու­­­մարներ տրա­­­մադ­­­րել անա­­­պահով մարդկանց՝ զուտ գո­­­յատե­­­ւելու հա­­­մար։ Սփիւռքը իր խել­­­քով ու փոր­­­ձով պէտք է Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նին։

 

Ձեր կար­­­ծի­­­­­­­քով՝ ինչպի­­­սի՞ն պէտք է ըլ­­­լայ հայ կի­­­նը 21-րդ դար։

Ինձ հա­­­մար հայ կնոջ կերպարը իտէալա­­­կան է՝ հէնց իր պայ­­­քա­­­­­­­րով, նպա­­­տակաս­­­լա­­­­­­­ցու­­­թեամբ եւ աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեամբ։ 21-րդ դա­­­րի որոշ տար­­­րեր, բնա­­­կանա­­­բար, կ՚աւե­­­լաց­­­նէի այդ կերպարին՝ դա­­­րի մար­­­տահրա­­­ւէր­­­նե­­­­­­­րուն այն աւե­­­լի դի­­­մաց­­­կուն դարձնե­­­լու հա­­­մար, սա­­­կայն չեմ ըն­­­դունիր այն կարծրա­­­տիպը, որ հայ կի­­­նը պէտք է նստի տա­­­նը եւ երա­­­խայ խնա­­­մէ կամ դառ­­­նայ շար­­­քա­­­­­­­յին տնա­­­յին տնտե­­­սու­­­հի։ Բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար, Հա­­­յաս­­­տան շատ բան փո­­­խուած է դէ­­­պի դրա­­­կանը, խոս­­­տումնա­­­լից ու առա­­­ջադէմ երի­­­տասար­­­դութիւն ու­­­նինք, որով, վստահ եմ, ապա­­­գային կը հպարտանանք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ