Իրողութիւնը կը փոխո՞ւի որուն կողմէ ըսուելուն պատճառաւ

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Ցեղասպանութիւնը ուր որ պատահեցաւ, յստակ է թէ լուծումն ալ պէտք է հոն գտնել: Այլ միջոցները չեն կրնար խնդիրը լուծել: Այս ալ յստակ է: Սակայն յստակ է նաեւ այն իրողութիւնը, ըստ որու մեծամասնութեամբ ճնշումներու տակ լռելու դատապարտուած, լուռ չմնացողներն ալ (Հրանդ Տինքի նման) պետութեան ալ մասնակցութեամբ ոճիրի զոհ դարձած Թուրքիոյ հայերը, եթէ բացառենք քաղաքական դիրքորոշում որդեգրածները, ի վիճակի չեն իրաւունք պահանջելու:
ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատը ի դէմ 11 ժխտողներու, 405 ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուց ցեղասպանութեան բանաձեւը: Թէ իշխանութիւնը եւ թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները այս որոշումը գնահատեցին իբրեւ Թուրքիոյ դէմ պատիժ:
Կասկած չկայ թէ, յաջորդաբար կայացող եւ Թուրքիոյ հանդէպ պատժամիջոցներ առաջադրող որոշումը ապացոյց մըն է Թուրքիոյ դէմ բարկութեան եւ վրդովումի: Բայց կարելի չէ նման մեծամասնութեամբ ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունուիլը այսքան պարզ ընկալել: 
Նախ պէտք է յիշեցնել թէ վերջերս կայացած որոշումը համարեա 30 տարիներու հասնող յարատեւ պայքարի մը արդիւնքն է: Եւ իւրաքանչիւր անգամ ալ ԱՄՆ- Թուրքիա բարի յարաբերութիւններու հետեւանքով կամ պետնախարարութեան կամ ալ սպիտակ տան միջամտութեամբ կանխուեցաւ բանաձեւի գոնկրեսի մէջ վաւերացումը: Այսինքն քաղաքական եւ դիւանագիտական եղանակներով Թուրքիա «պարգեւատրուեցաւ»: Ուշագրաւ է, նման պայմաններու դէմ Թուրքիոյ կողմէ ոչ ոք կ'առարկէ «որոշումը քաղաքական է» ըսելով: Իսկ երբ հակառակը պատահի, այսինքն ցեղասպանութիւնը ընդունող բապաձեւ մը քուէառկուի, որոշումը քաղաքական կը համարուի, կ'ըսուի թէ պատմութիւնը կը շահագործուի քաղաքական նպատակներով:
Ճիշդ է որ գոնկրեսի որոշումը քաղաքական է: Բայց արդէն այս նիւթով ամբողջ գործընթացը, ամբողջ պատմութիւնը քաղաքական է: Նոյնպէս քաղաքական է ցեղասպանութեան ուռացումը: Նոյնինքն ցեղասպանութիւնն ալ քաղաքական էր: Հետեւաբար, կարելի է ըսել թէ այս որոշումը առկայ քաղաքական դիրքորոշումներու հետ առնչուած է, բայց սա երկրորդական է: Սակայն կայ նոյնքան կարեւոր ուրիշ հարցում մը՝ որոշումին նիւթ դարձած եղելութիւնները իրողութի՞ւն են, թէ ոչ:  
Տեսնենք թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ ընդդիմութիւնը ինչպէս կ'ընկալեն եւ ինչպէս կը փոխանցեն: Ընդհանուր տրամադրութիւնը կ'ըսէ՝ «ԱՄՆ ըրաւ»: Արդէն Թուրքիոյ քաղաքական մտայնութիւնը բոլոր երկիրները միանշանակ (իշխանութեան հետ նոյնացած) ընկալելու հակում ունի: Բայց այս օրինակը այլեւս աչք կը ծակէ: Որոշումը կայացնողը երկրին տարբեր շրջաններէն եկող, տարբեր համոզումներու տէր 405 ներկայացուցիչներ են, որոնց մէկ մասը հանրապետական, մէկ մասն ալ տեմոքրաթական կուսակցութեան կը պատկանին: Անոնց մէջ կան ցեղասպանութեան վերապրողներու թոռներ, կան այս նիւթին շուրջ 30 տարիներէ ի վեր աշխատանք տանողներ: Անոնցմէ շատեր երբեք չեն համաձայնած անձամբ Թրամբին եւ անոր գլխաւորած ԱՄՆ-ի ներկայ իշխանութեան հետ: Հետեւաբար իրաւացի չէ իշխանութիւնը եւ գոնկրեսը ամբողջութիւն մը ըլլալով ընկալել ու «ԱՄՆ ըրաւ» ըսել: Սակայն կրկին կրնանք ԱՄՆ ըրաւ ըսել, քանի որ այս 405 պատգամաւորները ԱՄՆ-ըն կը ներկայացնեն:
Կայ աւելի կարեւոր նիւթ մը: Այս որոշումը կարեւոր է ամերիկահայոց համար: Թուրքիոյ պետութիւնը եւ կառավարութիւնները այնպէս կը կարծեն եւ կը ներկայացնեն թէ հայը մինակ Թուրքիոյ մէջ բնակող եւ թրքական պետութեան համակերպելու ստիպուած հայերն են: Թրքահայ հաստատութիւններուն, պետութեան հետ խնդիր չունենալու մտավախութեամբ ըրած յայտարարութիւնները աշխարհին իբրեւ օրինակ ցոյց կու տան: Բայց իրողութիւնը տարբեր է:
ԱՄՆ-ի մէջ ցեղասպանութենէ մազապուրծ փրկուած վերապրողներու թոռները բիւրաւոր են: Նոյնիսկ ցեղասպանութեան արհաւիրքը չապրածները գերզգայուն են այս նիւթի դիմաց: Այս որոշումը ինքզինք ամերիկացի համարող այդ հայերուն համար շատ կարեւոր է: Քուէառկութեան աւարտին հասած գրառումները կը վկայեն թէ այս զարգացումը մխիթարական եղած է իրենց համադ: Եւ անշուշտ աշխարհի այլ երկիրներու հայոց համար նոյնպէս: 
Որոշումը կարեւոր է նախ այս իմաստով: Ցեղասպանութիւնը ուր որ պատահեցաւ, յստակ է թէ լուծումն ալ պէտք է հոն գտնել: Այլ միջոցները չեն կրնար խնդիրը լուծել: Այս ալ յստակ է: Սակայն յստակ է նաեւ այն իրողութիւնը, ըստ որու մեծամասնութեամբ ճնշումներու տակ լռելու դատապարտուած, լուռ չմնացողներն ալ (Հրանդ Տինքի նման) պետութեան ալ մասնակցութեամբ ոճիրի զոհ դարձած Թուրքիոյ հայերը, եթէ բացառենք քաղաքական դիրքորոշում որդեգրածները, ի վիճակի չեն իրաւունք պահանջելու: Պէտք չէ մոռնալ թէ տակաւին հազիւ շաբաթ մը առաջ Շիշլիի գաւառապետի որոշումով արգիլուեցաւ Հրանդ Տինք հիմնարկի կազմակերպած Կեսարիոյ մասին գիտաժողովը: 
Եզրակացնենք, ճիշդ է, այս որոշումը քաղաքական հաւասարկշռութիւններու հետեւանքն է: Իսկ միւս կողմէ Թուրքիա զուրկ է 1915-ի հետ առերեսուելու կամքէ ու նպատակէ: Բացի այդ, քրտական շարժումի հանդէպ մերձեցումն ալ կ'ապացուցէ թէ դաս ալ չէ առած 1915-ին կատարուածներէն: Ընտրուած ներկայացուցիչներ կամ բանտարկուած են, կամ ալ իրենց պաշտօնին տեղապահներ նշանակուած: Երկրէ ներս կամ սահանէն դուրս, քրտաբնակ վայրերը կրակէ օղակի մը մէջ առնուած են: Սա նախընտրութիւն մըն է, այսինքն կրնար ուրիշ կերպ ալ ըլլալ:
Երկրորդը՝ Ներկայացուցիչներու տան որոշումը կ'ակնարկէ պատմական իրողութեան: 1915-ին պատահածը բնական աղէտ մը չէր. ա-Ծրագրուած էր, կը միտէր հայ բնակչութիւնը իր բնօրրանէն հեռացնել: բ- Կազմակերպուած էր, թղթակցութիւններ, հեռագրային հրահանքներ, տարագրութեան առարկող կուսակալներուն պաշտօնազրկումը, 1918-է ետք կայացող դատավարութիւնները...բոլորը կը մատնանշեն կազմակերպուածութիւնը: գ- Հետեւանքներ ունեցաւ: Այս գործողութեան աւարտին հայերը կորսնցուցին իրենց հայրենիքը: Գրաւուեցաւ անոնց ունեցուածքը եւ միայն չնչին մէկ մասը մնաց երկրի մէջ: 
Երբ այս է համայնապատկերը, իրողութիւնը կը փոխո՞ւի որուն կողմէ ըսուելուն պատճառաւ: 

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ