ԱՄՆ-ի Խորհրդարանի կառոյցներէն Ներկայացուցիչներու տունը 29 Հոկտեմբերին կայացած ժողովով պաշտօնապէս ճանչցած եղաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Քուէարկութեան կողմ եղան 405 պատգամաւորներ եւ դէմ միայն 11 ձայն։ Այս որոշումը նաեւ կը հաստատէ ցեղասպանութեան տարիներուն Ամերիկայի դեսպան Մորկնթաուի աղաղակները։ Ան եղածներու համար կը գոչէր. «Կատարուածը ամբողջ ցեղ մը բնաջնջել կը միտի»։ Բանաձեւը նաեւ կը թելադրէ ուսման ծրագրին մէջ ներառնել այս խնդիրը, որպէսզի յաջորդ սերունդներ աւելի զգօն ըլլան նման պատահարներու նկատմամբ։
Անշուշտ որ պատահածը արտակարգ երեւոյթ մըն է, քանի որ նախապէս նման բնոյթի բանաձեւներ յաճախակի կերպով օրակարգի եկած, բայց իշխանութիւններու միջամտութեամբ երբեք չէին հասած քուէարկման փուլին։ Այդ մասին թէ երկրի նախագահը եւ թէ Արտաքին գործոց կամ Պաշտպանութեան նախարարները ճնշում բանեցնելով յաջողած էին բանաձեւի քուէարկման արգելք ըլլալու։ Այս անգամ կ՚արժէ հարց տալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ, որ բոլոր նիւթերու մէջ լուրջ տարակարծութիւն ապրած Հանրապետական եւ Ժողովրդավարական կուսակցութիւններու պատգամաւորները յաջողեցան միաձայնութեան յանգիլ եւ միասնաբար քուէարկել նոյն ուղղութեամբ։
Անշուշտ այստեղ կարեւոր գործօն մը ըլլալ կը թուի Սուրիոյ ներքին պատերազմը եւ այդ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ որդեգրած արշաւիչ քաղաքականութիւնը։
Թուրքիա այս բնոյթով գործողութեան մը սկսելու համար թոյլտուութիւն ստացած էր նախագահ Թրամբէն։ Թրամբ է, որ բանակը ետ քաշելով ճամբայ բացած էր թրքական զօրքերու յառաջընթացին եւ մանաւանդ ալ այս որոշումը առած էր իր անձնական համոզումներով։ Չէր դիմած Ծեռակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան։ Արդարեւ այդ նոյն ժողովի ընթացքին Թուրքիոյ հանդէպ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւը եւս վաւերացուեցաւ, այս անգամ 403 կողմ ձայներու դէմ, միայն 16 դէմ ձայներով։
Բանաձեւի վաւերացումէն ետք եղելութիւնը մեկնաբանող անդամները շեշտեցին իրենց վճռի արդարութիւնը։ «Այսօր իրողութիւնն է, որ յաղթանակած է։ Սնանկացած են հակալոպիական քաղաքականութիւնները։ Այսօր Խորհրդարանը արդարութեան կողմ եղած է։ Յետ այսու առիթ չենք տար սպառնալիքներուն։ Այս կը պահանջէ Ամերիկայի պատիւը»։
Այս եւ նման բացատրութիւններով հանդերձ Խորհրդարնի նախագահ Բելոսի Արտ. Գործ Յանձնախումբի նախագահ Էնճըլ, Հանրապետականներու պետ Սմիթ եւ Պիլիրաքիս կը յայտնեն թէ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դէմ գործուածները ազդած են այս որոշումին վրայ։ Անոնք նաեւ յիշեցին հանրապետութեան հռչակման 96-ամեակը եւ կոչ ըրին այս հանգրուանին աւելի պատասխանատու քաղաքականութիւն մը ընդունելու համար։
Օրինակ տուին Գերմանիան, որ քաջութիւն ունեցաւ իր ամօթալի անցեալին հետ առերեսուելու։ «Եթէ Գերմանիա այսօր ունի ժողովրդավարութեան ամուր յատկութիւններ, այդ կը պարտի իր անցեալին հետ առերեսուած ըլլալուն»։
«Թուրքիա փոխանակ ցեղասպանութիւնը ուրանալու, սպառնալիքներով արդիւնք առնելու ձգտելու պէտք է խուսափի իր երկրի ընդդիմադիրները ճնշելէ, ակադեմականները բանտարկելէ եւ պէտք է որդեգրէ քաղաքակիրթ աշխարհի համաձայնած սկզբունքները»։
Անշուշտ կան նաեւ այս որոշումին դէմ առարկողներ ալ։ Անոնց համաձայն որոշումը ինքնին պարտադրող յատկութիւն մը չունի։ Հետեւաբար սահմանափակ է նաեւ անոր ազդեցութիւնը։ Սա միայն Ներկայացուցիչներու տան պարզ մէկ առաջարկն է։ Չունի աւելի մեծ նշանակութիւն։ Ծերակոյտի երկու ազդեցիկ գործիչներ Թեքսասի ծերակուտական Թեթ Քրուզ եւ Արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Մենենտըս խորհուրդ կու տան, որ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին նման բանաձեւ մը ներկայացուի նաեւ Ծերակոյտին։ Ծերակոյտը պիտի կրնայ քննարկել պատժամիջոցները եւս։ Անոնք յոյս ունին, որ ձայներու նման մեծամասնութիւնով մը եթէ բանաձեւը անցնի Ծերակոյտէն, նախագահն ալ պիտի դժուարանայ այդ որոշումը չեղեալ համարելու։