«Ակօս»ի ոսպնեակէն

Այս շա­բաթ դի­մատետ­րի էջե­րուն վրայ զար­մա­նալով հան­դի­պեցանք «Ակօս»ին ուղղեալ կարգ մը ան­հիմն ու ան­տե­ղի քննա­դատու­թիւննե­րու։ Այդ քննա­դատու­թիւննե­րը կը ծա­գէին նա­խորդ եր­կու շա­բաթ­նե­րուն «Ակօս»ի էջե­րուն վրայ լոյս տե­սած Արամ արք. Աթէ­շեանի գո­վազդնե­րէն։ Այդ գո­վազդնե­րը նիւթ առ­նե­լով «Ակօս»ը Աթէ­շեանի կողմնա­կից հա­մարող­նե­րը կ՚ան­տե­սէին այն պարզ իրո­ղու­թիւնը, թէ նոյն գո­վազդնե­րը, նոյն ծա­ւալով հրա­տարա­կուած էին նաեւ «Մար­մա­րա» եւ «Ժա­մանակ» թեր­թե­րու մէջ ալ։ Կար­ծես թէ Մա­շալեան ալ մե­զի գո­վազդ տո­ւած, բայց մենք մեր­ժած ըլ­լա­յինք։ Բո­լորո­վին անի­մաստ է, բայց ան­գամ մը եւս կրկնենք. «Ակօս» այս ընտրու­թիւննե­րու ըն­թացքին հա­ւասար հե­ռաւո­րու­թիւն կը պա­հէ բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րու հան­դէպ։ Մեր բո­լոր առար­կութիւ­նը կը կեդ­րո­նանայ ար­դար ընտրու­թեան պա­հան­ջի վրայ։ Մենք պաշտպա­նեցինք բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րու այս ընտրու­թեան մաս­նակցե­լու իրա­ւունքը։ Ծան­րօ­րէն քննա­դատե­ցինք Ներ­քին Գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան ղրկած կա­նոնա­գիրը։ Բայց նոյնպէս քննա­դատե­ցինք ու մե­ղադ­րե­ցինք կա­նոնագ­րին այս եղա­նակով գա­լուն հա­մար ամէն ջանք ի գործ դրած շրջա­նակ­նե­րը եւս։ Հա­ւասար կեր­պով մե­ղադ­րե­ցինք, թէ Սա­հակ եւ թէ Արամ սրբա­զան­նե­րը այս անար­դար որո­շու­մի հա­մակեր­պած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ։ Չգո­հացանք անոնց ներ­կա­յացու­ցած պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով։ Յա­րատե­ւօրէն շա­րու­նա­կեցինք մեր պնդումնե­րը եւ տա­կաւին նա­խորդ շա­բաթ դար­ձեալ այս բո­վան­դա­կու­թեամբ հրա­պարա­կեցինք նիւ­թի շուրջ մեր կար­ծի­քը։ Յայտնի է, որ այս մա­սին բամ­բա­սանք ստեղ­ծողնե­րը չեն կար­դա­ցած մեր այդ գրու­թիւնը։ Ու­րեմն ստի­պուած ան­գամ մը եւս պի­տի կրկնենք, թէ ինչ ըսած էինք նա­խորդ շա­բաթ. «Ըստ երե­ւոյ­թի այս սահ­մա­նափա­կումնե­րով կա­տարո­ւած ընտրու­թիւնը ան­բուժե­լի վէր­քեր պի­տի ստեղ­ծէ։ 2010-ին երբ պատ­րիաքա­կան փո­խանորդ ընտրո­ւեցաւ դար­ձեալ նման մթնո­լորտ մը գո­յացած էր, որուն հե­տեւանքնե­րը տա­սը տա­րի ապ­րե­ցանք։ Այ­սօր ընտրու­թիւնը նոյն եղա­նակով աւար­տել ու­զողնե­րը թե­րեւս ալ յա­ռաջի­կայ եր­կա­րատեւ ճգնա­ժամե­րու առիթ տո­ւած պի­տի ըլ­լան։ Կրկին զգու­շացնենք, մի յա­մառիք սխա­լին վրայ, այլ վե­րադար­ձէք ու­ղիղ ճամ­բան, որ­քան որ դեռ շատ ուշ չէ»։ Այս բո­լորը գրած էինք «Ակօս»ի նա­խորդ հա­մարով։ Մեր որ­դեգրած ու­ղին պարզ ու յստակ է։ Բայց ոմանք պար­տին հա­սարա­կու­թեան բա­ցատ­րել, թէ ինչպի­սի յե­տին նպա­տակ­նե­րով տե­ղի տո­ւին այս անըն­դունե­լի կա­նոնագրութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ