Պատմաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամ 25 Հոկտեմբեր 2019 ուրբաթ օր Նիւ Ճըրզիի հայ համայնքի կողմէ յաջողութեան շքանշանով պարգեւատրուեցաւ։ Յանուն «Վարդանի դուստրերու եւ ասպետներու» միջոցառման բացման ճառը արտասանեց Հրանդ Կիւլեանը։ Թաներ Աքչամ իր ծննդեան օրուայ զուգադիպող այս տուչութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած գնահատանքին համար։ Ապա անդրադարձաւ ծիծաղելի հակասութեան մը՝ «Այս շնորհանդէսը կը պարտինք Թրքական պետութեան ցեղասպանութիւնը յամառօրէն ուրացող ռազմավարութեան»։ Աքչամ ապա յիշատակեց իր ստանձնած առաքելութեան մէջ զօրակցութիւն ցուցաբերողները։ Յիշեց Հրանդ Տինքը։ «Երբ այս նիւթով զբաղիլ սկսայ, դեռ չէի ճանչցած Հրանդը։ Ապա մեր ճանապարհները խաչաձեւուեցան եւ համաձայնեցանք, որ երկուքս ալ գլխաւոր նպատակ ընդունած ենք անարդարութեան դէմ պայքարը։ Ան երազած էր խտրականութիւնը յաղթահարած երկրի մը քաղաքացին ըլլալ։ Մենք պարտաւոր ենք այս խաւարը լուսաւորելու համար աշխատելու»։