Այս տարի իններորդ անգամ կը կայանայ արուեստի սիրահարի մը կողմէ նախաձեռնուած յատուկ բնոյթով միջոցառում մը, որ անցնող տարիներու ընթացքին խորապէս տպաւորած էր այդ միջոցառումի ներկայ գտնուողները։ Նիւթը կը վերաբերի խոր մթութեան մէջ Կոմիտաս վարդապետը յիշատակելու։ Նուրի Քայան է այդ արուեստի սիրահարը եւ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք թէ ան Կոմիտասի երկրպագու մըն է նաեւ։ Այս տարի վերջին անգամ ըլլալով կը ձեռնարկէ իր իսկ յղացած այս միջոցառման եւ որոշած է յառաջիկայ տարիներուն ձեռնարկը փոխադրել, օտար երկիրներ որպէսզի այլ շրջանակներ եւս ծանօթացնէ Կոմիտասը։ Չիմացողներու համար առաջին հերթին խրտչեցնող է խոր մթութեան տպաւորութիւնը։ Բայց կարծես խնդրի էութիւնն ալ ամբողջովին թաքնուած է այդ մթութեան խորհրդին մէջ։ Հրաժարիլ տեսողութենէ եւ մնացեալ բոլոր զգայարաններով կուշտ ու կուր վայելել մատուցուած խօսքը, միտքը եւ այն ամէն ինչ, որոնք իրենց կարգին կարող են մարդու ներքնաշխարհին թափանցել։
Այս տարուայ միջոցառումը ինչ լաւ է, որ կը վայելէ Պատրիարքարանի հովանաւորութիւնը։ Նուրի Քայա բաւականին ոգեւորուած էր Տեղապահ սրբազանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն։ «Ան ամբողջովին ընկալեց իմ միտքը եւ խոստացաւ աջակցիլ ամէն տեսակին դժուարութիւն յաղթահարելու համար»։
Անցեալ տարիներու վկայութիւնով գիտենք, թէ Նուրի Քայայի այս բնոյթի նախաձեռնութեան իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը կը բերեն բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ կ՚ուզեն մասնակից ըլլալ այս հետաքրքրական միջոցառման։ Այս տարի ալ նոյնն է, որ կը պատահի եւ տարբեր մարզերէ բազմաթիւ արուեստագէտներ կու գան մասնակցելու։ 8 Նոյեմբեր ուրբաթ երեկոյ ժամը 20.00-23.00-ի միջեւ տեղի ունենալիք այս նախաձեռնութեան գեղարուեստական տնօրէնն է Արթիւր Պաղտասարեան։
Հրաւիրատոմսեր ապահովելու համար կարելի է դիմել 0532 342 25 38 հեռախօսահամարին կամ info@karanliktayemek.com կայքէջին։