Հունտը չի մոռնար իր ինկած հողը։ Ծիլ կ՚արձակէ, կ՚աճի, կը ծաղկի, պտուղ կու տայ, բայց չուրանար իր ինկած հողը։ Մարդ էակն ալ նոյնն է։ Չէ որ հողէն եկած էինք եւ հող պիտի դառնայինք։ Կարծես հողն ալ չի մոռնար իրեն դպչողը, կը պահէ անոր ոտնահետքը։ Նախնիների ծագումով Բաղիշեցի Սոֆիա Քալանթարեան Ղալամքարեան Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակը նշեց անոր ծննդավայր՝ Կուտինայի մէջ։ Ապա շարունակեց ճանապարհը դէպի նախնեացս «էրկիր» Բաղէշ։ Վերադարձին ահագին բան ունէր պատմելու եւ մենք սիրով լսեցինք զինք։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Նախ սկսինք ձեզ ճանչնալով։
Ես Սոֆիա Քալանթարեան Ղալամքարեան, ծնած եմ Վանաձոր։ Հոն ապրած եւ այնտեղէն Թուրքիա այցելութեան եկած եմ։ Վանաձորի մանկավարժական համալսարանի , անգլիական բաժնի ուսուցիչ եմ։
Ինչո՞ւ եկաք հոս։ Ինչո՞ւ Թուրքիա, ինչո՞ւ Պոլիս։
Ես Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակի առիթով եկայ։ Իմ վաղեմի երազանքն էր Կուտինան տեսնել։ Ուզեցի այս առիթը օգտագործել եւ գալ ու տեսնել Կուտինան եւ Պիթլիսը։ Եկայ Կուտինա, Բոլորը ի հարկէ զարմանում էին, յատկապէս զաւակներս չէին ուզում որ ես մինակ գամ։ Որովհետեւ լսած էին թէ Պիլթիսը վտանգաւոր է մինակ ճամբորդելու համար։ Բայց ես անդրդուելի էի իմ որոշման մէջ։ Պէտք էր անպայման Սեպտեմբերի 26-ին լինեմ Կուտինա։ Որպէս Կոմիտասի ծննդեան օրը։
Անպայման 150 ամեակը ինչո՞ւ հոս տօնել ուզեցիք։ Դուք ծրագիրո՞վ մը հոս էք։
Բացարձակ այդպէս բան մը չկայ։ Ոչ մի ծրագիր, ոչ մի նախաձեռնութիւնով չեմ եկած։ Ես անձամբ եկայ։ Բայց օժանդակողներ շատ եղան։ Անոնք շատ շատ էին, որ ես իմ ուխտը կատարեմ։ Որդիս Անգարայի քոնֆերանսի ժամանակ կոլէկաներէն մէկուն տեղեկացուցած էր իմ ուխտի մասին, իմ ցանկութեան մասին։ Միակ բանն էր որ խնդիր էր մեզի համար իմ անվտանգութիւնը ու ապահովութիւնը։ Որովհետեւ ես առանձին պիտի ըլլայի։ Իրենք շատ պատրաստակամ Թոմրիս Թուրմէն, որ Անգարայի միջազգային մանկական կեդրոնի նախագահն է եւ մի անուն եւս տոքթոր Այշէկիւլ Էսին։ Իրենք ամէն ինչ ըրին, որ ինչ որ մէկը ինծի հետ ըլլայ, որպէսզի իմ անվտանգութիւնը ապահովուի։
Այշէկիւլ գտաւ փրոֆ. Պասքըն Օրանին, ան զանգեց Երուանդ Տանձիկեանին… այդպէս դոմինոյի նման շարան մը հիւսուեց եւ զիս ներգրաւեց։ Առաջարկեցին Պեսսէի ուղեկցութիւնը։ Ես Պեսսէին չեմ ճանչցած մինչեւ Կուտինա։ Մենք իրար հետ ծանօթացանք օդակայանը Կուտինա երթալու ժամանակ։
Ես եւ Պեսսէ ոչ մի ծանօթ ունէինք Կուտինա։ Ո՛չ մի հենման կէտ չունէինք։ Ո՛չ մի բռնուելիք տեղ ունէինք։ Մեզ համար լրիւ անծանօթ քաղաք էր։ Միակ ծանօթը Կոմիտասն էր։ Իրեն շուրջը, ինքը մեզ հետ… եւ ամէն քայլափոխին նորից մարդիկ ներգրաւուեցին անընդհատ։ Մենք գացինք Կուտինայի Տումլուփընարի Պետական Համալսարանի երաժշտանոցը։ Այնտեղ հանդիպեցանք տեսուչին։ Տեսուչ Լեւենդ Մերճին ողջունեց մեզ, հրաւիրեց երաժշտական ուսուցիչները եւ ծանօթացուց մեզ։ Շատ դրական զրոյց մը տիրեց։ Իրենք չգիտէին Կոմիտասի մասին։ Երբ որ մենք ըսինք ՈՒՆԷՍՔՕ-ն այս տարի հռչակած է Կոմիտասի տարի, շատ հաճելիօրէն զարմացան։ Երաժշտանոցի տեսուչը մեզ ընդունեց եւ լսեց մեր պատմածները։ Իսկոյն արդէն մտան ինթերնեթ եւ տեղեկութիւններ իմացան Կոմիտասի մասին։ Ամէն վայրկեան Կոմիտասի հետ առնչուած նոր գաղափար էր ծնում, որ մենք միասին ինչպէս պէտք է Կոմիտասը ծանօթացնենք ամբողջ Կուտինա։
Անծանօթ քաղաքի մը մէջ ինչպէ՞ս գտաք Կոմիտասի տունը։
Ձիւնագնդի նման աճեցաւ մեր տեղեկութիւնները։ Որտեղ որ կը մնայինք հիւրանոցը, ես պատահական պատ մը հաւնեցայ եւ առջեւը կեցայ, որ Պեսսէն ինծի նկարէ։ Տղամարդ մը տեսաւ ինձ եւ մօտեցաւ «Տուէք ես ձեզ նկարեմ» ըսելով։ Այդ մարդը մեզ հետ խօսեցաւ, թէյ մը խմեցինք եւ երկար զրուցեցինք։ Մենք պատմեցինք որ ինչու եկած ենք, պատմեցինք Կոմիտասի մասին եւ այլն։ Ինքը մեզի ուղարկեց Հնագիտութեան թանգարան ու Հնագիտութեան ինստիտուտ։
Կոմիտասի շունչը մեզ ուղեկցում է եւ գաղափարներու իմաստով եւ գործողութիւններու իմաստով։ Կարծես երկնակամ ուժեր էին աշխատում։ Չեմ կարծեր, որ մեր առանձին ուժերով ասոնք կրնանք ընել, եթէ Կոմիտասին շունչը մեզ հետ չըլլար։ Կոմիտասը փափաք ունէր, որ հայ երգը աշխարհ իմանայ եւ առար աշխարհ ծանօթանայ այդ երաժշտութիւնով։ Ոնց որ մի ներքին պատասխանատուութիւն, կարող է մենք ալ կ՚ուզէինք Կոմիտասին դուրս հանենք այս 150 տարուայ լռութենէն։
Այդ չորս օրը այստեղէն այն տեղ պտըտելով, հանդիպումներով անցուցինք։ Առասպելական եւ գերբնական բան տեղի կ՚ունենար։ Երբ որ գացինք Հնագիտութեան թանգարան, տնօրէնը մեզ լսեց եւ հաստափոր ալպոմ մը բերաւ Կուտինայի մասին։ Այս տարի Կուտինայի մասին նոր ալպոմ, որ հրատարակուի, ինք շատ կ՚ուզէ Կոմիտասի մասին գրուի այդ գրքին մէջ։ Գրքին մէջ յիշուած են նշանաւոր մարդիկ, որ ապրել են երբեւէ Կուտինայի մէջ։ Շատ երեւելի անձերու անունները տեսանք, բայց Կոմիտասի անունը երբեւէ գոյութիւն չունէր։
Ինքը ինձ հարցուց «Կարո՞ղ էք գրել Կոմիտասի մասին»։ Ես «Հարկաւ կարող եմ» ըսի եւ խոստացայ անգլերէն եւ թրքերէն երկու լեզուով գրել։
Յետոյ զանգելով ըսաւ որ իր հիւրերը կը փնտռեն Կոմիտասի տունը։ Որովհետեւ իմ ընկերուհի Ռիթա Քույումճեանը Կոմիտասի մասին գիրք ունի, որին մէջ Կոմիտասի տունի նկարն ալ կար։ Թանգարանի տնօրէնէն իմացանք թէ Կուտինային կուսակալութիւնը կը փորձէ կալուածային փաստաթղթերով փաստել, թէ իսկապէս որն է Կոմիտասի ծնած ու ապրած տունը։
Անշուշտ կարելի չէր «Կոմիտաս» անունով որեւէ արձանագրութեան հանդիպիլ։ Կոմիտաս Սողոմոնի ստացած հոգեւորական անունն էր։ Իսկ ընտանիքը կը կոչուէր Սողոմոնեան։ Խորհուրդ տուի այս անունով որոնել փաստաթղթերը։
Նախորդ օրը ես ու Պեսսէն ուղղուեցանք հայկական թաղերը փնտռելու։ Անընդհատ շրջեցինք այդ թաղը, բայց տունը չգտանք։ Լուսանկարը ունէինք մեզ հետ։
Գացիք տեսակ տունը ի՞նչ զգացիք։
Մենք սկիզբէն մինչեւ տունը գտնելը ամսուն 26-ին մտածեցինք ինչպէ՞ս նշենք Կոմիտասին ծննունդը։ Ես Հայաստանէն խունկ, մոմ բերած էի այդ նպատակով։ Յատուկ պատարագ էի ձայնագրած, որ այստեղ լսենք։ Պատարագի այն մասը որ Կոմիտասի պատարագէն «Տէր Ողորմեան»էր։ Միասին բերած էի նաեւ Կոմիտասի եօթ-ութ երգերը որ արխիւում իրեն ձայնով մնացած էր։ Մենք որոշեցինք որ գտնենք այն եկեղեցին, որ Կոմիտասի հօրեղբայրը ու հայրը դպիր էին։ Գնացինք գտանք փակ դարպասը։ Դարպասի այն կողմը ինչ կը կատարուէր արանքէն նայեցինք՝ միայն շուն մը կար ընդամէնը եւ այն շունը մէկ անգամ իսկ չհաչեց մեզ։ Մէկ ժամ այդ փակ դարպասին ետեւ եղանք։ Մարդու մը հետ ծանօթացանք, այդ մարդը զանգեց տան տարածքի տիրոջը եւ հարցուց թէ կարելի է բացեն դուռը, որ մենք տեսնենք։ Թոյլ չտուաւ մարդը։ Դարպասի այս կողմը մոմերը վառեցինք, խունկը ծխացրինք, «Տէր Ողորմեան» միացուցինք եւ յետոյ Պեսսէն երգեց։ Այդ ամէնը լուսանկարներով կայ։
Յաջորդ օր առաջնորդուեցանք դէպի մեր ման եկած տունը։ Բայց տակաւին վստահ չէինք թէ հաստատօրէն այս է Կոմիտասի ծնած ու ապրած տունը։ Նկատեցի որ այստեղ մարդիկ այնքան ալ հիւրընկալ չեն։ Բայց նորէն ալ մեզ առաջնորդողի խնդրանքը չմերժեցին եւ արտօնեցին որ ներս մտնենք ու նկարենք։
Յաջորդ օր հիւրանոցին մէջ ինծի համար հրաշք մըն էր պատահածը թակեցի Պեսսէի դուռը եւ գոռացի՝ «Վեր կա՛ց»։ Խեղճ Պեսսէն այս յանկարծակիի դիմաց սոսկաց էր, պահ մը կարծած էր թէ կրկին երկրաշարժ եղաւ Պոլիս։ «Վեր կա՛ց, դուրս եկուր ու լսէ», կրկնեցի ես։ Պեսսէն շուտով ելաւ սենեակէն եւ նոյն զարմանքով լսեցինք Կոմիտասեան երաժշտութիւնը, որ պատած էր հիւրանոցի բոլորս սրահները, բոլոր յարկերը, բոլոր նրբանցքները։ Պարզուեց որ հիւրանոցի տիրոջ պատրաստած անակնկալն է։ Մեզմէ իմացած էր Կոմիտասի մասին եւ համացանցի միջոցաւ ալ աւելի զարգացուցած իր գիտելիքները։
Ես ուխտս կատարած եմ եւ Կոմիտաս ծննդեան 150-ամեակին կ՚երգէ իր ծննդավայր քաղաքին մէջ։