«Փարոս» հրատարակչատունը բացի գեղարուեստական պարբերականի մը հրատարակութենէն ստանձնած է նաեւ կարեւոր առաքելութիւն մը, որն է զանազան միջոցներով օրակարգ ստեղծել դարձեալ գեղարուեստի ոլորտի մէջ։ Ահա այս սկզբունքի հիման վրայ «Փարոս» կը պատրաստուի իր հրատարակութեան իննամեակը նշել յատուկ հրատարակութիւնով մը, որ նիւթ կ՚ունենայ բնագէտ Յովհաննէս Յակոբ Մանիսաճեանի պատմութիւնը։
Մանիսաճեանի կեանքն ու գործը յայտնութիւն մըն է շատերուս համար, որ կը պարտինք երկու ակադեմականի, բուսաբան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Պատմութեան մասնագէտ Տոց. Էմինէ Ալչըթեփէի եւ դարձեալ ակադեմականի մը՝ Կալիպ Ալչըթեփէի ուսումնասիրութիւններուն։
Գիրքը Մանիսաճեանի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ, զատ արժէքաւոր գիտելիքներ կը ներկայացնէ Մարզուանի երբեմնի Ամերիկեան քոլէժէն։ Այս ուսումնասիրութեան շնորհիւ կը ծանօթանանք այս հաստատութեան կազմին մէջ տեղ գտած բնագիտութեան թանգարանին, որ իր կարգին օրինակ հանդիսացած է Տարսոսի Սեն Փոլ ինստուտուտի եւ Այնթապի Կեդրոնական քոլէժի նման բնոյթի թանգարաններուն։
Այս մասին հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ Յովհաննէս Յակոբ Մանիսաճեան կը նկարագրուի, որպէս բազում գիտելիքներու տիրապետող գիտնական։ Ան նաեւ կը տիրապետէ հայերէն, թրքերէն, արաբերէն, պարսկերէն, եերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ լատիներէն լեզուներու։
Գիրքի շնորհանդէսը պիտի կայանայ 6 Նոյեմբեր 2019 չորեքշաբթի ժամը 18.30-ին Յունաստանի Իսթանպուլի Հիւպատոսարանի Սիսմանոկլիօ Մեկարօ շէնքին մէջ։ Ելոյթներով հանդէս պիտի գան փրոֆ. Արուս Եումուլ եւ գիրքին զոյգ հեղինակները։