Փարթամ կին էր։ Ունէր սահուն կոր գիծեր, հարուստ եւ պարուրուած ծալքեր, ճոխ զիստ, իրանի լայն օղակներ, իսկ աւելի վերը՝ պարարտ կաթնտու յարմարանքներ։ Այտե՞րն անոր... Սիրունատես էին, որոնց վրայ կարծես կախուած ըլլային երկու խնձորներ։ Եւ, անոր բրոնզէ ծիծա՜ղը, սառած, գրեթէ յաւերժական։ Այս կինը իր մարմնական բարեմասնութիւնները կտոր մը իսկ ծածկելու պէտք չէր ունեցած, ամօթալի վիճակ, եթէ նկատի առնենք, թէ արեւելեան բաղնիքի մը գոլորշիին մէջ չէր գտնուեր ան, այլ՝ մայրաքաղաքի մը բազմամարդ հանրային պարտէզի մէջ։ Աւելին՝ արուեստով կոփուած իր շնորհները անհուն գթութեամբ մը ամէն օր կը բաժնէր բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ մեզի՝ հայրենիք այցելող խումբին.
- Պարոն, ի՞նչ է ասիկա։
- Եթէ քրքջալդ դադրեցնես կը պատասխանեմ... Փաթիլ, ասիկա քոլոմպիացի աշխարհահռչակ ժամանակակից արձանագործ Պոթերոյի ստեղծագործութիւնն է, արուեստի կտոր մը։
- Խոշո՜ր կտոր մը։
- Փոքրիկ չէ, կ՚ընդունիմ։ Պատճառը այն է, թէ նախատեսուած է հանրային ցուցադրութեան համար։
Արձանին շուրջ կը սկսին միւս աշակերտներն ալ հաւաքուիլ։ Զարմանքի ալիքը կ՚անցնի ու անոնք առատօրէն կը լուսանկարեն այդ բրոնզէ մերկութիւնը։ Այժմ, պատանիները թող կշտանան այդ անակնկալ տեսարանը դիտելէ, իսկ մենք քիչ մը զրուցենք «մերկ»ի գեղեցկօրէն զգեստաւորուած պատմութեան մասին։
Սակաւաթիւ են այն բառերը, որոնք կրնան յաւակնիլ «մերկի հնութեան հասնիլ, քանզի այս բառը Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութեան պտուղն է։ Բառը հայկական գրաւոր լեզու չմտաւ «մօրմէ մերկ»։ Աստուածաշունչը ունի 49 հատ «մերկ», եօթը հատ «մերկութիւն», երկու հատ «մերկանդամ» եւ մէկ հատ «մերկապարանոց»։ Ծննդոց գիրքի մէջ կը գտնենք հետեւեալ վկայութիւնները. «Եւ էին երկոքեան մերկ, Ադամ եւ կին իւր» եւ «Գիտացին զի մերկ էին»։ 5-րդ դարուն երբ հայկեան բառերը մատենագիրներուն կը ներկայանային՝ «մերկ» միավանկը արդէն ունէր պաճուճուած արտաքին եւ պատկերալից արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Գլուխ նորա մերկ» եւ «Սուսեր մերկ ի ձեռին նորա»։ Շատ ժամանակ չանցաւ, որ բառը իր վրայ առնէր փոխաբերական իմաստներ։ Այլեւս, ան ո՛չ թէ միայն «տկլոր» էր, այլ նաեւ՝ պատեանէն հանուած (սուր), բուսականութենէ զուրկ (լեռ), տերեւներէ զուրկ (ծառ), անզարդ (սենեակ), ինչպէս նաեւ՝ բացայայտ (աղքատութիւն)։
Հարուստ է անոր հանդերձադարանը, ուրկէ կախուած են բարդ եւ ածանց բառերու ընտրանի մը՝ 56 կտորէ բաղկացած։ Բոլորը հագնիլ կարելի չէ, բայց փորձենք քանի մը աչքառու նմոյշ. մերկաթեւ, մերկալանջ, մերկախօս, մերկատիտ եւ մերկոտն։
Յունարէն «γυμνάσιον» (եիմնասիոն) բառի նմանողութեամբ ենք շինած հետեւեալ բոյլը. մերկամարտ, մերկամարտութիւն, մերկամարտիկ, մերկակրթութիւն եւ մերկակռիւ։ Պատճառը այն է, թէ հին Յունաստանի մէջ մարմնամարզանքը պէտք էր կատարուէր՝ մերկ, որպէսզի մարզիկը կարենար իր գեղակերտ նրբութիւնները ցուցադրել։ Դուք արդէն կռահեցիք, թէ «եիմնոս» բառը կը նշանակէ՝ մերկ։ Ուրախ ենք, որ այսօր աշխարհաբարը «մերկարան»ի փոխարէն կ՚օգտագործէ «մարզարան» բառը։ Իսկ աշխարհի բազմաթիւ լեզուներ եւ անոնց մարզիկները որդեգրած են «gymnasium» բառը, առանց գիտակցելու, թէ բուն ի՛նչ կը նշանակէ ան։ Յիշել կ՚արժէ, թէ մեր գրաբարախօս հիները ըսեր են. «Մերկ ընդ մերկ մարտնչել»։ Ըմբշամարտի նկարագրութիւնն էր անիկա։ Իսկ հայկական մատեանները լի են ուշագրաւ մերկութիւններով, այսինքն գրական արտայայտութիւններով, որոնք ծալք-ծալք ընկողմացած են մեր մագաղաթներուն վրայ։ Նայուածք մը նետենք այդ գեղեցկութիւններուն. «Մերկապարանոց լուսաւորութիւն», «Մերկացաւ մեղօք», «Մերկագլուխ (համարձակ) պատմեցէ՛ք», «Մերկամարտ նահատակութիւն», «Մերկասցի զպատմուճանն իւր»։
Իսկ, դուք գիտէ՞ք, թէ Մուշը ինչո՛ւ այդպէս անուանուած է։ Վաղնջական ժամանակներուն երբ Աստղիկը Արածանիի ջուրերուն մէջ գիշերային լոգանք կ՚ընդունէր, հայ կտրիճները բլուրներու վրայ խարոյկներ կը վառէին անոր գեղեցկութեան հիանալու համար։ Սակայն, աստուածուհին Տարօնի դաշտը մշուշով կը պատէր ու կը քօղարկէր իր մերկութիւնը։ Այնուհետեւ, գաւառը կոչուեցաւ նախ Մշուշ, ապա՝ Մուշ։
Եւ եկաւ բանաստեղծներու եւ աշուղներու նոր սերունդ մը, որ «մերկ» բառի վրայ զետեղեց պսպղուն զարդեր, ինչպէս հայուհիի զգեստաւորումը կ՚ամբողջանար նախշազարդ գլխազարդով, մետաքսեայ վզնոցով եւ արծաթափայլ գօտիով։ Այդ հոսանքի մէջ, նախ Դանիէլ Վարուժանը հեթանոսացաւ.
«Մերկ ըլլաս դուն բանաստեղծի մ՚հոգւոյն պէս»
«Եւ հեթանոս այդ մերկութեանդ ներքեւ»։
Վարուժանի գծած մէկ այլ պատկերի մէջ հողը կը պատրաստուէր մայրանալու. «Սերմանողն է... Ոտքին առջեւ անդաստաններն հայրենի / Կը տարածեն մերկութիւննին անպարոյր»։ Սիամանթօն կարդաց մանուկ միտքերը. «Մեսրո՜պ,... Դո՜ւն մանուկներու մերկ ուղեղէն / Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող, / Գիտակցութեանց անգի՜ւտ փարոս»։ Այդ տղաները առատօրէն գործածեցին նաեւ «սուր մերկացնել» արտայայտութիւնը, եւ սա պատահական չէր, քանզի անոնք հայրենիքի ազատագրման գաղափարով ամրացուցած էին իրենց գօտիները, եւ պէտք ունէին հին օրերու փառքի պատկերներուն։ Վարուժանը նկարագրեց հայոց արքաներու խիզախութիւնը. «Թուրը մերկ միշտ ափին մէջ շողարծարծ... Գնաց թամբեց երիվարն ու խաւարին մէջ, անտես, անհետացաւ քառատրոփ, փայլակնացայտ ամպի պէս»։ Արշակ Չօպանեանը հիացաւ Աշոտ Ողորմածին. «Ու կը տեսնեմ ահա պատկերն ալ առնագեղ / Մերկ սուրերուն կայծակնացայտ ընդհարումին»։ Սիամանթօն շարունակեց, «Թոյլ տուէք որ ձեր ամէն մէկուն պատեանէն / մերկացած սուրը պողպատէ / Սա՚ մեր քարուտ, ու դաժան, ու մութ ու անողորմ ճամբան... / Մինչեւ Նպատակը լուսաւորէ»։
Այդ սուրը մնաց օդի մէջ, սառած, ու մեր մերկութիւնը, որ բանաստեղծական էր, իմացական, դիցաբանական, երբեմն ռազմաշունչ եւ հերոսական, հանդիպեցաւ օտարի աչքին, որ մեզի նայեցաւ այսպէս. «Ստրուկներ էք, պէտք է պարէ՛ք եւ մերկանդամ եւ հոլանի», «...Յետոյ ջահով մը բռնկեցուցին մերկ մարմինները հարսներուն»։ Սիամանթօն էր այդ պատկերներու դիմաց աղաղակողը։ Իսկ Վարուժանը ականատես եղաւ մէկ այլ ողբերգութեան. «Սեպ ժայռին դէմ խաչեր են եօթը այրեր մերկանդամ / Դահճապետներն հեռացեր են խաւարին մէջ արդէն»։ (Ուրախ եմ, որ աշակերտները ասդին չեն նայիր, անոնք դեռ կը դիտեն բրոնզէ արձանը)։
Բայց, յետոյ, իր ինքնութեան վերադարձաւ «մերկ»ը։ Թումանեանը իմաստութիւն տուաւ անոր. «Մինչեւ էսօր իմ օրում / Մարդ չեմ տեսել ես շորում. / Մարդը մերկ է ու անինչ, / Սիրտ ունի լոկ իր փորում», Գուսան Շերամը սիրերգեց. «Գալիս եմ դուռդ իբրեւ մերկ աղքատ, / Մի լինիր անսիրտ, եղիր գթառատ»։
- Փաթիլ, դասընկերներուդ կ՛ըսես, որ երթալու ժամն է, վերադառնանք հանրաշարժ։
- Հիմա ո՞ւր, պարոն։
- Սասունցի Դաւիթ, որ ունի մերկացած սուր։
- «Մերկացած սուր» ի՞նչ է։
- Հանրաշարժի մէջ կը պատմեմ։
Ճամբան հաճելի դարձնելու համար վարորդը կը բանայ ձայնասփիւռը։ Հանրաշարժի մերկութիւնը կը լեցուի Ռոպէրթ Ամիրխանեանի ձայնով եւ Ալիսիա Կիրակոսեանի խօսքերով. «Ներիր ինձ, / Ես քեզ ցաւ եմ պատճառել... / Սէրը այդպէս է, / Դառն է, / Յօշոտող... / Իմ հոգին բոց է / Ու մերկ է որպէս / Մերկութեան նկար... / Եւ մերկ ոտքերին / Մեղքի թելեր են / Խճճուել ահա»։