Արգիլուած է պատերազմին «Պատերազմ» ըսել

Թուրքիոյ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին դէմ գործադրած զինեալ գործողութիւնը պատերազմ ըլլալով որակողներուն դէմ դատախազութիւնները հարցաքննութիւն կը կատարեն «Սեւ քարոզչութիւն» կատարելու մեղադրանքով։

Այսպէս բերման ենթարկուած 186 անձերէն 24-ը ձերբակալուած են։ Հարցաքննութիւններէն զերծ չեն մնացած նաեւ քաղաքական գործիչները։ Արդարեւ Հանրապետական կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու եւս հարցաքննուեցաւ նոյն մեղադրանքով։ Անշուշտ որ դատախազներու այս ուղղութեամբ գլխաւոր թիրախը դարձած է ՀՏՓ-ական քաղաքական գործիչները։ Անոնցմէ ինը անձեր բերման ենթարկուելէ ետք, ձերբակալուած են նաեւ եւ ղրկուած են զանազան բանտեր։ Ձերբակալուածներու մէջ են ՀՏՓ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի համանախագահ Մութլու Էօզթիւրք, Ալի Էտիփալի, Հիւսէյին Ֆիտանպայ, Մ. Էմին Էլմա, Միւսլիւմ Քըլըչ, Նէժլա Քըլըչ, Սէֆա Ալչը, Սոնկիւլ Չելիք։

Դատարանը «Ոչ պատերազմին, խաղաղութիւն իսկոյն հիամ» կարգախօսը ահաբեկչութեան քարոզչութիւն ըլլալով գնահատած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ