ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ յեղափոխական շարժումի առասպելացած անուններէն մէկն է Օրհան Պաքըր։ Իր գործին ձօնուած վաւերագրականը 13 Հոկտեմբեր Կիրակի օր ցուցադրուեցաւ Տիվրիղիի հայրենակցական միութեան դահլիճին մէջ։
Ֆիլմի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած էր Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքը եւ այս ցուցադրութիւնը կը դիտուէր, որպէս Իսթանպուլի մէջ առաջին ներկայացում։
Վաւերագրականը կը կրէր նաեւ «Ճակտին թուրի Սպին» ենթախորագիրը։ Արդարեւ բեմադրիչ Նուրճան Եըլտըրըմ իր պատումը կը հիւսէր 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրածներու տառապալի պատմութեան հիման վրայ։ Նման բնոյթի վաւերագրական ֆիլմերու դէմ յանդիման մնացած գլխաւոր վտանգն է շարժանկարի արուեստի թելադրած դրութիւնները առանց արդարացնելու լոկ հարցազրոյցի մը բնոյթով ներկայանալ հանդիսատեսին։ Բարեբախտաբար Նուրճան Եըլտըզ յաջողած էր ձերբազատուիլ նման վտանգաւոր հաւանականութենէ եւ իր նկարահանած տեսանիւթերով գտած էր սինեմայի յատուկ պատմելաոճի մը եղանակները։
Այստեղ ուշագրաւ էր նաեւ անոր երաժշտական ազդեցութենէն օգտուելու միջոցները։ Այս բոլորով միասին ֆիլմը, թէ կ՚ունենայ գեղարուեստական որակ եւ թէ կը յաջողէր իր առաքելութեան մէջ, որն է ՝ նոր սերունդներուն ծանօթացնել Արմենակ Պաքըրճըեանի խիստ կարեւոր վաստակը։
Ֆիլմի ցուցադրութենէ ետք ելոյթ ունեցան Բագրատ Էսդուգեան եւ Իպրահիմ Էքինճի։ Էսդուգեան, անդրադարձաւ Արմենակ Պաքըրճըեանի համաշխարհայնացման ձգտումներուն։ Իսկ Իպրահիմ Էքինճի այս առթիւ շնորհաւորեց Արմենակի զինընկերները, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին ֆիլմի արտադրութեան։