Թրքահայ համայնքէ ներս, երբ օր ըստ օրէ կը նուազի հայախօսութիւնը, ինքնաբերաբար ուշադրութիւնները կ՚ուղղուին մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան։ Այսպէս թափ կը ստանան մատղաշ սերունդին հաճելի թուացող հրատարակութիւններ եւ ձեռնարկներ։ Համացանցի վրայ մանուկներու ուղղեալ հայերէն հէքեաթներ սփռող «Փոքրիկ» նախաձեռնութիւնը այժմ կը պատրաստուի ամբողջ տարուայ տեւողութեամբ շարունակելի միջոցառման մը, որ կը կոչուի «Հէքեաթատօն»։
Մանկանց լսելու, ըմբռնելու, մեկնաբանելու, երազելու եւ ստեղծելու ընդունակութիւնները զարգացնելու միտումով կը ձեռնարկուի շարք մը ծրագիրներու իրականացման։
«Հէքեաթատօն»ը կը ծաւալի ամբողջ տարուայ մը տեւողութեամբ եւ կը շրջի քաղաքիս բոլոր վարժարանները։ Կը նախատեսուի աշխատանոցներ ուղեկցութեամբ Թալին Չորթան Կարիպկիւնի, Լարա Նարինի եւ Թարա Տեմիրճիօղլուի։
Հայալեզու աշխատանոցներու մէջ երախան առիթ պիտի ունենայ, թէ սորվելու եւ թէ իր միտքերը արտայայտելու համար։ Սա շատ կարեւոր երեւոյթ է, որովհետեւ գիտենք թէ աւանդական ուսման համակարգը փոխանակ կարծիք արտայայտելու աշակերտին կը թելադրէ խիստ ընդունակութիւն եւ այդ ալ ապահովել կը փորձէ, նոյնքան խիստ կարգապահութեամբ։
45 վայրկեան տեւողութեամբ նախատեսուած աշխատանոցներու ընթացքին կազմակերպիչները կը փորձեն աշակերտի արտայայտչական կարողութիւնները դուրս բերել եւ օգտագործել այս եղանակով գոյացած ինքնավստահութիւնը։
Երբ արդէն իսկ ոգեւորուած ենք նման նախաձեռնութիւններ աւետելու տրամադրութիւնով վրայ կը հասնի ուրախութեան նոր դրդապատճառ մը, որն է մանկական գրականութեան նմոյշներու յայտնութիւնը։ «Հիփփօ» հրատարակչութիւնը հրատարակած է եւրոպական մանկական գրականութենէ նմուշներ, հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով։ Ժերալտին Քոլէ եւ Քերասքոյէի կողմէ գրի առնուած «Պզտիկ դպրոցական պայուսակ, մեծ արկած» գիրքը հայերէնի թարգմանուած է Սեւան Տէյիրմենճիեանի կողմէ։ Իսկ Լեզլի Պառնզի կողմէ գրուած «Ժիլն ու վիշապը» թարգմանուած է Թապիթա Թոփարլակի կողմէ։
Այս պահուն դարձեալ հետեւելով նախորդ փորձերուն, մը մատնուինք մտածելու թէ մեր մանկավարժական համակարգը ի՞նչ հետաքրքրութիւն ցոյց պիտի տայ այս շատ կարեւոր նախաձեռնութեան եւ հրատարակութիւններուն։